29 հոկտեմբեր 2015
Փարիզի միջազգային իրաւարար դատարանին մէջ Իրաք դատ բացաւ Թուրքիոյ դէմ` հիւսիսային Իրաքի քարիւղը Իսրայէլ արտածելուն համար եւ մէկ միլիառ տոլարի փոխհատուցում պահանջեց:
Հիւսիսային Իրաքէն քարիւղը Թուրքիոյ ճամբով միջազգային շուկայ արտածումը կը շարունակուի եւ, ըստ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութենէն աղբիւրի մը, նշեալ քարիւղը հիմնականին մէջ կ՛երթայ Իսրայէլ:
Նշեալ անանուն աղբիւրը «Թուրքիա այսօր» կայքին յայտնած է, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը այս հարցով դիմած է Փարիզի մէջ Միջազգային իրաւարար դատարանին, որովհետեւ հիւսիսային Իրաքի քարիւղը ատոր վերապահուած Իրաք-Թուրքիա խողովակաշարի ճամբով փոխադրումը կը հակասէ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ դատը կորսնցնելու պարագային Թուրքիան մէկ միլիառ տոլարի փոխհատուցում պիտի վճարէ: Ան նշած է, որ նշեալ քարիւղի արտածման շարունակութիւնը առաւել եւս բարդացուցած է հարցը:
Թրքական ՊՈԹԱՇ ընկերութիւնը 2014-էն մինչեւ յուլիս 2015 Ճէյհանի խողովակաշարի ճամբով 81 միլիոն 785 հազար 960 տակառ քարիւղ փոխադրած է: