29 հոկտեմբեր 2015
Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Տիգրան Պէրպէրեանը: Պէրպէրեան, որ ծնած է Պէյրութ վաղ տարիքէն մուտք գործած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը:
Լիբանանի քաղաքացիական ամէնէն թէժ տարիներուն Պէրպէրեան իր ընկերներուն հետ ստանձնած է հայկական թաղամասերու պաշպանութեան գործը, ապա գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր նոյնպէս աքտիւ մասնակցութիւն բերած է հայկական գաղութի կեանքին: Մարտական ունակութիւններով յայտնի Պէրպէրեան եղած է անդամ «LA 5» գործողութեան, որուն հետեւանքով բանտարկուելէ ետք հեռացուած է երկրէն:
Լիբանան վերադառնալով Պէրպէրեան շարունակած է իր մասնակցութիւնը գաղութի կեանքին: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ան կը տառապէր ծանր հիւանդութիւնէ, որուն հետեւանքով՝ յաւերժին փակեց իր աչքերը: Տիգրան Պէրպէրեան երեւելի աւանդ ունեցած է յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ընթացքին եւ անոր գործունէութիւնը արժանի է գնահատանքի: Ամուսնացած էր, ունի 3 որդի:
http://www.arevelk.am/