
11 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին պահանջը իր ռուս գործընկերէն` դադրեցնելու սուրիական Իտլիպ շրջանին վրայ յարձակումները, ուշագրաւ իրողութիւններու մասին ընդգծումներ կը կատարէ. մանաւանդ, որ ռուսական կողմը պատասխանած է, թէ յարձակումները դադրած են պահանջին պաշտօնական յղումէն մէկ օր առաջ արդէն:
Այս ամփոփ տեղեկութիւնը դուռ կը բանայ կարեւոր մեկնաբանութիւններու: Ամէն բանէ առաջ ռուսական գործողութիւններու կամ սահմանափակ ժամկէտով համաձայնութեան կամ ինքնուրոյն ըլլալու հաւանականութեան վրայ կը կեդրոնանան վերլուծումները:
Պարզ է, որ ռազմական գործողութիւնները կ՛ընթանան փոխհակակշիռի տրամաբանութեամբ եւ փոխըմբռնումով: Հակաահաբեկչական պատերազմի իւրովի ընկալումներով Անգարան կը հարուածէ քիւրտ զինեալ խմբաւորումները, մինչ ռուսական օդուժը թիրախ կ՛ընտրէ իսլամական ահաբեկիչներու կեդրոնատեղիները:
Յարձակումներու կասեցման դիմաց, հրադադարի կոչը հրապարակայնացնելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ուզէ ծխածածկոյթ ստեղծել, որ իր դիմումին անսալով է, որ Մոսկուան կը դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները:
Մոսկուան կը փարատէ ծխածածկոյթը, երբ իր հերթին հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ գրոհը դադրած է արդէն կոչէն օր մը առաջ: Ուրեմն այստեղ պարզ կը դառնայ, որ ռուսական կողմը ոչ թէ իր գործընկերոջ հետ կը համաձայնեցնէ յարձակման եւ կասեցման գործողութիւնները, այլ ինք կ՛որոշէ իր քայլերը:
Պատերազմի ընթացքին ռազմավարական գործընկերութեամբ շարժող ուժերը իրենց գործողութիւնները տրամաբանօրէն կը կատարեն ոչ հրապարակային: Հրապարակային բաժինը սկզբունքով դարձեալ համաձայնեցուած կ՛ըլլայ եւ կը փոխլրացնէ ռազմական գետնի վրայ իրականացածը:
Հրապարակային պահանջ դնելով Անգարան կը ստանայ հրապարակային պատասխան:
Այժմ անհրաժեշտ է փորձել ընկալել, թէ ինչո՛ւ Անգարա կ՛ուզէ կասեցնել Իտլիպի վրայ ռուսական յարձակումը: Իսլամ ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդացը տակաւին շահարկելի խմբաքանակ է Անգարային համար: Ահաբեկիչ տարրերու արմատախլման գործընթացի կասեցման փորձերը այդ իրականութիւնը կը յուշեն: Հակակշիռ գործողութիւններ կազմակերպելու զինուորական խաղը չէ աւարտած տակաւին եւ Անգարան կ՛աշխատի իր ձեռքին մէջ պահել ահաբեկչական խաղաթուղթը: Խաղը չսպառելու կողմ է նաեւ Մոսկուան ըստ երեւոյթին եւ այդ պատճառով իսկ չ՛անցնիր ահաբեկչութեան արմատախլման կամ ամբողջական չէզոքացման համարժէք գործողութիւններու:
Թրքական գործընկերը ներկայ պահուն կարեւոր գործօն է ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս նաեւ միջազգային գործընթացներուն համար: Այս փոխըմբռնումն է, որ փոխհակակշռման խաղը ի զօրու կը պահէ, այս պարագային որոշ առաւելութիւններ տալով Մոսկուային: Այս վերջինը իր հերթին չ՛առաջադրեր քրտական գործօնի ամբողջական չէզոքացումը:
Կը թուի սակայն, որ Մոսկուայի ձեռքին յայտնուած խաղաթուղթերը աւելի ազդեցիկ են, քան Անգարայինը: Մոսկուան համեմատաբար աւելի ինքնուրոյն կը կազմակերպէ իր քայլերը: Մինչ Անգարան չէ ապահոված շարժելու նոյն առաձգականութիւնը: Այդ առաձգականութեան ապահովման միտումները կանխարգիլուած են նաեւ ամերիկեան կարմիր լոյսերով, յատկապէս քիւրտերուն դէմ պատերազմական գործողութիւններու չդիմելու զգուշացումներով:
Իսկ այս փուլին, չէ աշխատած` իր պահանջով ռուսական յարձակումները դադրեցնելու որոշումին գոյառման տպաւորութիւն տարածելու Անգարայի (ապա) տեղեկատուութիւն իրականացնելու փորձը:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/437215





