Բոլորիդ Պապերն Ալ Կրնան Հայ Ըլլալ. Փայլանի Ելոյթը Մեծ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

18 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան` ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, անդրադարձած է ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան: Իր խօսքին մէջ ան լուսարձակի տակ առած է Կապադովկիոյ մէջ գտնուող ժայռափոր եկեղեցիները` նշելով, որ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան այդտեղ, որպէսզի տեսնեն այդ եկեղեցիները, սակայն թուրքերէն շատերը այնտեղի սրբապատկերները կը ջնջեն, հայհոյանքներ կը գրեն պատերուն վրայ, իսկ այս արարքներուն պատճառը այն է, որ «անոնց համար քրիստոնէութիւնը վատ բան է, կարծես այդ հողերը երբեք ալ քրիստոնեաներուն չեն պատկանած»:

Ելոյթի ընթացքին Փայլանը նաեւ յիշեցուցած է, որ օրեր առաջ Պոլսոյ քաղաքապետի ընդդիմադիր թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն, գտնուելով Տրապիզոն քաղաք, մեղադրուած էր յունական արմատներ ունենալու յանցանքով: «Էսենլերի համայնքապետը Իմամօղլուն կը մեղադրէ պոնտոսցի յոյն ըլլալու մէջ: Ասիկա ակնյայտ ցեղապաշտութիւն է: 1990-ական թուականներուն, իբրեւ ուսանող սեւծովեան դաշտերով մինչեւ Արդուին գացած եմ երկու ամիս: Շատ զարմացած էի: Կիներ եւ տղամարդիկ իրարու հետ յունարէն կը խօսէին: Իսլամ մարդիկ յունարէն կը խօսէին: Այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ իսլամացուած մարդիկ դեռ յունարէն կը խօսին: Իսկ ինչո՞ւ չէք ըսեր` ասոր մէջ արտասովոր ի՞նչ կայ: Ինչո՞ւ իբրեւ վիրաւորանք կ՛ընդունիք, երբ ձեզի կ՛ըսեն, որ ունիք յունական արմատներ:

«Անկէ յետոյ Համշէն գացի: Նստայ մօրուքաւոր հօրեղբայրներու հետ` սուրճ խմելու: Նկատեցի, թէ կը հասկնամ այն լեզուն, որով կը խօսին այդ մարդիկը: Գացի, ըսի` «Բարեւ ձեզ» (հայերէն): Անոնք ալ ինծի «Բարեւ ձեզ» ըսին: Սկսան հայերէն խօսիլ: Անոնք զարմացած ինծի կը հարցնեն. «Իսկ դուն ուրկէ՞ համշէներէն գիտես»: Ես ալ կ՛ըսեմ. «Պարոնա՛յք, ատիկա հայերէն է»: Կ՛ուզեմ ըսել, որ հայերու, յոյներու մէկ մասը արտաքսուած է այստեղէն, սակայն մէկ մասն ալ մնացած եւ իսլամ դարձած է: Իմամօղլուի պապն ալ կրնայ յոյն ըլլալ: Ձեր` բոլորիդ, պապերն ալ կրնան հայ, յոյն ըլլալ, ձեր բարեկամներն ալ կրնան իսլամացուած հայ, յոյն ըլլալ: Ատիկա չի կրնար իբրեւ վիրաւորանք ընկալուիլ: Հայ ըլլալն ալ, յոյն ըլլալն ալ, թուրք, քիւրտ ըլլալն ալ պատիւ է», յայտարարած է Փայլան:

Ան նաեւ անդրադարձած է հայ երեխայի` հրապարակային դաւանափոխութեան խնդիրին` նշելով, որ ատիկա երեխայի ակնյայտ շահագործում է:

«Այս երկրի պատմութիւնը հայերն են, յոյները, թուրքերը եւ քիւրտերը», եզրափակելով ելոյթը` յայտարարած է Փայլան:

aztagdaily.com/archives/438190

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail