Անգարա կը դատապարտէ Եանիկեանի աճիւններուն Հայաստան տեղափոխումը

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

10 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք՝ անցեալ շաբաթՀայաստան տեղափոխուեցան եւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնինմէջ թաղուեցան աճիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Գուրգէն Եանիկեանիոր 1973ին, 78 տարեկանինՔալիֆորնիոյ ՍանթաՊարպարա քաղաքին մէջ սպաննած էր Թուրքիոյ հիւպատոսը եւ անոր օգնականը։

Եանիկեանի աճիւններուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի օր, յատուկ արարողութեամբ մը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 6 մայիսին, խստօրէն դատապարտեց Եանիկեանի աճիւնները Հայաստան տանելու եւ հոն զինուորական հանդիսութիւններով հողին յանձնելու ձեռնարկը։ Հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Խստօրէն դատապարտելի է կատաղի ահաբեկիչ մը աստուածացնելը կամ զայն ներկայացնելը իբրեւ հերոս։ Անընդունելի բան մըն է ասիկա եւ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ յանցանք, որ կը քաջալերէ ահաբեկչութիւնը։ Այս առթիւ, անգամ մը եւս կ՛ոգեկոչենք յիշատակը այդ երկու դիւանագէտներուն, որոնք նահատակուեցան մեր պետութեան հաւատարմօրէն ծառայելու ընթացքին»։

Asbarez.com

akunq.net/am/?p=66184

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail