ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Հանդէս Եկած է Յայտարարութեամբ

20 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ ՀՀ վարչապետի՝ երկրի բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը արգելափակելու կոչին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անհրաժեշտ կը համարէ անդրադառնալ ՀՀ վարչապետի՝ երկրի բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը արգելափակելու կոչին՝ արձանագրելով․

  1. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ պետական իշխանութեան իրականացումը Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման ու հաւասարակշռման հիման վրայ: Այդ իշխանութիւններէն կամ զանոնք ներկայացնող պաշտօնատար անձերէն իւրաքանչիւրկ անվերապահ պարտականութիւն ունի՝ յարգանքով վերաբերուելու միւսին եւ առաջնորդուելու միայն իրեն վերապահուած կարգավիճակին հրամայականով ու սահմաններով:
  2. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դատարաններու գործունէութեան եւ անոնց կողմէ արդարադատութեան իրականացման որեւէ միջամտութիւն կ՝արգիլուի:
  3. Երկրին մէջ դատական արդիւնաւէտ իշխանութեան պահանջը կ՝ենթադրէ դատարանի եւ դատաւորի լիարժէք անկախութիւն ինչպէս օրէնսդիրէն ու գործադիրէն, որեւէ այլ մարմինէ կամ պաշտօնատար անձէ, այնպէս ալ միջամտութեան բացարձակ արգելք անոնցմէ դուրս ոեւէ այլ մէկէ կամ անձէ:
  4. Այս պահանջները պատահական չեն: Դատարանները կոչուած են երաշխաւորելու երկրի իրաւական անվտանգութիւնը եւ իրաւական համակարգի կայունութիւնը: Անոնց գործունէութիւնը ուղղուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անխափան ապահովման: Դատարանները իրենց ամենօրեայ գործունէութեամբ պարտաւոր են ապահովելու մարդու անձնական ազատութեան, արդար դատաքննութեան եւ միւս իրաւունքներու իրացումը:
  5. Հայաստանի դատական համակարգին մէջ, ի հարկէ, կան խնդիրներ, ներառեալ՝ կապուած դատարաններու արտաքին ու ներքին անկախութեան, դատարանի նկատմամբ քաղաքացիի վստահութեան պակասի, արդար դատաքննութեան լիարժէք երաշխաւորման հետ։ Աւելին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հասցէագրուող բողոքները կը վկայեն, որ առկայ են դէպքեր, երբ առանձին դատաւորներ իրենց վարքագիծով կը վնասեն դատական համակարգի հեղինակութիւնը։ Այս ամէնը նաեւ չքաղած դասերու եւ այն բանի հետեւանք է, որ նախապէս պատշաճ ուշադրութիւն չէ դարձուած ոլորտի խնդիրներուն։ Այս թեմաներուն մանրամասն անդրադարձեր կատարուած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաղորդումներուն ու զեկոյցներուն մէջ։ Սակայն այս ամէնով հանդերձ, առկայ խնդիրներու լուծման պէտք է հասնիլ բացառապէս իրաւական եղանակներով։
  6. Այդ ողջ գործընթացին մէջ միեւնոյն է՝ գլխաւոր եւ բնոյթով բացառիկ յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ դատական իշխանութեան անկախութեան բարձր արժէքի երաշխաւորումը, որն ալ ուղիղ ազդեցութիւն կ՝ունենայ արդար դատաքննութեան եւ միւս սահմանադրական իրաւունքներուն վրայ։
  7. Այստեղէն կը բխի սահմանադրական ուղիղ պահանջը այն մասին, որ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ու պաշտօնատար անձինք պարտաւոր են ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան վտանգել կամ վնասել դատարանի կամ դատաւորի անկախութիւնը:
  8. Ուստի, ՀՀ վարչապետի կոչը կամ յայտարարութիւնը կապուած առանց բացառութեան հանրապետութեան բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը արգելափակելու եւ ոեւէ մէկը դատարան մտնել չձգելու հետ, խիստ վտանգաւոր է երկրի իրաւական համակարգի անվտանգութեան ու կայունութեան համար:
  9. Բոլոր այն անձերէն, որոնք կը զբաղցնեն պետական կամ հանրային այլ պաշտօն, խստօրէն կը պահանջեմ անյապաղ դադրեցնել դատարաններու մուտքերն ու ելքերը արգելափակելու կոչերը կամ պահանջները: Դուք պարտաւոր էք կատարելու բացառապէս այն գործառոյթները, որոնք ձեզի վերապահուած են Սահմանադրութեամբ, օրէնքով կամ այլ իրաւական ակտով: Դուք ունիք իրաւական յստակ կարգավիճակ ու սահմանափակուած էք այդ կարգավիճակով: Ցանկացած շեղում կրնայ յանգեցնել պատասխանատւութեան:
  10. Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներէն կը խնդրեմ ձեռնպահ մնալ դատարաններու շէնքերը արգելափակող գործողութիւններէն. պէտք է բացառել ցանկացած լարուածութիւն: Հասարակական ցանցերու դիտարկումը կը վկայէ, որ քաղաքացիները իրարու նկատմամբ կը ցուցաբերեն բարձր անհանդուրժողականութիւն, կը վիրաւորեն ու կը սպառնան իրարու: Ասիկա վտանգաւոր է նաեւ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգի տեսանկիւնէն: Կը խնդրեմ բոլոր հարցերու քննարկումը ապահովել համերաշխութեան մթնոլորտի ու փոխադարձ հանդուրժողականութեան պայմաններու մէջ՝ իրաւունքի գերակայութեան նկատմամբ բարձր յարգանքով:
  11. ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կ՝աշխատի առաւօտ շատ կանուխ՝ ապահովելով բոլոր գործընթացներու անաչառ դիտարկում»:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Մայիս 19-ին, Facebook-ի իր էջին գրած էր, որ վաղը (Մայիս 20) առաւօտեան պիտի արգելափակեն հանրապետութեան դատարաններուն ելքերն ու մուտքերը:

«Առաւօտեան ժամը 08.30-էն կ՝արգելափակենք հանրապետութեան՝ առանց բացառութեան բոլոր դատարաններուն ելքերն ու մուտքերը, այնպէս, որ ոչ ոք ներս մտնէ:

Ժամը 12.00-ին իմ ելոյթը կը հեռարձակուի ուղիղ եթերով»,- գրած էր վարչապետը:

yerakouyn.com/2019/05/20/հհ-մարդու-իրաւունքներու-պաշտպանը-հան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail