Օճալան Սուրիոյ Խնդիրները Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Կոչ Կ՛ընէ

10 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիր Ապտուլահ Օճալան կոչ ըրած է քիւրտերու ղեկավարած Սուրիական ժողովրդարվական ուժերուն, որ խաղաղ միջոցներով կարգաւորեն գոյութիւն ունեցող հարցերը։

Յայտարարութիւնը տարածած են Օճալանի փաստաբանները, որոնք 2011էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կրցան տեսնուիլ անոր հետ։

Յայտարարութեան մէջ Օճալան նաեւ կը շեշտէ, թէ պէտք է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ։

Օճալան արդէն 20 տարիէ ի վեր բանտարկուած է, սակայն ան կարեւոր դեր ունեցած էր 2015ին սկսած Անգարայի եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ, որոնք ձախողեցան։

Անգարա կը պնդէր, թէ ամերիկեան աջակցութիւն վայելող Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն անդամները «ահաբեկիչ»ներ են եւ անոնց դէմ ձեռնարկած էր ռազմական գործողութիւններ:

asbarez.com/arm/345236/Օճալան-Սուրիոյ-Խնդիրները-Խաղաղ-Միջոց/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail