Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Իր Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը` Գրիգոր Պետրոս Ի.

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Իր Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը` Գրիգոր Պետրոս Ի.
27 Յուլիս 2015
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ընտրական սիւնհոդոսը, որ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի յաջորդի ընտրութեան աշխատանքներուն սկսած էր երեքշաբթի, 14 յուլիս 2015-ի առաւօտեան` Ս. պատարագով եւ հոգեւոր կրթութեամբ, յետ խորհրդակցութիւններու, իր 25 յուլիս 2015-ի առաւօտեան նիստին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց 20-րդ կաթողիկոս պատրիարք ընտրեց արհիապատիւ հայր Գրիգոր եպս. Կապրոյեանը, որ առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը ծնած է 15 նոյեմբեր 1934-ին, իբրեւ Զմմառու միաբան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 28 մարտ 1959-ին, եպիսկոպոս օծուած է 13 փետրուար 1977-ին: Առաջնորդն է Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը հաղորդէ նաեւ, թէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զմմառու պատրիարքական աթոռ` Զմմառու վանքին մէջ, կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Շնորհաւորեց
Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը
Ֆրանչիսկոս քահանայապետը շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նամակին մէջ սրբազան քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնած է անոր ընտրութեան առիթով եւ շնորհած է եկեղեցական հաղորդութիւնը, որ նորընտիր պատրիարքը առանձին նամակով մը խնդրած էր պապէն, ինչպէս սահմանուած է եկեղեցական կանոններով:

Ֆրանչիսկոս պապը իր նամակին մէջ գրած է, որ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ հայ եկեղեցին կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Պապը նկատի ունի յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները ահաբեկչական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

«Յարուցեալ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատքի լոյսով լուսաւորուած` մենք լի ենք յոյսով եւ եղբայրասիրութեամբ, որովհետեւ վստահ ենք, որ Յիսուսի Խաչը կենսատու ծառն է», գրած է սրբազան քահանայապետը:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը եւ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսի միւս եպիսկոպոսները միասին պիտի առաջնորդուին Սուրբ Հոգիով` ըլլալու բարի հովիւներ` իրենց խնամքին վստահուած Աստուծոյ ժողովուրդին համար, բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հայ նահատակներու եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի` Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետին:
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail