
08 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Յարմար պահը չենք օգտագործեր, ժամանակն է ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը:
Այս մասին «Առաջին լրատուական»-ին յայտնած է «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան «Հայրենիք» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան։
«Մատրիտեան սկզբունքները չեն արտայայտեր Արցախի բնակչութեան շահերը: Այսօր ամէն մէկ արցախցի ինչ-որ չափով դաշնակցական է` մահ կամ ազատութիւն սկզբունքով: Մտավախութիւն ունինք, որ յաջորդ պատերազմը պիտի ըլլայ հայ-ատրպէյճանական, այլ ոչ թէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական»,-ըսած է Թովմասեան:
yerakouyn.com/2019/05/08/մտավախութիւն-ունինք-որ-յաջորդ-պատերա/





