28 հոկտեմբեր 2015
Սթամպուլի Թուզլայի շրջանին մէջ գտնուող հայկական մանկատունը` «քամփ Արմէն» անունով յայտնի ամառնային ճամբարը, վերադարձուած է հայ համայնքին: Ըստ Ermenihaber.am-ին՝ «Քամփ Արմէն»-ի սեփականութեան վկայականը յանձնուած է Գետիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Լուրը հաստատած է նաեւ հիմնադրամի փաստաբան Սեպուհ Ասլանգիլը:
Յիշեցնենք, որ «Քամփ Արմէն» հայկական ճամբարը Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող լքեալ ու կիսաքանդ շինութիւն մըն է: Ներկայիս աւերակի վերածուած շինութիւնը ժամանակին եղած է չքաւոր ու որբ հայ երեխաներու ամառնայինճամբարը: 8.552 քմ տարածք զբաղեցնող «Քամփ Արմէն»-ը 1961 թուականին գնուած է հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամի կողմէ եւ ծառայած է որպէս ամառնային ճամբար` Գետիկփաշայի հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներուն համար: Յայտնիէ, որ այստեղ մեծցաց են նաեւ 2007-ին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը՝ Ռաքել Տինքը: Յետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքի ձեռքէն:
2015 Մայիս 6-ի առաւօտեան ճամբարի ներկայիս սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ սկսած էր ճամբար-մանկատան կազմաքանդումը, սակայն կարճ ժամանակ անց Թուրքիոյ հայկական համայնքի սկսած բողոքի լայնածաւալ աշխատանքին շնորհիւ շինութեան քանդումը ժամանակաւորապէս հնարաւոր եղած էր դադրեցնել: Այսօր` Հոկտեմբեր 27-ին, երբ ճամբարը վերադարձուեցաւ հայ համայնքին, լրացաւ քնադումը թոյլ չտալու նպատակով «Քամփ Արմեն»-ի մէջ սկսած հերթապահութեան 175-րդ օրը:
ԵՐԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com