Ով՞ է մեղաւորը – Դրամաշնորհ (Grant) տուողը՞ ստացողը՞ թէ այլ տեղ փնտռենք շան գլուխը

Ով՞ է մեղաւորը

Դրամաշնորհ (Grant) տուողը՞ ստացողը՞ թէ այլ տեղ փնտռենք շան գլուխը

Դուք լսել՞ էք «Նշոյլ» հասարակական կազմակերպութեան մասին, կազմակերպութիւն՝ ով ունէր դպրոց Շնորհիւ ազնիւ անշահախնդիր Հայ բարերարի, դպրոց ուր Յոյսի նշոյլներ կը սերմանուէր Հայ պատանիի ենթագիտակցութեան մէջ, դպրոց որ երեք տարուայ ընթացքին ունեցաւ 750-է աւելի աշակերտներ 10-15 տարեկան որոնք մեծ հաճոյքով եւ սիրով եկան անվճար սորուելու Համակարգչային հմտութիւններ եւ Անգլերէն լեզու զուգահեռ ստանալով Ազգային դաստիարակութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն, Մարդկային յարաբերութիւն, Յարգանքի ըմբռնում եւ շատ այլ կարեւոր նիւթեր եւ երեւոյթներ․․․

Դուք տեղեակ չէք այդ կազմակերպութիւնէն որովհետեւ այն արդէն չկայ, այն շատոնց լուծարուած է․

Պիտի հարց ծագի իւրաքանչիւրի մտքում թէ եթէ այդքան կարեւոր նշանակութիւն ունէր այդ հաստատութիւնը ինչու՞ լուծարուեցաւ եւ դպրոցը փակուեցաւ․

Երբ հասաւ պարտադրուած ժամանակը որպէսզի դպրոցը փակէ իր դռները նիւթականի չգոյութեան պատճառաւ կազմակերպութեան նախագահը եւ դպրոցի տնօրէնը դիմեց այդ խիստ կենսական ծրագրով աւելի քան 12 բարեգործ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու սակայն նրանցից ոչ ոք ընդունեց ընդառաջել պատանիներուն դաստիարակել Հայկական Ազգային ոգիով․

Երբ կը մերժենք տարեկան 38.000 տոլար յատկացնել 256 պատանի աշակերտի Ազգային դաստիարակութեան համար, բնական է որ Եւրոպական այլ կառոյցներ եթէ նկատէն որ պարարտ հող կայ իրենց դիմաց աշխատանքի պիտի տրամադրեն 76.000 տոլար եւ մի գուցէ միլիոններ որպէսզի պատանիները դաստիարակուին ապազգային հիմքերու վրայ․․․

Ով՞ է մեղաւոր

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Յ․Գ․ նկարը վերցրած եմ ընկերոջ մը էջէն եւ փակած անհատի անուն ազգանունը որովհետեւ ինձ երեւոյթը կը հետաքրքրէ եւ ոչ անձը, անհատներ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան որոնք նիւթականի համար կը ծախէն ամէն Սրբութիւն բայց առողջ մտածողութեան տէր մարդիկ պէտք է առաջքը առնէն այդ երեւոյթներուն․․․
https://www.facebook.com/photo.php?fbid=10216693029431310&set=a.10200181980185398&type=3&theater

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail