Մեր Երեխաները Ամէն Տեսակ Շահագործումէ Պիտի Պաշտպանենք. Կարօ Փայլան

22 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Նախօրէին Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հանդիպած էր պոլսահայ 13-ամեայ հայ պատանի Արթուրի հետ, որ դարձած էր թուրք իսլամական քարոզիչ Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման «զոհը»։

Փայլան Արթուրի հետ հանդիպումէն լուսանկար հրապարակած էր Facebook-ի եւ Twitter-ի իր էջերուն՝ կից կատարելով հետեւեալ գրառումը.

«Հանդիպեցայ Արթուրի հետ։ Ան լաւ է։ Միշտ անոր կողքը պիտի ըլլամ։ Պիտի ընեմ ամէն ինչ, որ զինք պաշտպանեմ չարէն»։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով T24-։

Թրքական թերթին տուած հարցազրոյցին՝ պատգամաւորը յայտնած է, որ միջադէպէն ետք ալ կապ կը պահպանէ Արթուրի եւ անոր մօր` Ալինա Ենգիբարեանի հետ:

Փայլանի խօսքով` Արթուրի տրամադրութիւնը շատ բարձր է, անոր կողքը շատ մարդ կայ:

«Կարեւոր էր, որ նաեւ ես էի անոր կողքը: Խօսք տուած եմ, որ միշտ անոր կողքը պիտի ըլլամ: Այսուհետեւ նոյնպէս պիտի պահեմ կապս իր հետ»,- ըսած է Փայլան:

Պատգամաւորի խօսքով` Արթուրի մայրը իրեն ըսած է, թէ երբ իրեն հեռաձայնած է հաղորդման պատասխանատուներէն մէկը՝ ինքը չէ հասկցած, թէ ինչ ըսած է, քանի որ բաւականաչափ թրքերէն չի գիտեր:

«Բացասական արձագանգներէն ետք՝ Արթուրի մայրը խնդրեց, որպէսզի օգնեմ իրեն այս հարցով: Հաւատացէք, որ խորհրդարանի բոլոր պատգամաւորները, նոյնիսկ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները, անվայելուչ համարեցին եւ ըսին, որ ատիկա երեխայի շահագործում է:

Հանրութեան մեծ հատուածը քննադատեց Հաթիփօղլուն, որ կարեւոր էր: Մեր երեխաները ամէն տեսակ շահագործումէ պիտի պաշտպանենք այնքան ժամանակ, մինչեւ անոնք իրենց նախապատւութիւնները իրականացնեն ազատ կամքով»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Արթուրին համոզած էին ուղիղ եթերով իսլամ ընդունիլ։ Տղան նաեւ անուանափոխ եղած էր եւ «ընդունած» թրքական «Նիհաթ» անունը։ «Իսլամի ընդունումը» տեղի ունեցած էր թուրք յայտնի աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի՝ քարոզչական բնոյթ ունեցող հաղորդման ժամանակ։

yerakouyn.com/2019/05/22/մեր-երեխաները-ամէն-տեսակ-շահագործում/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail