Պիելոռուսիան Պիտի Շարունակէ Օգնել Ազրպէյճանի Բանակին

08 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցած է այցելութեամբ Ազրպէյճան գտնուող Պիելոռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի` պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօր. Օլեկ Պելոքոնեւի հետ:

Ազրպէյճանական «Ռուս.աքսար» կայքը` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան մամլոյ ծառայութեան յղում կատարելով, նշած է, որ հանդիպումի ժամանակ կողմերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են զինուորական, սպառազինական եւ ռազմակրթական ոլորտներուն մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ միացեալ գործունէութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ` ընդգծելով այս ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը:

Կողմերը դրական գնահատած են ազրպէյճանական բանակի` պիելոռուսական արտադրութեան զէնք-զինամթերքով զինումը:

Քննարկելով սպառազինական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ` կողմերը որոշած են Ազրպէյճանի բանակի մարտունակութեան բարձրացման ուղղուած նոր, մեծ նախագիծերու իրականացման ուղղութիւնները:

aztagdaily.com/archives/436717

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail