Արցախեան Ճիհատի Հրաւէրը Անվտանգութեան Նոր Մարտահրաւէր Կը Ստեղծէ Տարածաշրջանի Մէջ

29 հոկտեմբեր 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ընդամէնը 700 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ աշխարհը դէմհանդիման կը գտնուի 21-րդ դարու անվտանգութեան գլխաւոր սպառանլիքներէն մէկուն‘ «Իսլամական պետութեան» ISIS արիւնոտ եւ բարբարոս գործունէութեան հետ: Հնագոյն քաղաքակրթութեան գոհարները կ’իյնան մէկը միւսի ետեւէն, միլիոնաւոր մարդկային ճակատագիրներ կը խեղին՝ դառնալով իսլամի ծայրայեղ չափաբաժինի գլխաւոր զոհերը: «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է 2006 թուականին Իրաքի մէջ՝ իբրեւ «Ալ Քաիտայի» ուղղութիւններէն մէկը, այսօր աստիճանաբար ձեռք կը բերէ պետութեանը բնորոշ յատկանիշներ՝ տարածք, բնակչութիւն, վերահսկողութեան գործելաձեւեր, որոնցմէ կարեւոր են բանակը եւ կայուն պիւտճէն: Իբրեւ արդիւնք, 2014 թուականի Յունիս 29-ին Իրաքի Մոսուլ քաղաքի մէջ Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի գլխաւորած ահաբեկչական խմբաւորման կողմէն Իրաքի արեւմուտքին գրաւած տարածքներու մէջ հռչակուեցան խալիֆայութիւն:

Հռչակման ամսաթիւը պատահական չէ, քանի որ մահմետական աշխարհի մէջ այդ օրը կը սկսի Ռամատան սուրբ ամիսը: «խալիֆայութիւն» բառը կը նշանակէ խալիֆի ղեկավարութեան ներքոյ գտնուող իշխանութիւն: Խալիֆայութիւն առաջին անգամ ստեղծուած է Մուհամէտ մարգարէի մահէն ետք՝ եօթերորդ դարուն: Իսկ «խալիֆ» բառը արաբերէնէն կը նշանակէ հետեւորդ, այսինքն՝ Մուհամէտի հետեւորդ: Խալիֆը կը հանդիսանայ իսլամական պետութիւններու գլխաւոր հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդը: Ան կը հանդիսանայ ամբողջ աշխարհի մահմետականներու հոգեւոր առաջնորդը: Զայն յաճախ կ’անուանեն նաեւ Ամիր ալ-մումինին կամ հաւատացեալներու տիրակալ:

Իսկ ի՞նչ կը քարոզէ նորօրեայ այս տիրակալը: Ան իր կոչերու մէջ յաճախ կը նշէ, որ իսլամը խաղաղութեան կրօն չէ, եւ իրենք չեն հանգստանար՝ մինչեւ երկրագունդի վրայէն չվերացնեն կամ դարձի չբերեն անհաւատները: Պաղտատին ճիհատի կոչ կ’ընէ բոլոր մահմետականներուն եւ կ’առաջարկէ ամբողջ մարդկութիւնը բաժնել երկու հատուածի՝ մոճահետներ եւ հակառակորդներ՝ անհաւատներ:

Խալիֆայութեան հիմնական սկզբունքներէն էր հետեւեալը‘ հիմնուիլ եւ ընդլայնուիլ: Խալիֆայութիւնը հիմնուեցաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գրաւուած տարածքներու հաշւոյն եւ միտում ունի ընդլայնուելու եւ գրաւելու ու ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու այլ տարածքներու մէջ եւս: Այսօր համամարդկային այս սպառնալիքի ազդեցութեան ներքոյ կը գտնուի Իրաքի, Սուրիոյ տարածքներու համապատասխանաբար 40 եւ 50 տոկոսը, ուր ընդհանուր առմամբ շուրջ 5 միլիոն մարդ կ’ապրի: Այս ամէնէն բացի‘ Իսլամական պետութիւնը աշխարհի տարբեր մահմետական երկիրներու մէջ ունի նաեւ 35 վիլայէթ: Իսկ վերջերս յայտարարեց Հիւսիսային Կովկասի մէջ ազդեցութեան գօտի կամ վիլայէթ ստեղծելու մասին‘ մատնանշելով, որ հերթը պիտի հասնի նաեւ Ատրպէյճանին:

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանը, անդրադառնալով «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան մուտքին Կովկաս, նշած է. «Իսլամական պետութիւնը երկու հիմնական նպատակներ ունի Կովկասի մէջ: Առաջինը‘ Հիւսիսային Կովկասի մէջ, ուր անկայունութիւն հրահրելով, քայլեր կը ձեռնարկէ‘ ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ վրայ‘ փոխելու Սուրիոյ եւ Իրաքի նկատմամբ վերաբերումը: Իսկ երկրորդ նպատակը շիա դաւանանքի հետեւորդ Ատրպէյճանն է, որուն մասին «իսլամական պետութիւնը» մէկ անգամ չէ , որ յայտարարած է»:

ԻՊ-ին հարողները ուահապիզմի հետեւորդներ են եւ կը հակադրուին իսլամի շիական ուղղութեան, ուստի պատահական չէ, որ ի տարբերութիւն նախորդ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու, որոնք պայքար կը մղէին «մեծ շէյթանի» դէմ, այս կազմակերպութիւնը իր պայքարը կ’ուղղէ նաեւ միեւնոյն հաւատակից, սակայն տարբեր դաւանանքի պատկանող ուղղութիւններու դէմ‘ զիրենք որակելով «փոքր շէյթան»: Ատրպէյճանի բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսը իսլամութեան շիա ուղղութեան հետեւորդներ են, իսկ 20-ը‘ սուննի: Երթալով Ատրպէյճանի մէջ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ սուննիզմի ծայրայեղական ուղղութիւններու տարածումը, որոնք ալ կը դառնան դէպի Սուրիա մեկնող եւ «իսլամական պետութեան» շարքերու մէջ կռուող մոճահետներու հիմնական սնուցման օճախները:

Իրանի Արդեբիլ նահանգի այաթոլլա Սէիտ Հասան Ամելին Ատրպէյճանի մէջ գործող ծայրայեղական կազմակերպութիւններու մասին հերթական զեկոյցի մէջ անհանգստութիւն յայտնած է, որ այդ պետութեան մէջ առկայ Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորման ներկայութիւնը լուրջ սպառնալիք է իրանեան նահանգին համար:

Այսօր ստոյգ տուեալներ չկան Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքի մէջ կռուող Ատրպէյճանի քաղաքացիներու վերաբերեալ: Այս թիւը կը տատանուի 100-1000-ի սահմաններուն: Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները կը փորձեն ամէն ձեւով թաքուն պահել կամ նուազագոյնի հասցնել ահաբեկչութեան սպասարկու իրենց քաղաքացիներու քանակը, սակայն ատրպէյճանական մամուլի մէկուն յայտնած տուեալներուն համաձայն, միայն Սուրիոյ մէջ արդէն իսկ զոհուած է 200 ատրպէյճանցի: Ի դէպ‘ հարկ է փաստել, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիները ընդգրկուած են եւ մարտեր կը մղեն ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող ահաբեկչական կառոյցներու կազմին մէջ, այլ նաեւ կը մասնակցին Փաքիստանի, Աֆղանստանի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն: «Սրբազան պատերազմներուն» մասնակցելու շարժառիթը բոլորովին ալ կրօնական պարտքը չէ, այլ այն հսկայական գումարները, որոնք կը ստանան ահաբեկիչ-զինեալները:

Ատրպէյճանի քաղաքացիներու համար ահաբեկիչներուն միանալու շարք մը դրդապատճառներ կան, որոնց շարքին հարկ կը համարենք նշել երկրի սոցիալ-տնտեսական ծանր վիճակը, երիտասարդութեան շրջանի մէջ գործազրկութեան բարձր եւ կրթութեան չափազանց ցած մակարդակը, ինչպէս նաեւ ալիեւեան վարչակազմի կողմէն մօտալուտ պատերազմի եւ յաղթանակի չիրականացուած խոստումը: Պատահական չէ, որ, օրինակ, Պաքուէն ընդամէնը մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումգայիթ քաղաքը, որ գլխաւորաբար բնակեցուած է փախստականներով եւ սոցիալապէս ծանր վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիներով, դարձած է ահաբեկչութեան հիմնական օճախներէն մէկը:

Բայց կայ նաեւ մետալի միւս երեսը: Հակառակ տարածուած կարծիքին, որ ահաբեկիչներու շարքերը համալրած ատրպէյճանցիները կը կռուին յանուն դրամի, Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Ալահշուքիւր Փաշազադէն մէկ անգամ չէ, որ դժգոհած է‘ նշելով, որ իսլամական ծայրայեղականութիւնը տարածում կը գտնէ նաեւ մեծահարուստ ատրպէյճանցիներու որդիներու շարքերուն: Անոնք մի քանի դէպքեր են, սակայն անհանգստութիւն կը յառաջացնեն Ատրպէյճանի հոգեւոր ղեկավարութեան շրջանակէն ներս:

Յատկանշանական է, որ ատրպէյճանցիները յանուն փողի կը կռուին ինչպէս «Իսլամական պետութեան» շարքերու մէջ, այնպէս ալ Ասատին սատարող վարձկաններու շարքին: «Իսլամական պետութեան» հովանաւորութեան տակ գտնուողները Սուրիա կը ներթափանցին Թուրքիոյ, իսկ Ասատի աջակիցները‘ Իրանի տարածքով: Եւ կը ստացուի այնպէս, որ յանուն փողի Ատրպէյճանի շարք մը քաղաքացիներ կը մարտնչեն հակամէտ ճակատներու վրայ, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ իրարու դէմ:

Մօտ կամ հեռու ապագային պատերազմը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը վերջանայ, եւ մոճահետները տուն կը վերադառնան, որ իսկական քաոսի պիտի վերածէ մեր հարեւան պետութիւնը: Փորձենք անդրադառնալ այն մարտահրաւէրներուն, որոնց հիմքը ծայրայեղականներու վերադարձն է: Այդ մարտահրաւէրները պիտի սպառնան ոչ միայն Ատրպէյճանին, այլեւ ողջ տարածաշրջանին:

Վերադառնալուն պէս իսլամիստ-ծայրայեղականներու թիրախը պիտի ըլլան գործող իշխանութիւնները, որոնց կը փորձեն բերել «ճշմարիտ» դաւանանքի: Իրատեսական կը համարենք իսլամական ընդդիմութեան ձեւաւորումը, որ կրնայ լրացնել Ատրպէյճանի մէջ ընդդիմութեան դաշտը: Ատրպէյճանի մէջ «Իսլամական ընդդիմութեան» վտանգը իրական կը համարէ նաեւ Կրօնական կառոյցներու գծով պետկոմիտէի նախագահի նախկին տեղակալ, փորձագէտ Էլչին Ասկերովը: «Հակառակ ներկայ դրութեամբ այդ վտանգը դեռ փոքր է, բայց ըսել, թէ ան կը բացակայի, ճիշդ չէ: ճիհատի համար Մերձաւոր Արեւելք գացողները օր մը կը վերադառնան: Անոնք վտանգի աղբիւր են Ատրպէյճանի մէջ: Չի բացառիր, որ անոնք աշխուժանան քաղաքական ուղղութեամբ եւս»,- կը կարծէ ան:

Նկատիի առնելով այս վտանգը‘ Ատրպէյճանի կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը կը փորձէ ճիհատիստներու հնարաւոր թիրախային նետը ուղղել Արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ: Մէկ անգամ չէ, որ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Ալահշուքիւր Փաշաձադէն Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն կոչ ըրած է չմեկնիլ օտար ափեր, այլ ճիհատը իրականացնել Արցախի տարածքին: Սա Արցախեան հակամարտութեանը կրօնական երանգաւորում տալու ակնյայտ փորձ է, որ կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ նոյն Ատրպէյճանի համար:

Արցախեան հակամարտութիւնը ի սկզբանէ կրօնական ուղղուածութիւն չէ ունեցած, քանի որ Խորհրդային Միութեան աթէիզմի երկարատեւ ժամանակաշրջանին կրօնի ազդեցութեան մասին կարելի է խօսիլ մեծ վերապահումով: Սկսած 1992 թուականէն, Հայտար Ալիեւի ջանքերով, փորձ եղաւ հիմնախնդիրին հաղորդել կրօնական բնոյթ‘ ակնկալելով իսլամական աշխարհու ներկայացուցիչներու քաղաքական, ռազմական, տնտեսական աջակցութիւնը: Նման քարոզչութիւնը պարարտ հող գտաւ շարք մը իսլամադաւան երկիրներու մէջ: Օրինակ, Փաքիստանը Արցախեան հակամարտութեան պատճառով ցայսօր դիւանագիտական յարաբերութիւններ չէ հաստատած ՀՀ-ի հետ:

Հօր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ նաեւ որդի Ալիեւը, ինչը կրողը պիտի դառնայ սեփական իշխանութիւնը կորսնցնելու պատճառներէն մէկը: Արցախեան հակամարտութիւնը ներկայացնելով իբրեւ կրօնական հակամարտութիւն, Ատրպէյճանը պատերազմի գօտի կը ստեղծէ ճիհատիստներու համար, որոնց հրապարակած քարտէսին մէջ մեր տարածաշրջանը եւս ընգրկուած է խալիֆայութեան մէջ: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ որոշակի խնդիրներ լուծելէն ետք “իսլամական պետութեան” գրոհայինները, Թուրքիոյ տարածքը հատելով, կրնան յայտնուիլ Նախիջեւանի մէջ, իսկ այնտեղէն ալ ծաւալիլ դէպի Արցախ եւ դէպի Արեւելք: Բնականաբար, մեծ վտանգ կայ, որ արմատականները կրնան յարձակիլ նաեւ Հայաստանի վրայ, սակայն, դիտարկելով անոնց գործողութիւններու տրամաբանութիւնը, մեր կարծիքով, ռազմական գործողութիւններու առաջնահերթ թիրախ կրնայ հանդիսանալ Ատրպէյճանը, որ ռեսուրս ապահովուածութեամբ կը բաւարարէ իսլամիստներու ախորժակը:

Որքան ալ «իսլամական պետութեան» ներկայցուցիչները կը հռչակեն ճիհատի մասին, այնուամենայնիւ‘ անոնք կը պատերազմին յատկապէս այն վայրերու մէջ, ուր կան ածխաջրածնային հարուստ աղբիւրներ եւ գումարային ինքնաբաւութեան հնարաւորութիւն: Նաեւ, անոնց գաղափարախօսութեան մէջ առանացքային դեր ունի «փոքր շէյթանի» կամ շիաներու դէմ պայքարը, ուստի Ատրպէյճանի այս քաղաքականութեան սուրը առաջնային վտանգ կը ներկայացնէ իրեն համար: Սա կը նշանակէ նաեւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անհեռատեսութիւնը վտանգի տակ կը դնէ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը: Իսլամիստ ծայրայեղականներու մուտքը տարածաշրջան կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն հարաւկովկասեան հանրապետութիւններու, այլեւ Իրանի համար, որ եւս արմատականներու հեռահար թիրախի մէջ կը կը գտնուի:

Գիտակցելով ստեղծուած իրավիճակի լրջութիւնը‘ կարեւոր է, որ այս ոլորտի մէջ Հայաստանն ու Իրանը խորացնեն համագործակցութիւնը: Արցախեան պատերազմի տարիներուն Իրանը կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունեցաւ Իսլամական Համաժողով կազմակերպութեան ծիրէն ներս արցախեան հակամարտութեանը կրօնական երանգաւորում տալէն խուսափելու հարցով: Հարկ է, որ Հայաստանը, օգտագործելով Իրանի հետ աւանդական բարեկամական կապերը եւ իսլամական աշխարհի մէջ ունեցած անոր կշիռը, նոյն մահմետական երկիրներու մէջ բարձրացնէ իրազեկութիւնը եւ սանձազերծէ հակամարտութիւնը կրօնական բնոյթ տալու Ատրպէյճանի ջանքերը: Եթէ Իսլամական պետութիւնը հասնի մեր տարածաշրջան, ապա այդ պարագային արդէն առկայ հակամարտութիւնները երկրորդական բնոյթ կը կրեն, եւ տարածաշրջանի երկիրները ստիպուած կ’ըլլան միասնաբար պայքարելու կործանարար չարիքի դէմ:

Նկատիի առնելով վերահաս վտանգի առկայութիւնը‘ կարեւոր է նաեւ խնդիրն ընգրկել հայ-ատրպէյճանական բարձրաստիճան բանակցութիւններու օրակարգ եւ փորձել կանխարգելիչ ծրագիրներ մշակել: Ահաբեկչութիւնը դիմագրաւելու վտանգը կրնայ դառնալ այն ազդակը, որմէ ալ, հնարաւոր է, սկսի հայ-ատրպէյճանական համագործակցութիւնը:

Աննա ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Վերլուծաբան

Անալիտիկոն

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

http://www.yerakouyn.com/?p=92324

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail