Շուշին Հիմքն Էր Մեր Բոլոր Յառաջիկայ Մեծ Յաղթանակներուն Եւ Յաջողութիւններուն

08 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄՇԱԿՈՅԹ:

Երէկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբի եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղադրուեցաւ մանրակերտ, որ կը ներկայացնէ Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը:

«Շուշին հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարներու բոլոր ժամանակներուն մէջ ունի յատուկ տեղ, թէկուզեւ այն պատճառով, որ բաւական երկար ժամանակահատուած ետք հայ ժողովուրդը վերջապէս յաջողեցաւ իսկապէս ռազմաքաղաքական մեծագոյն յաղթանակ տանիլ: Անկէ ետք իսկապէս շրջադարձ եղաւ թէ՛ Արցախեան պատերազմին, թէ՛ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ: Շուշին հիմքն էր մեր բոլոր յառաջիկայ մեծ յաղթանակներու եւ յաջողութիւններու», «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Թաթուլ Յարութիւնեան:

ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Անդրանիկ Ափոյեանի կարծիքով ալ` Շուշիի ազատագրումը մեր յաղթանակներու եւ մեր ոգիի կայացման սկիզբն է: «Ասիկա մեծ յաղթանակ է եւ մեր համախմբուածութեան միասնութեան խորհուրդը», նշեց ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի համաձայն, Շուշիի ազատագրումը արցախեան ազատամարտի ամէնէն ցցուն յաղթանակն է ու դարձած է ազատամարտի խորհրդանիշը:

ՀՅ Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Տարօն Ղազարեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեան նպատակը Շուշիի ազատագրման հոլովոյթը մեր հանրութեան ներկայացնելն է:

aztagdaily.com/archives/436715

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail