
17 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Մայիս 17-էն, վերացուցած է Թուրքիոյ հետ առեւտուրի արտօնեալ վարչաձեւը` դուրս հանելով զայն զարգացող երկիրներու ցուցակէն, որոնք ներմուծման համար արտօնութիւններու ծրագիրի շահառուներէն են: Այս մասին կը հաղորդէ TASS գործակալութիւնը` վկայակոչելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւնները:
«Ես եկած եմ այն եզրայանգման, որ, հաշուի առնելով Թուրքիոյ տնտեսական զարգացման մակարդակը, աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ 2019 Մայիս 17-էն չեղարկել Թուրքիոյ մատնանշումը իբրեւ զարգացող երկիր-շահառու»,- նշուած է ԱՄՆ նախագահի յայտարարութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Թրամփը նախօրօք` Մարտ 4-ին, տեղեակ պահած էր իր որոշման մասին ԱՄՆ Քոնկրէսին եւ Թուրքիոյ:
Նշենք, որ 1973-ին ստեղծուած արտօնութիւններու այդ ծրագիրին Թուրքիան կ՝անդամակցէր 1974 թուականէն:
yerakouyn.com/2019/05/17/թրամփ-վերացուցած-է-թուրքիոյ-հետ-առեւտ/





