Ատրպէյճան Քարիւղի Տակառի Վրայ Նստած է, Մենք Ունինք Զայն Խփելու Ու Վառելու Հնարաւորութիւնը. Արկադի Տէր Թադեւոսեան

08 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ռազմավարական դաշինքը կայ, այդ դաշինքը պէտք է ամրապնդել: Այս մասին Մայիս 7-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի հերոս, զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան:

«Մենք յաղթած ենք պատերազմի ընթացքին, սակայն պարտուած ենք դիւանագիտական ճակատի վրայ: Մենք պէտք չէ նայինք թշնամիին, մենք այնքան հարցեր ունինք, մենք պէտք է նայինք` ուր սխալած ենք: Մենք պէտք է այնպիսի քայլեր ընենք, որոնք մեզի թոյլ կու տան ուժեղանալու»,- «Նիուզ»-ի փոխամցմամբ՝ նշած է ան:

Արկադի Տէր Թադեւոսեան կը կարծէ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատերազմ չ՛ուզեր, միայն կը սպառնայ ատով․ «Ալիեւը նստած է նաւթատոլարներու վրայ, անոր պատերազմ պէտք չէ, ան պէտք է ըսէ` պատերազմ, որ մեզի վախցնէ: Կռիւը Հայաստանն ու Ատրպէյճանը չեն ըներ, կողքերէն են»:

Քոմանտոսի համար ընդունելի չէ ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու թեզը, քանի որ «թուրքերուն հիմնական նպատակը հայերը բնաջնջելն է»:

Յարձակողական մարտավարութեան եւ «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» թեզի մասին խօսելով` ան ըսած է, որ այն ինչ յայտարարած է պաշտպանութեան նախարարը, ճիշդ է, բայց այդ յայտարարութիւնը պէտք է ընէր ոչ թէ ինքը, այլ երկրի ղեկավարը:

Անոր խօսքով` ինք արդէն 10 տարիէ կ՛ըսէ, որ պէտք է հարուածել թշնամիին:

«Ատրպէյճան քարիւղի տակառի վրայ նստած է, մենք ունինք զայն խփելու ու վառելու հնարաւորութիւնը»,– ըսած է Տէր–Թադեւոսեան:

Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է որոշէ, թէ ինչ լուծում կ՛ուզէ, ան պատասխանեց. «Ժողովուրդը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, պարզապէս մենք լաւ հարեւաններ չունինք»:

Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման մասին, ան նշեց, որ եղած են պայմանաւորուածութիւններ, որոնք Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել:

«Ինքը գնաց խօսեցաւ, չէ՞, ըսաւ` կրակել պիտի չըլլայ, իրարու շատ լաւ ժպտացին: Կռիւը կա՞յ, կը կրակե՞ն: Հայաստանը կ՛ըսէ այն, ինչ կ՛ուզէ, իսկ Ատրպէյճան կ՛ըսէ, բայց իր խօսքը չի պահեր»,– եզրափակեց Արկադի Տէր–Թադեւոսեան:

yerakouyn.com/2019/05/08/ատրպէյճան-քարիւղի-տակառի-վրայ-նստած-է/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail