
20 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետը Կոչ Ուղղեց Արգելակելու Դատական Համակարգը
Համատարած Դատապարտում` Հրանդ Մարգարեանի Դէմ Կատարուած Յարձակումին
Շաբաթավերջը բաւական թէժ էր հայաստանեան ներքաղաքական իրադարձութիւններուն առումով: Նախապէս ալ արդէն Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան հոլովոյթը հասարակական մեծ լարուածութիւն ստեղծած էր, բայց շաբաթ օր Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարանի վճիռը` Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու գծով, աւելի եւս շիկացուց մթնոլորտը: Այդ վճիռին դէմ եղողները հակազդեցին բողոքի ցոյցով եւ երթով:
Այս միջոցին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ իր թոռներուն հետ զբօսնելու ընթացքին, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի 19 տարիներու ներկայացուցիչ, դաշնակցական գործիչ Հրանդ Մարգարեան ենթարկուեցաւ ցոյցին մասնակից ամբոխին յարձակման եւ լուտանքներուն: Այս դատապարտելի արարքը նկատուեցաւ յարձակում ո՛չ միայն Հրանդ Մարգարեանի անձին, այլ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական մեծ ընտանիքին դէմ: Դաշնակցութիւնը իր բարձրագոյն գործադիր մարմինին` ՀՅԴ Բիւրոյին եւ իր աշխարհատարած կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններուն հրապարակած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն դատապարտեց կատարուած յարձակումը, կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ մանաւանդ վարչապետ Փաշինեանին` համապատասխան գնահատական տալու միջադէպին, պատժելու անոր մասնակիցները եւ վերջ տալու երկրին մէջ թշնամանք ու ատելութեան մթնոլորտ տարածելու գործելակերպին: Դատապարտումի յայտարարութիւններ հրապարակեցին ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն, ՀՅԴ Շուէտի, Յունաստանի, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի (քովի սիւնակներով հրապարակուած), Քանատայի, Քուէյթի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէները, ՀՅԴ Արմաւիրեան առանձնակի կոմիտէն (Իրաք), Նոր Ջուղայի Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Ռուսիոյ պատասխանատու մարմինը:
Երէկ ներքաղաքական լարուածութիւնը այլ նշաձող մը հաստատեց, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այսօր պիտի սկսի յեղափոխութեան երկրորդ փուլը: Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց` համախմբուելու երկրին մէջ գտնուող դատարաններուն առջեւ եւ փակելու անոնց մուտքերն ու ելքերը: Քայլ մը, որ յղի է ներքաղաքական ծանր հետեւանքներով եւ բեւեռացումը խորացնելու վտանգով:
aztagdaily.com/archives/438413





