Հայերէնի Վերականգնումը «Հայաստան-Սփիւռքներ»-ի Ազգային Իրաւ Ինքնութեան Նուաճման Խնդիրն Է

Բարեմիտ չըլլանք: Մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ենթակայ եղած են, եւ են, անդադրում նախայարձակումներու, որոնք միայն զինուորական չեն:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ճիշդ է, սահմանին վրայ ազրպէյճանական-թրքական նախայարձակումներ կան: Այդ մասին կը խօսինք, պէտք է խօսիլ, ուժերը պէտք է լարել: Բայց մեր ինքնութեան դէմ նախայարձակումներ եղած են եւ կան, տիրող ուժերու կողմէ, նաեւ` մեր անպատասխանատուութեամբ, ազգային հեռանկարի պակասով, նոյնքան աւերող, մեր ինքնութեան հիմերը խախտող:

Երբեմն նիզակ պէտք է ճօճենք մենք մեզի դէմ:

Ազգի Եւ Հայրենիքի
Տիրութեան Մասին

Նախ թող ներուի ըսել, որ հայրենիքի տիրութիւնը եւ սահմանի պաշտպանութիւնը միայն արցախցիին եւ հայաստանցիին պատասխանատուութիւնը չէ: Ազգային միասնութիւն կը ստեղծենք այն օրը, երբ սփիւռքները ներկայութիւն կ՛ըլլան սահմաններուն վրայ, երբ հայը չ՛արտագաղթեր զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար, հայը կը դադրի սոսկ զբօսաշրջիկ կամ բարեսէր հայրենասէր ըլլալէ: Իրաւ հայրենասիրութիւնը հազուադէպ պարագաներու երեւան եկած է, օրինակ` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ կամաւորական խումբեր ստեղծուեցան, նաեւ Հայկական լեգէոնը` դաշնակիցներու կողքին: Հայեր Ամերիկայէն վերադարձան ժողովուրդ եւ հայրենիք պաշտպանելու համար: Արցախեան ազատամարտին մասնակցեցան սփիւռքէն հաւատաւոր երիտասարդներ, բայց այդ շարժումը խիստ մասնակի էր, զանգուածային բնոյթ չունեցաւ:

Հայրենիքը զբօսաշրջութիւն, խրախճանք, երգ, պար, ճառ եւ յուզող-յուզիչ ժապաւէն չէ: Ան կը բնորոշուի հիմնական ստորոգելիներով, որոնց մասին չենք խօսիր, մարդորսական (prosélytisme) եւ շահախնդրական-դիրքապաշտական ցածորակ պատճառներով: Այս հիմնական ստորոգելիներու գծով լռութիւնը դաւ է ազգի տոկալու, տեւելու եւ ինքնիրականացման ճամբուն վրայ:

Մասնաւորաբար «սփիւռքներ»-ը աւերը վարագուրելու համար կը խօսին զոհողութեան, զգացումով հայ ըլլալու եւ հայը ճանչնալ-ճանչցնելու մասին` յաճախ մոռնալով, որ ազգային լեզուն գոյատեւման եւ ինքնութեան հիմնական եւ հիմնարար ազդակ է, առանց որուն` հայրենիք եւ ազգ կ՛ըլլան տարբեր, այսինքն կ՛այլասերին:

Երբ ազգային լեզուն կը փոխարինուի տարբեր լեզուներով, ըմբռնումներ եւ արժէքներ չեն ժառանգուիր, «կ՛ըլլայ նոր սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»: Ժամանակ մըն ալ կը խօսուի «ծագումով հայ» ըլլալու մասին… Նորոյթ է այսպէս խօսիլ եւ կարծել քաղաքականութիւն խաղալ:

Երբեմն պէտք է յիշել կաթողիկէ ծիրանաւորին (կարտինալ) խօսքը, երբ դիտած է վանդակի մէջ եղած է կապիկը եւ` ըսած. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ» (in Georges Gusdorf, Mémoire et Personne»:

Այս էական խնդրի մասին խօսուած է զանազան ձեւերով` առանց միաժամանակ շեշտելու լեզուի ինքնութեան եւ որակի հարցը:

Արդարօրէն, բնականօրէն, սկզբունքային կեցուածքով, սահմանադրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է:

Ինչպիսի՞ օրէնքով կրնանք յայտարարել, որ հայկական սփիւռքի լեզուն հայերէնն է:

Սփիւռքը պետութիւն չէ, ոչ մէկ գերիշխանութիւն ունի, որպէսզի կարենանք յայտարարել, թէ հայկական սփիւռքներու ազգային լեզուն հայերէնն է:
Այս անբնական կացութիւնը կը շեշտուի նաեւ պատմութենէն ժառանգուած անհեթեթ դրոշմ ունեցող զոյգ աշխարհաբարներու գոյութեամբ, որուն վրայ բարդեցինք զոյգ ուղղագրութիւն ունենալու մերօրեայ անհեթեթութիւնը:

Ազգային Լեզուն Ինքնութեան Եւ
Միացման Ազդակ

Մեր ազգային միութիւնը պիտի կերտուի, երբ ազգային լեզուի տարբերութեամբ յառաջացած հեռաւորութիւնները վերանան: Յաջողինք վերացնել:

Այս ազգային հեռանկարը իրականացնելու համար, եթէ դեռ անոր հաւատացողներ եւ զայն հետապնդողներ կան, ռազմավարական իր իսկական իմաստը պէտք է տալ լեզուին, որ ազգի շէնքը կրող ամուր պատը պէտք է ըլլայ, ըլլար: Իսկ պարզ է, որ ճեղքուած եւ ասդիէն-անդիէն փլած-փլփլած պատերը շէնքը չեն կրնար կրել: Այդպէս է այսօր հայերէնը, տեղ մը շատ, տեղ մը նուազ:

Այլ խօսքով, աղաւաղուած եւ ձեւազեղծուած լեզուով ազգ չի պահուիր, ազգը կ՛այլասերի:

Այս այլասերման նշումը ո՛չ բարոյախօսութիւն է, ո՛չ ալ ճառ: Պէտք է մտածել հարիւր կամ երկու հարիւր տարի ետք գալիքի մասին:

Ի՞նչ է պատկերը այսօր, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Հարցումին պէտք է պատասխանել առանց հաճոյախօսութեան եւ առանց մարդորսական ճապկումներու, կամ հետեւելու ոչինչ նշանակող «եղածը փրկել»-ու միտող սրճարանային (չ)իմաստութեան, որ անհեռանկար դիրքապաշտութեան կը ծառայէ:

Աւաղել ոչ մէկ բանի օգտակար է:

Ի՞նչ պէտք է ընել:

Այս հարցումին տրուած պատասխանով պէտք է չափել ամէն տեսակի ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, կրթական հաստատութիւններու, բարեսիրական, մարզական, թատերական, մամուլի, լրատուամիջոցներու:

Կարգ մը խօսակիցներ Հայաստան ըսին, թէ լեզուն «սոցիալական երեւոյթ» է եւ «կը յառաջդիմէ»: Այս երկու յղացքներով կը բացատրուի լեզուի անմխիթար վիճակը, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Ինչպէ՞ս հասկնալ «սոցիալական»-ը ազգին բաղդատած, ինչպէ՞ս սահմանել «կը յառաջդիմէ»-ն, ուրկէ՛ մեկնելով ո՛ւր հասնելու համար:

Արեւելահայերէնը, ցաւով պէտք է ըսել, սովետահայերէն դարձած է, զինք գրաւման ենթարկած օտար բառերով անհատնում կուտակումով, օտարաբանութիւններով, ներածուած շարահիւսութիւններով, երէկ ռուսերէն եւ թրքերէն (բարբառներէն փոխադրուած գրական լեզուին մէջ), այսօր` ամերիկերէն եւ ֆրանսերէն:

Սփիւռքներու պարագային, լեզուն, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, իր գտնուած ամանին ձեւը կ՛առնէ, անխուսափելի ամերիկերէն, արաբերէն, ժառանգուած եւ աճող թրքերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, ընդհանրապէս կեանքի լեզու չըլլալով` կը խեղճանայ:

Լեզուական այս տեսակաւոր խորթացումները ազգի միութեան շաղախը կը խաթարեն: Լիբանանի հայկական վարժարանի տղան ի՞նչ պիտի հասկնայ, երբ կարդայ դեմոգրաֆիկ, ռեսուրսները, ռէալ, միջազգային իրաւասուբյեկտութիւն, դեմագոգիային, սպեկուլեացիաներին, լիւստրացիա, ֆակուլտետների, կոռեկտ, կոմերիտական, կոմսոմոլացման-բոլշեւիկացման, էւոլիւցիայի, քաղաքական անարխիայի… Նմուշ: Բոլորը` նոյն էջին վրայ: Ոչ միայն տղան, այլ նաեւ չափահասը պիտի չհասկնայ այս հայերէնը:

Լեզուական Հարազատութիւնը

Գոյութենական Երաշխիք Է

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս:

Առանց ընկերատնտեսական նահանջական վերլուծումներու մէջ խեղդելու եւ խեղդուելու, մենք մեզ լքելու հոսանքի եւ յորձանքի թափին, հայկական ընկերութեան բարձրագոյն մակարդակին ՈՐՈՇՈՒՄ պէտք է կայացնել, ԼԵԶՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ, քաղաքական որոշում, եւ կատարել անհրաժեշտ նիւթական եւ մարդկային ներդրումները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, միասնաբար, ներառելով կրթութիւնը, մամուլը, հրատարակութիւնները:

Նախ` ԶՏՄԱՆ քաղաքականութիւն:

Ապա ժամանակակից նոր հնարուած բառերու հայացում:

Իր ակունքներուն պատշաճ ըլլալու ուղղագրական բարեփոխում:

Ուսուցում:

Այս նպատակի իրականացման համար, քաղաքական որոշման եւ նիւթական ներդրումներու զուգահեռ, ներազգային համաձայնութեամբ, ինքնութեան պահպանման եւ կերտումի գաղափարախօսութիւն հարկ է ներշնչել հայերուն, անոնք գտնուին Հայաստան, Եաքութիա, Պոլիս, Միջին Արեւելք, Ամերիկաներ, Նոր Զելանտա կամ Ալասքա, հասնելով իւրաքանչիւրին: Կը յաջողինք, եթէ ներդրումները նպատակասլաց ըլլան, պատգամները` ոչ կողմնապաշտական, ոչ դիրքապաշտական, ոչ շահախնդրական:

Կ՛ունենանք անմիջականէն եւ եսականէն անդին նայող Հեղինակութիւն-CHARISME, մարդիկ, որոնք իրենց անձին օրինակով, ո՛չ ապարանքով եւ ո՛չ դրամատան հաշիւով, ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ: Պատմութիւնը միայն զանոնք պիտի յիշէ: Անոնք առաջնորդած պիտի ըլլան ոգեկան յեղափոխութիւնը:

Ժողովուրդը իր կարգին պահանջել պէտք է գիտնայ, քանի որ ինք պէտք է ըլլայ իր ճակատագրին տէրը` իր տուած վստահութեամբ, զոր կը կոչենք քուէ:

Լեզուն ազգապահպան հզօրութիւն է, որ կը կրէ շարունակութիւն ըլլալու կոչուած բերդը, որ չի կառուցուիր ընդունելութիւններով, ճառերով, աթոռ-աթոռակներով, հեռատեսիլի պատուհանի կրկներեւոյթի նմանող պատկերով կամ բարձրախօսի թատերական աղմուկով:

Այսօ՛ր:

Վաղուան կը մնայ եղած ըլլալու դատարկ մխիթարութիւնը, որուն համար շռնդալից ամեակներ պիտի տօնուին, պիտի չտօնուին:

http://www.azadkhosk.com/desaged5101.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail