
16 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Չինաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Չինաստանի վարչապետ Լի Քեցեանի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ հանդիպումը լաւ առիթ է համագործակցութեան հարցեր եւ հետագայ ծրագիրներ քննարկելու:
«Շատ ուրախ եմ այս հանդիպումին համար: Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան համաժողովը շատ կարեւոր է մեզի համար: Շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն է: Կայացաւ համաժողովի բացումը, որ շատ տպաւորիչ էր: Այս համաժողովը լաւ կարելիութիւն է քննարկելու հետագայ համագործակցութեան հարցերը: Հայաստանն ու Չինաստանը ունին ընդհանուր շահեր: Կը կարծեմ, թէ այս այցելութիւնը նոր խթան պիտի ըլլայ աշխատելու այն ծրագիրներուն շուրջ, որոնց մէջ ներկայացուած են Հայաստանի ու Չինաստանի շահերը», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Մասնակցութիւն` «Ասիական Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութիւն» Խորագիրով Համաժողովին
Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի Ազգային յանձնաժողովներու կեդրոնին մէջ կայացած «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» խորագիրով համաժողովին 40-է աւելի երկիրներու առաջնորդներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կարգին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ մեծ պատիւ է գտնուիլ հնագոյն քաղաքակրթութեան օրրան Չինաստանի մէջ. «Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքին մէջ հայերը պատմականօրէն դաւանած են այնպիսի աշխարհահայեացք, որ միշտ բաց եղած է տարբեր մշակոյթներու, աւանդութիւններու եւ կրօններու հետ փոխադարձ գործակցութեան համար: Ինչպէս կը նշէ գերմանացի մեծ փիլիսոփայ Էմմանուէլ Քանթը, կը մէջբերեմ. «Քրիստոնեայ ազգերուն մէջ հայերը յստակ առեւտրական ոգի ունին, անոնք Չինաստանի սահմաններէն կ’անցնին Կինէայի ափ` առեւտուր ընելու համար… եւ գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է արժանանալ խաղաղ հիւրընկալութեան այն ժողովուրդներուն կողմէ, որոնց կը հանդիպէին: Այս է պատճառը, որ այսօր մենք հայկական մշակութային ժառանգութեան կոթողներու կը հանդիպինք Երուսաղէմի, Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի, Հոնկ Քոնկի, Կալկաթայի, Սինկափուրի եւ Թաքայի մէջ, այսինքն` Մետաքսի մեծ ճամբուն վրայ սփռուած բոլոր մեծ բնակավայրերուն մէջ», ըսած է վարչապետը:
Ան աւելցուցած է, որ խորհրդաժողովի հիմքը եղող փիլիսոփայութիւնը միանգամայն համահունչ է հայերուն դաւանած արժէքներուն: Ըստ անոր, Հայաստանը հազարամեայ պատմութիւն ունեցող երկիր է, իսկ հայութիւնը իր բարձրագոյն մշակութային ձեռքբերումներուն հասած է միայն այն ժամանակ, երբ ունեցած է անխափան կապ եւ յարաբերութիւններ այլ մշակոյթներու ու աւանդութիւններու հետ: «Հետեւաբար, այսօր, ինչպէս նախապէս, մենք մեր յառաջընթացի ուղին կը տեսնենք շրջանային ու համաշխարհային բոլոր խաղացողներուն հետ փոխադարձ գործակցութեան մէջ: Մենք դէմ ենք բաժանարար գիծերուն, արհեստական խոչընդոտներուն եւ փակ սահմաններուն, որոնք թէեւ անհեթեթ կը նկատուին 21-րդ դարուն, սակայն տակաւին կը պահպանուին մեր դրացիներուն կողմէ` ստեղծելով անվտանգութեան մարտահրաւէրներ ու տնտեսական խոչընդոտներ», նշած է ան:
Վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստան ներգրաւուած է երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան գործընթացներուն մէջ, որոնք կ՛ընդգրկեն աւելի լայն շրջագիծ` ըլլայ ատիկա տնտեսական համարկումը Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներուն հետ, ուր Հայաստանը հիմնադիր անդամներէն մէկն է, կամ փոխադարձ մերձեցումը Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ, կամ ալ մասնակցութիւնը «Մետաքսի ճամբու տնտեսական գօտի» նախաձեռնութեան, որուն Հայաստան միացած է 2015 թուականին:
aztagdaily.com/archives/437914





