Հայաստանի Մէջ Ժողովուրդին Վստահութիւնը Չվայելող Դատական Համակարգ Չի Կրնար Ըլլալ

Հայաստանի Մէջ Ժողովուրդին Վստահութիւնը Չվայելող Դատական Համակարգ Չի Կրնար Ըլլալ. Վարչապետը Ներկայացուց Իր Կոչին Խորհուրդն ու Նպատակը

20 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանեց Մայիս 20-ի վաղ առաւօտէն Հայաստանի բոլոր դատարաններու մուտքերը արգելափակելու իր կոչին խորհուրդն ու նպատակը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ իր ուղերձին մէջ ՀՀ վարչապետը մանրամասնեց, որ այդ շարժման առանցքային խորհրդանիշը այն է, որ Հայաստանի մէջ չի կրնար դատական համակարգ ըլլալ, որ չունի ժողովուրդին վստահութիւնը:

«Հակառակ պարագային նոյնիսկ ամենահիմնաւորուած որոշումը ժողովուրդը պիտի ընկալէ իբրեւ վիրաւորանք, որովհետեւ դատավճիռները կը կայացուին յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին անունով: Եւ այդ վճիռները կրնան կայացնել միայն այնպիսի մարդիկ, որոնք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն՝ ժողովուրդին անունով խօսելու օրինական իրաւունք»,- ըսաւ ՀՀ վարչապետը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ քաղաքացիներուն կոչ ըրած էր Մայիս 20-ին, առաւօտեան ժամը 08:30-էն սկսեալ արգելափակելու Հանրապետութեան դատարաններուն մուտքերն ու ելքերը:

yerakouyn.com/2019/05/20/հայաստանի-մէջ-ժողովուրդին-վստահութի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail