Յունաստան Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

16 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս նշած է, որ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ, եթէ վերջինս շարունակէ Միջերկրական ծովուն արեւելեան շրջանին մէջ կազի որոնման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Ցիփրաս յունական «Ալֆա» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է. «Եթէ այս ռազմավարութիւնը շարունակուի, հաւանաբար ըլլան ֆինանսական քայլեր եւ պատժամիջոցներ: Այս գործողութիւնները շարունակելու փոխարէն, Թուրքիան պէտք է յարգանք ցուցաբերէ միջազգային իրաւունքին եւ համաձայնագիրներուն նկատմամբ, նստի երկխօսութեան սեղան»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի իր կարգին Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` յարգանք ցուցաբերելու Կիպրոսի գերիշխանութեան իրաւունքներուն նկատմամբ:

aztagdaily.com/archives/437936

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail