
ՁԵՐ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԱՅՆՏԵՂ ՈՐՏԵՂ ԿԸ ՍԿՍԻ ԴԻՄԱՑԻՆԻ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ – ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
ԻՄ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՁԵՐ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ – ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Սահմանադրական կարգը տապալելու ամբաստանութեամբ դատուող Հայաստանի երկրորդ նախագահ, առիւծներու եւ այլ քիչ տեսնուող անասուններու յայտնի որսորդ՝ Ռոբերտ Քոչարեանը, հայկական դատարանին մէջ խօսքը ուղղելով Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազին ըսաւ. «ինչ ուզեմ, նա էլ ասելու եմ, և նստած լսելու ես…»
Ես չեմ գիտեր ով ի՞նչ ըսաւ, բայց գիտեմ, որ եթէ նստող մը կար՝ ան ալ Քոչարյանն էր, որ երկար նստած էր ԱԱԾ-ի բանտախուցերէն մէկուն մէջ, ինքնիրեն համարելով քաղաքական ամենայայտնի բանտարկեալը։ Առիւծներու ամենայայտնի որսորդէն ամենայայտնի «քաղբանտարկեալ» դառնալու պատճառները մէկ կողմ թողեմ եւ այս առիթով, անդրադառնամ իմ գրութիւններուս, որոնք յաճախ կը տարածուին առցանց կայքերով եւ սոցիալական էջերով։
Շատերու համար, ես Նիկոլական եմ, «ծախած» եմ իմ նախկին կուսակցութիւնը, որովհետեւ պայքարած եմ Սերժ Սարգսեանին եւ իր դաշնակիցներուն դէմ եւ մեր երկրի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն հետ միասին յեղափոխութեան մասնակից եղած եմ, ու հիմա կ՚աջակցիմ երկրի մէջ կոռուպցիայի դէմ պայքարին, մարդկային բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններուն, համակարգային փոփոխութիւններուն, երկիրը թալանածները պատժելուն, եւայլն։ Ուրիշներու համար, ես չեմ կրցած ազատիլ գաղափարական իմ կաղապարումներէն, կուսակցական անցեալի պատկանելիութեան իմ «բեռ»էն եւ շատ յաճախ դէմ կ՚արտայայտուիմ ներկայ իշխանութիւններու քաղաքական որոշ ծրագիրներուն, կամ կարգ մը իշխանաւորներու տեսակէտներուն կամ առաջարկութիւններուն։
Երկու «կողմ»երուն ալ ըսեմ, որ չարաչար կը սխալին։
Նախ, ես կուսակցական չեմ, սակայն երբեք չեմ կրնար հրաժարիլ «Ազատ, անկախ, միացեալ եւ ընկերվարական» Հայաստանի հաւատամքէն ու երազէն։ Իրականութիւնը եթէ կ՚ուզէք, շատ մը կուսակցական շէֆեր վաղուց մոռցած են այս դաւանանքը եւ փաստը այն է, որ անոնք քաղաքական առեւտուրի մտած էին այնպիսի մարդոց հետ, որոնք ապագաղափարական ըլլալու կողքին, երկիրը թալանելու, ժողովուրդը հարստահարելու եւ հայու ազատութիւնն ու արժանապատւութիւնը ոտնակոխ ընելնուն համար՝ կրնային մեր թշնամիներու շնորհած բազմատեսակ մետալներուն արժանի դառնալ…
Յետոյ՝ ես իշխանութիւն ալ չեմ, թէեւ կողմնակից եմ իշխանութեան բազմաթիւ, բայց ոչ բոլոր ծրագիրներուն։ Ու պիտի շարունակեմ աջակցիլ իշխանութիւններու այն ծրագիրներուն, այնքան ատեն որ անոնք կը ծառայեն մեր ժողովուրդի պանծալի յեղափոխութենէն բխած առաջադրանքներուն։ Բայց նաեւ դէմ պիտի արտայայտուիմ բոլոր անոնց, որոնք կը շեղին այդ նպատակներէն կամ ընդհանրական շահերուն չեն ծառայեր։
Երբ ես կը գրեմ, երբեք չեմ մտածեր, թէ ինչ պիտի ըսեն իմ հին ու նոր ընկերները, չեմ մտածեր թէ ի՞նչ կարծիք պիտի կազմեն Նիկոլն ու նիկոլականները, կամ այս ու այն կուսակցութեան անդամները կամ ղեկավարները։ Ես ընդհանրապէս այս կամ այն իշխանաւորը փառափանելու համար չէ, որ բառ ու նախադասութիւն կողքի կողքի կը դնեմ, թէեւ կ՚ուզեմ գրութիւններովս նաեւ քաջալերել արդիւնաւէտ աշխատանքը։ Ոչ ալ կ՚ուզեմ ասոր-անոր հնամաշ լոզունգները կրկնել, ոչ ալ հետաքրքրուած եմ այս կամ այն կուսակցութեան հաստափոր ղեկավարներուն կամ բարձրապաշտօն իշխանաւորներուն քարոզչութիւնը ընելով։ Ասոնք բոլորն ալ իրենց բազմաթիւ ու բազմաշերտ զոմբիները (կամ զոմպիները) ունին եւ իմ նման մարդոց կարիքը ընդհանրապէս չեն զգար։
Ամենայայտնի բայց նաեւ անյայտ՝ փողոցային արուեստի (street art) հսկայ Բենկսի (Banksy) տեղ մը գրած է հետեւեալը. “Art should comfort the disturbed and disturb the comfortable”: Եթէ գրութիւններս մտահոգներուն կոմֆորտ կը բերեն եւ կոմֆորտի մէջ հանգիստ նստածներուն՝ մտահոգութիւն, այդ ատեն ես բաւարարուած կը զգամ։ Ես այստեղ ձեր ականջին հաճելի երաժշտութիւնը եւ ձեր հանգիստը չխանգարող հնամաշ լոզունգները վերարտադրելու չեմ եկած, իշխանաւոր ըլլաք թէ ընդդիմադիր, կուսակցութիւններու անդամ ըլլաք կամ չէզոք… Ես եկած ըսելու այն, ինչին կը հաւատամ եւ կը համարեմ ճիշդ։ Իմ նպատակս ձեր ճշմարտացիութիւնը փաստել չէ… ոչ ալ հարցականի տակ առնել ձեր հզօ՜ր ամենագիտութիւնը։
Իսկ դուք, ազատ եք կարդալու կամ չկարդալու, ազատ եք ձեր կարծիքը արտայայտելու գրածներուս մասին։ Քոչարյանին պէս ես չեմ կրնար պնդել, որ «ես կ՚ըսեմ ինչ որ կ՚ուզեմ, եւ դուք պարտաւոր եք նստած լսելու»։ Վերջ ի վերջոյ, ըստ չար լեզուներու, Քոչարյանը յայտարարած էր, որ ինքը Հայաստանի միակ տղամարդն է։ Թող այդպէս ալ մնայ՝ ԱԱԾ-ի նկուղին թէ տան մէջ կալանաւորուած երկրորդ նախագահը, տղամարդ ըլլալու մենաշնորհն ալ թող տանի իր հետ։ Ուրեմն, ազատ եք։
Ազատ եք գրութիւններս կարդալու կամ անտեսելու, ազատ եք դէմ ու թեր կարծիք յայտնելու։
Բայց յստակ ըսեմ մէկ բան, ազատ չէք էջիս վրայ վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենալու, իշխանաւոր ըլլաք կամ ընդդիմադիր, ընկեր ըլլաք կամ թշնամի։ Ձեր ազատութիւնը կը վերջանայ այնտեղ, որտեղ կը սկսի դիմացինի արժանապատւութիւնը, ձեր ազատութիւնը կը վերջանայ այնտեղ, երբ կը վերածուի ատելութեան քարոզի։ Վինսենթ Վան Կոկը, իր մենթորին եւ ընկերոջ՝ Անտոն Վան Ռաբբարտին գրած նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. “I don’t want a grudging friendship. Either cordial or over. So there you have my final word”:
Ուրեմն շատ յստակ ըսեմ. «ինչ ուզեմ, այդ ալ գրելու եմ, եւ Քոչարյանին թողնելով միակ տղամարդու մենաշնորհը, դուք ազատ եք կարդալու կամ անտեսելու գրածներս, ազատ եք համաձայնելու կամ հակաճառելու, բայց իրաւունք չունիք ասոր կամ անոր հասցէին վիրաւորական արտայտութիւններ ունենալու, իրաւունք չունիք թոյն եւ ատելութիւն սերմանելու: Այդ ատեն, մեր դիմատետրային եւ այլ ընկերութիւնը կ՚աւարտի: Վան Կոկի ըսածին պէս՝ «կամ յարգալի՛ր ընկերութիւն, կամ՝ վե՛րջ…»
Րաֆֆի Տուտագլեան





