Նախաձեռնութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորում` Ստեփանակերտի Մէջ

08 ՄԱՅԻՍ 2019

ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու օրակարգով:

Ֆորումին կը մասնակցէին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող` այդ գաղափարի քանի մը տասնեակ կողմնակիցներ:

Ֆորումի կազմակերպութեամբ պիտի ազդարարուի երկու հայկական պետութիւններուն միջեւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքելու հոլովոյթին մեկնարկը: Ընդունուած է հռչակագիր եւ կեանքի կոչուած կազմակերպական կոմիտէ, որ պէտք է կազմակերպէ  համահայկական ստորագրահաւաք` ի պաշտպանութիւն Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի:

Նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի նոր ազդակ հաղորդելու Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին:

Հայկական Կողմերը Պարտաւոր Են Ամրապնդելու Իրենց Պաշտպանութիւնն Ու Անվտանգութիւնը

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ համապարփակ համագործակցութեան եւ փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման: Ան ըսած է, թէ փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է իրաւապայմանագրային հիմքեր ապահովել եւ այս նպատակադրումը լիովին համահունչ է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն, անիկա կը բխի արցախեան տագնապի լուծման ներկայ հոլովոյթին պայմանաւորուած մարտահրաւէրներէն եւ խնդիրներէն:

Ռուստամեան ըսած է. «Ակնյայտ է, որ մարդու տարրական իրաւունքները չեն կրնար շարունակաբար ոտնահարուիլ կամ անտեսուիլ, իսկ մարդասիրական ծրագիրները արգելափակել կամ կասեցնել միայն այն պատճառով, որ շուրջ 30 տարի է, որ ղարաբաղեան տագնապը լուծելը կարելի չ՛ըլլար: Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ սերունդ մը զրկուած է տարրական իր այս իրաւունքները լիարժէքօրէն գործադրելու եւ միջազգային մարդասիրական ծրագիրներէն լիիրաւօրէն օգտուելու կարելիութենէն: Այս անարդարութեան վերջ դնելը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքն է, այլեւ միջազգային հանրութեան եւ միջնորդ կողմերու  հիմնական պարտաւորութիւնը: Հայկական կողմերը պարտաւոր են ամրապնդել իրենց պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Շարունակելով խօսքը` Ռուստամեան ըսած է. «Ակնյայտ է նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած որեւէ ռազմական գործողութիւն կամ սպառնալիք միեւնոյն ժամանակ ուղղուած պիտի ըլլայ անմիջականօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան: Հետեւաբար երկու հայկական պետութիւններուն համար, միասնական անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգ ձեւաւորելը բնական ու կենսական պահանջ է»:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի արտասանած ամբողջական խօսքը կու տանք հետագային:

Կիրօ Մանոյեան. «Մեր Յաջողութեան Միակ Գրաւականը Միասնականութիւնն Է»

Հայաստան-Արցախ ռազմաքաղաքական դաշինքը վերջին փամփուշտը չէ մեր զինանոցին մէջ, վերջին փամփուշտը Հայաստան-Արցախ վերամիացման յայտարարութիւնն է, բայց մինչ այդ անհրաժեշտ է ունենալ Հայաստան-Արցախ իրաւապայմանագրային յարաբերութիւններ, որոնք, ի վերջոյ, պիտի յանգեցնեն անոր. «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին տեսակէտ յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ  քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

«Այսօր կարելի չէ 180 աստիճանի շրջադարձ կատարել եւ գործի դնել այդ 1989-ի վերամիաւորման որոշումը, բայց անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ քայլեր առնել` անկախ անկէ, թէ ո՛վ ինչպէս կը նայի անոր: Դիւրին պիտի չըլլայ, բայց ատիկա դիմագրաւելը եւ մեր յաջողութեան միակ գրաւականը միասնականութիւնն է», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

Համբարձումեան. «Վերաբնակեցման Խնդիրը Պէտք Է Դառնայ Առաջնային»

«Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան, որ անդրադարձած է Արցախի վերաբնակեցման կարեւորութեան եւ ըսած, որ վերաբնակեցման խնդիրը պէտք է դառնայ առաջնային հարց:

Ելոյթին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային:

Մարգարեան. «Պէտք Է Կարենանք Դիմակայել Ու Յաղթել Այս Գոյամարտը»

Այսօր բոլորը ունին վտանգի կանխազգացում, ահա թէ ինչու ՀՅԴ-ն նախաձեռնած է ֆորումը. Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած  «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի ելոյթին սկիզբը  նշած է ՀՅԴ գործիչ Հրանդ Մարգարեան:

Ըստ անոր, վտանգը այն է, որ մեր ժողովուրդին մէկ մասը կ՛ենթադրէ` քանի դեռ պատերազմի վտանգ կայ, քանի դեռ մեծաթիւ բանակ պահելու անհրաժեշտութիւն կայ, ուրեմն Արցախը բեռ է, եւ, որքան կարելի է շուտ, պէտք է ազատիլ այդ հարցէն: Հրանդ Մարգարեանի կարծիքով` կայ նաեւ  այլ մօտեցում մը, որ Արցախը հնարաւորութիւն է, ազդակ, որ հայ ժողովուրդը իր գօտին պինդ պահէ:

Ղուլեան. «Հայկական Միասնական Տարածքի Այս Փոխկապակցուածութիւնն Է, Որ Մեզ Աւելի Կը Զօրացնէ Հայրենիքի Մէջ»

«Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի բացման, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ուղղած է ողջոյնի խօսք, որուն մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններուն:

Ան ըսած է. «Անշուշտ, անկարելի է պատկերացնել Արցախը առանց Հայաստանի եւ հակառակը. մայր հայրենիքը` առանց Արցախի: Հայկական միասնական տարածքի այս փոխկապակցուածութիւնն է, որ մեզ աւելի  կը զօրացնէ հայրենիքի մէջ, իսկ սփիւռքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հաւատք ու վստահութիւն կը ներշնչէ մեր ազգային նպատակներուն միահամուռ հասնելու ձգտումներու նկատմամբ»:

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան. «Պատերազմական Վիճակի Մէջ Ենք, Ասկէ Ալ Վատ Վիճակը Ո՞րն Է»

ՀՅԴ-ի կազմակերպած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումէն ետք լրագրողներուն հետ կարճ զրոյց մը ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:

Ան ըսաւ, որ համաձայնագիր ունենալը անհրաժեշտութիւն է, եւ յստակացուց, որ անիկա տէ ֆաքթօ կար, բայց կարիք կայ, որ տէ ժիւրէ ալ ըլլայ: «Եթէ տէ ժիւրէ ունենանք այդ պայմանագիրը, անիկա կրնայ լայն բանալ Հայաստանի թեւերը, գործելու սահմանները», նշեց սրբազանը:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տեսակէտ կայ, որ դաշնագիրի կնքումը կրնայ բարդացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ մեր յարաբերութիւնները, ան  արձագանգեց. «Ասկէ ալ աւելի վատ վիճա՞կ. պատերազմական վիճակի մէջ ենք, ասկէ ալ վատ վիճակը ո՞րն է: Ամէն օր կը կրակեն սահմանին»:

Դաւիթ Շահնազարեանի Ելոյթը

«Այսօր մենք կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր գոյութիւն չունի միջազգային իրաւունք, գոյութիւն չունի անվտանգութեան այն համակարգը, որ  ձեւաւորուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Այսօր կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր բարեկամիս բարեկամը կրնայ ըլլալ մեր թշնամին, եւ թշնամիին դաշնակիցը կրնայ ըլլալ նաեւ դաշնակիցս: Այս իրավիճակին մէջ աւելի կարեւոր կը նկատեմ, որ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքէն ետք նոր թափ հաղորդուի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին: Եւ այս խնդիրը բանակցային սեղանի վրայ չէ, որ իշխանութիւններու կողմէ չէ միայն, որ պիտի լուծուի», «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» համաժողովին ելոյթի ժամանակ ըսաւ քաղաքական գործիչ Դաւիթ Շահնազարեան:

Սողոմոնեան. «Կան Խնդիրներ, Որոնք Այս Նախաձեռնութեան Շրջագիծին Մէջ Պիտի Կարենանք Լուծել»

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան ելոյթ ունեցած է «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին, որուն ընթացքին ըսած է. «Ես կը կարծեմ յստակ խնդիրներ կան, որոնք այս նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ պիտի կարենանք լուծել: Ես կը կարծեմ` նոյնիսկ կրնանք այս նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ մշակել գործողութիւններու այնպիսի համակարգ, որ թոյլ կու տայ ամէնօրեայ դրութեամբ զբաղիլ մեր առջեւ  դրուած խնդիրներու լուծումով` Հայաստանի եւ Արցախի համարկումի խնդիրներով»:

Իր խօսքի աւարտին Վիքթոր Սողոմոնեան ըսած է. «Կը դիմեմ Դաշնակցութեան գործընկերներուս, առաջարկելով, որ Հայ դատի գրասենեակները պաշտօնապէս վերանուանուին Հայ դատի եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գրասենեակներ: Անոնք կրնան նպաստ բերել այդ գործին, բոլորս լծուինք անոր, այդ գրասենեակները աշխատեցնելուն»:

«Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորումը Ընտրեց Կազմակերպական Կոմիտէ

Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ  նախաձեռնուած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումը  աւարտելով իր աշխատանքները ընտրած է կազմակերպական կոմիտէ` կազմուած 15 անդամներէ, 3-ը` Արցախէն, 8-ը` Հայաստանէն, 4-ը` սփիւռքէն: Կազմակերպական կոմիտէի անդամներն են` Վարդգէս Բաղրեան (Արցախ), Գագիկ Պետրոսեան (Արցախ), Դաւիթ Իշխանեան (Արցախ), Արմէն Ռուստամեան (Հայաստան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Իշխան Սաղաթէլեան (Հայաստան), Գեղամ Մանուկեան (Հայաստան), Դաւիթ Շահնազարեան (Հայաստան), Սերկէյ Բագրատեան (Հայաստան), Գեղամ Նազարեան (Հայաստան), Ռուբէն Մելիքեան (Հայաստան), Մասիս Աբրահամեան (Հոլանտա), Սէյրան Բաղդասարեան (Ռուսիա), Մելիք Գարագաւորեան (Լիբանան), Վաչէ Թովմասեան (Միացեալ Նահանգներ):

Ֆորումի մասնակիցներուն առաջարկները կազմակերպական կոմիտէն քննարկումներէ ետք պիտի ընդգրկէ հռչակագիրին մէջ:

aztagdaily.com/archives/436718

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail