«ՁԱՅՆ ԲԱԶՄԱՑ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ՝ ԶՕՐԱՎԱՐ ՆԱՐԵԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

((Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան ծանօթ անուն մըն է լիբանանեան եւ հայկական ռազմաքաղաքական թատերաբեմերու վրայ իր ունեցած դերակատարութեամբ եւ յայտնի կամ ոչ յայտնի գործու նէութեամբ: Իր կուտակած փորձով եւ գիտելիքներով, միշտ շահեկան է լսել ամենատարբեր խնդիրներուն վերաբերեալ իր արտայայտած տեսակէտները,
դիտար կումները եւ գնահատականները:))

«ՁԱՅՆ ԲԱԶՄԱՑ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ՝ ԶՕՐԱՎԱՐ ՆԱՐԵԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

_ Յարգարժան զօրավար, նախ կ’ուզենք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել՝ «Զայն Բազմաց»ի հարցումներուն պատասխանելու ձեր ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար:

Մեր առաջին հարցումը կը վերաբերի Լիբանանի հայ համայնքի ներկայ իրավիճակին: Ծանօթ ըլլալով ռազմական վաստակին առընթեր Ձեր քաղաքա կան-հասարակական գործունէութեան, կը փափաքինք տեղեկա նալ, համայնքի՝ քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, մշակու թային, միով բանիւ՝ կենսագործութեան բոլոր բնագաւառները ընդգրկող ոլորտներուն վերաբերեալ Ձեր դիտարկումներուն եւ գնահատականներուն մասին:

_ Ձեր հարցումին մէջ յիշուած բոլոր բնագաւառները, (քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, մշակութային եւ հոգեբարոյական), հայ համայնքէն ներս ենթարկուած են տարբեր տարողութեան տեղատուութեան եւ կամ անկումի։

Այսինքն՝ համայնքի այսօրուան պատկերը շատ տխուր երեւոյթ մը ստացած է։ Ազգային՝ այսպէս կոչուած իշխանութիւնները, վատառողջ վիճակի մէջ են, եւ ինչպէս որ բոլորս գիտենք, ականատես ենք անոնց անարդիւնաւէտ գործունէութեան։

Բնականաբար այս տխուր եւ անառողջ կառավարումը պատճառ հանդիսացած է համայնքի դիմադրողականութեան տկարացման։
Հետեւաբար՝ երբ մարմնի մը դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ, այդ մարմինը շատ արագ կ’ազդուի մանրէներու եւ ժահրերու ներկայութենէն ու շուտով կ’ընկճուի ու կը մահանայ։

Լիբանանեան հայրենիքի այսօրուան վիճակը շատ ծանր է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումներով, որուն հիմնական պատճառը երկրին ղեկը իրենց ձեռքերուն մէջ առած խմբաւորում ներն են, որոնք իրենց շահամոլութեամբ եւ բարոյական փտածութեամբ երկիրը
հասցուցած են անդունդի եզրին։

Այս փտածութեամբ ներծծուած մթնոլորտին մէջ, հայ համայնքն ալ ենթարկուած է զանազան տեսակի ժխտական ազդեցութիւններու։

Զօրավար Նարեկ Աբրահամեանի ռազմական ծառայութեան կենսագրութիւնը
● 1973-76 ռազմական ակադեմիա:
● 1977-78 Սեպտեմբեր՝ Դասակի հրամանատար։
● 1978-83 Նոյեմբեր՝ Վաշտի հրամանատար ներառեալ
յատուկ գործողութիւններու առանձնայատուկ վաշտեր։
● 1984-90 Օդագրոհային 102-րդ գումարտակի հրամանա տար:
● 1990-94 Լիբանանեան բանակի յատուկ գործողութիւններու (մաղաուիր) գունդի հրամանատար։
● 1994-95 ԱՄՆ հրամանատարական եւ ընդհանուր շտապի դասընթացքներ։
● 1995-97 գումարտակի շտապի 1,3 եւ PR բաժիններու պատասխանատու։
● 1998 Յունուար 9-էն թոշակաւոր։
Մարտարուեստի դասընթացքներ
● 1980 ԱՄՆ (IOBC)
● 1987 ԱՄՆ (IOAC)
● 1994-95 ՍՄՆ (CGSC)
● Ստացած է մարտական եւ ծառայողական բազմաթիւ մետալներ եւ գնահատական գիրեր։
● 1998-ին նախաձեռնած է Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու բնակեցման ծրագիր մը՝ ծանօթ իբրեւ Դից Մայրի։
● 1998 Մայիսէն մինչեւ 2000 Մայիս եղած ՀՀ ՊՆ-ի մարտական պատրաստութեան գծով փոխ նախարարի խորհրդատու։
● Արցախեան ազատագրական պայքարի զանազան գործունէութիւններուն մէջ ունեցած է աշխոյժ դերակատարութիւն։

Մթնոլորտէն օգտուած անձեր, զանազան ոչ ազնիւ ձեւերով եւ ճամբաներով իրենց ձեռքերուն մէջ առած են ազգային իշխանութիւնները եւ յարմար առիթը գտնելով թաղուած են իրենց իշխանատենչ եւ նիւթապաշտ կիրքերը եւ ագահութիւնը գոհացնելու տիղմին մէջ։ Պատուհասներու շարքը, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական հարթակներուն վրայ սկսած են կուտակուիլ եւ անոնց հասցուցած ու դեռ հասցնելիք վնասները անխուսափելիօրէն երեւան պիտի գան մօտիկ ապագային։

Այսօր մենք հսկայական աշխատանքի կարիքը ունինք, կասեցնելու համար նախ համայնքի թաւալգլոր անկումը, ապա՝ եթէ կարողութիւնը ունենանք, օգտակար ըլլալու ընդհանուր իրավիճակի բարելաւմանը։

Գալով լիբանանեան հայրենիքի ռազմական եւ քաղաքական դերակատարութեան հարցին, կրնամ ըսել, որ անկախ ու ինքնիշխան որոշումի կարողութիւնը ի սպառ կը բացակայի մեզմէ, եւ որպէսպետութիւն եւ պետականութիւն՝ հետեւողի եւ կցորդի աննախանձելի վիճակին մէջ կը գտնուինք։ Ընտրուած ռազմավարական նպատակները եւ կողմնորոշումները երկրին համար նպաստաւոր չեն, մանաւանդ՝ մեր համայնքին եւ անոր նման համեմատաբար
փոքրաթիւ համայնքներուն համար։

Մեր համոզումով՝ կեդրոնաձիգ եւ զօրաւոր պետականութիւնը, համայնքներու առողջ գոյակցութեան ու զարգացման միակ գրաւականն է, եւ այս հրամայականը աւելի քան կենսական է, մանաւանդ փոքրաթիւ համայնքներուն համար։ Գերիշխան եւ ինքնիշխան
պետութիւնը՝ ուր սահմանադրութիւնը, օրէնքը, կարգ ու կանոնը գերիվեր են բոլոր հատուածական շահերէն ու նկատա ռումներէն եւ կը յարգուին առանց պայմանի, մեր գոյութիւնը, յարատեւումը եւ բարգաւաճումը երաշխաւորող միակ ապաւէնը կրնայ հանդիսա նալ։
Հայը՝ որպէս խաղաղասէր, կարգ ու կանոն սիրող, աշխատասէր եւ ստեղծագործ հաւաքականութիւն, միայն գերիշխան պետութեան հովանիին տակը կրնայ ստեղծագործել ու յառաջդիմել։

Այս ընտրութիւնը դժբախտաբար չեղաւ ազգային իշխանութիւններու կիզակէտը։ Փտածութիւնը եւ անիշխանութիւնը յարմար գտնե լով, այսօրուան պատասխանատուները պարարտ հող ստեղծե ցին կործանարար երեւոյթներու յառաջացման եւ խորացման համար, եւ նպաստաւորուելով այդ մթնոլորտէն, տարուեցան սեփական ագահութեան եւ փառատենչութեան յագուրդ տալու մոլուցքով։

_ Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, դուք այլոց հետ նախաձեռնեցիք քաղաքական շարժման մը հիմնադրումին, որ որոշ ժամանակ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ ծաւալեց աշխոյժ գործունէ ութիւն։
Ի՞նչ էր այդ շարժման ստեղծման տուն տուող պատճառը կամ պատճառները, տեսլականը, հետապնդած նպատակն ու առաջադրած խնդիրները: Ի՞նչ վերաբերմունքի արժանացաւ, թէ՛ հայ հասարակութեան եւ թէ՛ աւանդական կուսակցութիւններուն կողմէ, եւ ինչո՞ւ
չու նեցաւ շարունակութիւն:

Հաշուի առնելով մեր նախորդ պատասխանին մէջ մատնա նշուած հանգամանքները, այսինքն՝ լիբանանեան ռազմավարական եւ քաղաքական խառնաշփոթ իրավիճակները եւ ելակէտ ունենալով Լիբանանի հայ համայնքի վատառողջ վիճակը, մեզի համար յստակ էր, որ ստեղծուած կացութեան մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժինը կ’իյնար ազգային կառոյցներու ուսերուն։

Անոնց պատասխանատուներու տկար, անձնասէր, փառամոլ, նիւթապաշտ եւ բարոյական ու ազգային արժէքներէն հեռու նկարագիրները կը սպառնային համայնքի գոյատեւման, բարգաւաճման եւ հզօրացման։ Իսկ որովհետեւ այդ ջլատիչ երեւոյթը տարածուած էր
գրեթէ բոլոր կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ այլ հաւա քականութիւններուն մէջ, հարկ էր նոր տեսլականի մը շուրջ հաւաքուիլ, որով հնարաւոր ըլլար թէ՛ լիբանանեան հայրենիքին եւ թէ՛ հայ համայնքի կայունութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման օժանդակել։
Այդ նպատակով մենք սկսանք շարժումի մը, փորձելով դրական ցնցում յառաջացնել առկայ կացութեան մէջ։ Բնականաբար, շարժումը ինչպէս անցեալի, ներկայի եւ ապագայի բոլոր նման շարժումները, կուսակցութիւնները կամ հաւաքականութիւնները կարիքը ունէին
մարդկային, նիւթաբարոյական եւ քաղաքական նեցուկի:

Քաղաքական օժանդակութիւն ստանալու դիմաց մեր դաշնակիցներու առաջադրած անընդունելի պայմանները, առաւել՝ այլոց տրամադրուած լայնածաւալ եւ անսահմանափակ օժանդակութեան դիմաց, մեզի հայթայթուած չնչին, ոչ-հետեւողական եւ ոչ-երկարաժամկէտ օժանդակութիւնը, մեր շարժման գոյատեւմանը չնպաստեցին։

Բոլոր կուսակցութիւնները կամ շարժումները, իրենց ստեղծման սկզբնական փուլին ունեցած են օժանդակութիւններ տարբեր աղբիւրներէ, ինչպէս նաեւ ունեցած են դժուարութիւններ՝ տեսլա կանի, ծրագիրի եւ կանոնագիրի յստակեցման ու բանաձեւման առումով։
Մեր նախաձեռնած շարժումն ալ անմասն չմնաց նմանատիպ տկարութիւններէն:

Այդուհանդերձ՝ սկզբունքային զիջումներու հաշուոյն գոյատեւելու գաղափարը մեզի համար անընդունելի էր, ինչպէս եղած էր պարա գան այլ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու։ Հակառակ մեր սկզբնական յաջողութիւններուն եւ այլամերժ, քարացած մտածողութեամբ եւ
անձնական, նիւթական շահերով առաջնորդուող ազգային կառոյցներու՝ մենատիրական իշխանութեամբ պայմանա ւորուած, գործնականօրէն անհնար եղաւ շարժումը պահել առանց դաշնակից ուժերու կողմէ տրամադրուելիք օժանդակութեանց։ Հետեւաբար, ստեղծուած ոչ-բարենպաստ հանգամանքներու բերումով, դադրեցուցինք շարժման
յետագայ գործունէութիւնը։ Բնականաբար, այդ ընթացքին՝ ազատ մտածող մարդիկ, որոնք կը մերժէին ենթարկուիլ ճնշումներու, կեղեքումներու եւ սպառնալիքներու, իրենց ազատ կամքով համալրեցին անոր շարքերը, իսկ շատ-շատեր ոչ բացայայտ կերպով համակրեցան
անոր, իսկ ուրիշներ բաժնելով հանդերձ առաջադրուած գաղափարերը եւ սկզբունքները, «ինձ գլխացաւ պէտք չէ»ի հոգեբանութեամբ հեռու մնացին շարժումէն։

Յամենայնդէպս՝ շարժման երեւոյթի եզակիութիւնը ակնյայտ իրողութիւն հանդիսացաւ մեր հասարակութեան համար։ Փոխանակ ներքին կարգով փոփոխութիւն ստիպելու, քայլ մը առնուեցաւ, որ Shock therapy-ի երեւոյթի վերածուեցաւ եւ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ քաղաքական ազատութիւնները մեր համայնքին մէջ ճնշուած են, իսկ մարդու արժանապատուութիւնը՝ արհամարհուած ու ոտնահարուած։

_ Արցախեան ազատամարտին մէջ Ձեր ունեցած ներդրումին մասին թերեւս սակաւաթիւ անձեր գիտեն, բայց՝ լաւատեղեակները շատ լաւ գիտեն այդ մասնակցութեան բնոյթին եւ ծաւալին մասին, զոր՝ որքանով մենք տեղեակ ենք, տարբեր ձեւերով եւ միջոց ներով ցարդանընդմէջ կը շարունակուի: Որպէս այս խնդիրին անմիջականօրէն առնչուած եւ անոր յետին մանրամասնութիւններուն ծանօթ ռազմաքաղաքական փորձառու գործիչ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք արցախեան հիմնահարցին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը, եւ
միջազգա յին հարթակին վրայ ռազմական յաղթանակի իրաւաքաղաքական ամրագրումը ապահովելու համար, ի՞նչ միջոցներու գործադրումը կը համարէք հրամայական:

Անշուշտ երբ երկիրներու, ազգերու եւ ժողովուրդներու ռազմաքաղաքական վիճակներուն մասին խօսինք, առաջին հերթին նկատի պէտք է ունենանք տուեալ երկրի աշխարհագրական դիրքը եւ անոր փոխյարաբերութիւնները եւ փոխկապուածութիւնը միջազգային եւ
տարածաշրջանային ազդեցութիւն ունեցող ուժային կեդրոններուն հետ։

Հայաստանը մոլորակի վրայ գոյութիւն ունեցող միակ երկիրը չէ։
Հայ ժողովուրդի պատմական ծննդավայրը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եղած են տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերու թիրախ, անոնց շահերու բախման կամ փոխլրացման տարածք եւ քաղաքակրթութիւններու ստեղծման, շփման ու փոխազդեցութեան միջավայր։

Պարթեւները, Յոյները, Հռովմէացիները, Բիւզանդացիները, Պարսիկները, Արաբները, Սելճուքները, Մոնկոլները, Թաթարները, բոլորին կողմէ Հայաստանը ենթարկուած էր արշաւանքներու, եւ ի վերջոյ ինկած Օսմանեան եւ Իրանեան լուծերուն, ապա Օսման-Թրքական եւ Ցարական-Սովետական Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։
Այդ՝ դարերու վրայ երկարած վիճակը բնականաբար ազդած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի աշխարհագրական, ժողովրդագրական, մշակութային, բարոյահոգեբանական եւ ազգային կենսագործման բոլոր բնագաւառներուն վրայ, զանոնք ենթարկելով հիմնական
փոփոխութիւններու եւ ձեւափոխումներու։

Սակայն՝ 1915 թուականէն սկսեալ գործադրուած ցեղասպանութիւնը՝ խորքային, արմատական եւ էապէս վտանգաւոր փոփոխութեան ենթարկեց հայ ազգի ցեղային իւրայատկութիւնները, իսկ անոր բնօրրան հայրենիքի կորուստով ծայր առած հողին
պատկանելու գիտակցութենէն եւ զգացողութենէն՝ հայ զանգուածներու քայլ առ քայլ օտարացումը, կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Ստեղծուած պատմական իրադրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերու շահերը եւ դերակատարութիւնները ինչպիսի վճռական ազդեցութիւն կրնան ունենալ ժողովուրդներու եւ երկիրներու ապագային վրայ։

Երբ այդ ուժերու շահերը հակադրուին եւ կամ համընկնին, սահմանուած ազգային ռազմավարութիւնն է միայն, որ հնարաւորութիւն կու տայ առաւելագոյնս օգտուիլ եւ կամ նուազագոյնս վնասուիլ իրադարձութիւններու տարաբնոյթ զարգացումներէն:

Հայաստանի եւ հայութեան գերագոյն շահերը ապահովելու համար, յիշեալ գործօններու ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է, ուստի առաջնահերթութեամբ նշենք ազգային անվտանգութեան սպառնացող մարտահրաւէրները։

1) Առկայ նիւթապաշտութիւնը եւ բարոյահոգեբանական փտածութիւնը զորս շեշտուած է վերնախաւին մօտ։

Տկար տնտեսութիւնը, ընկճուած հոգեբանութիւնը, բարքերու այլասերումը, ազգային արժեհամակարգի խաթարումը, հայրենասիրութենէ եւ ազգասիրութենէ զուրկ փառամոլ եւ նիւթապաշտ փտած ղեկավարները, այս բոլորը կը տկարացնեն հայութեան
դիմադրողականութիւնը։

2) Ազգաբնակչութեան թիւը, որ անմիջականօրէն առնչուած է առաջին մարտահրաւէրին։ Թուաքանակը կ՚ապահովէ աշխատող ուժ եւ պաշտպանութեան համար խիստ հարկաւոր մարդուժ։
Այս երկուքը հիմնական ազդակներն են մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնելու եւ բազմատեսակ ու բազմաթիւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։

Հոս կ՚ուզեմ շեշտել, թէ հայութեան կարողականութիւնը եթէ առաւելագոյնս եւ նպատակային օգտագործուի, մենք կարող կ՚ըլլանք շատ արագ վերականգնելու եւ հզօրանալու բազում բնագաւառներէն ներս։
Գալով Արցախին՝ այն Հայաստանի անբաժան տարածքներէն մէկն է, եւ հայութեան ենթագիտակցութեան մէջ արմատացած է որպէս ամբողջական Հայաստանի անբաժան մասնիկ։

Միջազգային դիւանագիտութիւնը հանգուցալուծման տարբերակներու մասին կրնայ խօսիլ եւ բանակցիլ ինչքան կամենայ, սակայն, հակամարտութեան երկուստեք ընդունելի լուծման տարածք մը գտնելու համար, անոնք պէտք է հակամարտ կողմերու պայմաննե րը
ու շահերը հասարակ յայտարարի բերեն, որ շատ դժուար եւ գրեթէ անկարելի իրագործում մըն է։

Ըստ համոզումներուս, Արցախի հիմնահարցը կը լուծուի միայն ուժով եւ ժամանակի գործօնի ճիշդ օգտագործմամբ։ Յաղթողը կը պարտադրէ լուծումներ, իսկ մեզի համար պարտութիւնը տար բերակ չէ՛ եւ չի՛ կրնար ըլլալ։ Յաղթանակ կամ ջարդ ու աղէտ, այս է
Արցախեան հիմնահարցի ուղենշային նշանակութիւնը՝ մեր ազգի գոյութեան,
գոյատեւման եւ հզօրացման համար:

Արցախ, Մարտակերտ ձախէն՝ Սուրիկ, Բեկոր, Նարեկ, Ռուբօ, (Յուլիս 1992)

Այս պատճառաւ, Արցախի ճակատագիրը կ՚որոշէ Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը, որոնք իրենց զաւակներու արեամբ պահեցին, կը պահեն ու պիտի պահեն հողը։ Միայն հանրաքուէի միջոցաւ արձանագրուելիք անոնց կամարտայայտութիւնը, կրնայ որոշել
առաջար կուելիք հնարաւոր լուծման ընդունելիութիւնը։ Իսկ Սփիւռքի հայերուն կը մնայ կարելի ամէն միջոցներով անսակարկ օգնել, յաղթանակը պահելու, խորացնելու եւ յաւերժացնելու համար։

Միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ պատերազմի, եւ միշտ պէտք է յաղթել ու ազատագրել, ապա ազատագրուած պապենական հողերը բնակեցնել եւ շէնցնել, որպէսզի կարենանք գոյատեւել եւ հզօրանալ։
Եւ այդ ճամբուն վրայ արգելքները պէտք է վերացնել, սկսելով ներքին տականքներէն։

_ Շուրջ տարի մը առաջ, համաժողովրդային, ոչ բռնի, ժողովրդավարական գործելակերպով, կարելի եղաւ Հայաստանի մէջ տիրող անյուսալի իրավիճակը յեղաշրջել, եւ անոր բազմակողմանի զարգացումը կաշկանդող յոռի երեւոյթներու վերացման միջոցաւ, երկիրը
զետեղել լուսաւոր ապագայ երաշխաւորող ստեղծագործ վերա կերտման ճանապարհին վրայ:

Որպէս Հայաստանի եւ հայութեան խնդիրներով ապրող եւ մտահոգուող գործիչ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայ իրավիճակը եւ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք նոր իշխանութիւններուն վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան սկզբունքները եւ ուղղութիւնները:

_ Ինչպէս նախորդ պատասխանիս մէջ նշեցի, մեր ազգային անվտանգութեան սպառնացող երկու հիմնական սպառնալիքներէն առաջինը՝ Հայաստանի պետական այրերու մօտ ազգային ու բարոյական արժէքներու անսահման խաթարումն է, նոյնիսկ՝ ի սպառ բա ցակայումը: Անոնց հոգեմտաւոր ընկալումներէն վերացած են մարդկային նկարագիրի վեհ գիծերը եւ նիւթականը դարձած է գերակշռող՝ ազգի շահերուն, հայրենիքի ապագային ու համամարդ կային արժէքներուն նկատմամբ։

Քրիստոս ըսաւ՝ երկու տիրոջ չէք կրնար ծառայել: Աստուծոյ՝ այսինքն հոգիին, եւ դրամին՝ այսինքն նիւթին։ Իսկ հոգիին մէջ կ’ընդգրկուի հայրենիքը եւ ազգը։ Հայ ղեկավարներուն համար դրամը՝ նիւթը, եղած է առաջնահերթութիւն, հոգ չէ թէ մեր հայրենակիցները հարիւր հազարներով լքեն հայրենիքը, ամայացնելով հայոց աշխարհը։

Ուրեմն՝ ինծի համար ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու, այսինքն անյետաձգելի պայման դարձած իշխանափոխութեան համար կար լուծման երկու տարբերակ. կա՛մ արդար ընտրութիւններ եւ կա՛մ յեղափոխութիւն։

Հայաստանի քաղաքացին ընտրեց երկրորդը, եւ անարիւն թաւշեայ յեղափոխութեամբ կատարեց յաջող իշխանափոխութիւն։
Այս քայլը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ի սփիւռս աշխարհի հայութիւնը տոգորեց ապագայի վառ յոյսերով, եւ ինչպէս շատեր, ինձ ալ համակեց վերականգնումի եւ վերազարթօնքի տեսլականով։

Այսուհանդերձ՝ յորդորս է հայրենի ներկայ իշխանութիւններուն, որ որդեգրուած գործելաոճի եւ յայտարարուած նպատակներուն եւ առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ ըլլան առաւելագոյնս զգոյշ եւ շրջահայեաց, մանաւանդ անցումային այս ժամանակահատուածին, եւ իրենց կառավարման արդիւնաւէտութիւնը յաչս հասարակութեան ամրագրեն՝ շօշափելի, տեսանելի եւ չափելի արդիւնքներով:

օօօօօ

Որպէս հուսկ բանք՝ «Ձայն Բազմաց»ը կը հրապարակէ զօրավար Նարեկ Աբրահամեանին մասին, Թալին Կարապետեանի դիմա տետ րի բազմանշանակ գրառումը:

Թալին Կարապետյան

November 18, 2017

Վերջին 4 տասնամյակների սփյուռքահայ արժանավոր դեմքերից ամենից պատվավոր տեղը գրավում է Կեներալ ՆԱ:
ՆԱ տիպար այն հայն է, որ ծառայել է անսակարկ հայ հավաքականության շահերին, մոռանալով իր անձնական «Ես»ը ու հաճախ վտանգի մատնելով իր անձը։ ՆԱ եղել է այնտեղ ուր կարիքն է զգացվել հանդուգն և անձնուրաց մարդու և ղեկավարի, բանակային
թե քաղաքային զույգ ըմբռնումներով:

Իսկական հեղափոխական խառնվածքի տեր, անարդարության դեմ անզիջող ըմբոստ, և իր սեփական շահերը զոհելու աստիճան խղճի ու տրամաբանության տեր Մարդ, որի սակայն ներկայությունը անմիտ ու շահամոլ շրջանակների մեջ դժվար ընդունելի կարող էր լինել, որ արդյունք նա պիտի լքեր իր պաշտած գաղափարի դպրոցը և քայլեր միայնակ, բայց գլուխը միշտ բարձր:

Փոքր տարիքից ունեցել է առաջնորդ մարդու խառնվածք, այդպես վկայություններ կտան նրան մօտիկից ճանաչողները, տկարին միշտ պաշտպան և անարդարին դեմ անվախ բռունցք պարզող։
Լիբանանյան բանակից ներս նրա ծառայությունը ողջ հերոսապատում մըն է եղել, որի մասին մինչև օրս շատեր վկայում են, բայց մանավանդ ամենից ավելի խոսող վկան՝ նրա ոտի վերքերն են:

ՆԱ իր ռազմագետի հերոսական ծառայություններից օգտվել է ե՛ւ Մայր Հայրենիքը ե՛ւ Արցախը՝ պատերազմի թեժ տարիներին, ու ապա Մայր Հայրենիքից անբաժան Ջավախքը… ուր եղել է կարիքը հայ հանդուգն ղեկավարի, այնտեղ իր բարձրարժեք ներկայությունը
դրոշմել է ՆԱ: Բազմահազար հայեր շատ լավ ծանոթ են նրա բարձր արժեքներին ու խոնարհ խառնվածքին, ուստի շահամոլների ստվարթվի մը կրքերին դժվար որ հաջողվի կեղտոտել նրա դիմագիծը, ինչքան էլ բարձր հնչողություն ունենան այդ պարսավանքները: ՆԱ կմնաբարձր ճախրող արծիվ, և սողունների թույնը ոչ մի ձևով վնաս չի հասցնի նրան:

Իմ խոնարհ վկայությունը այս գրությամբ իրա մասին, ուզեցի տալ առանց բացահայտելու իր իսկական անունը, չվիրավորելու համար իր զգացումները, քաջ իմանալով, որ ՆԱ կմնա միշտ արևու նման շողացող դեմք հայկական սփյուռքի բովից ծնած, որ սակայն կարողացավ իր փայլքը ուժեղացնել երբ անցնելով սփյուռքի սահմանները, ծառայության մեջ մտաւ ի սպաս Մայր Հայրենիքի:

Հայկական իրականության մեջ նման անձնավորություններ ճիշդ չե որ մնան միայնակ ապրող գայլեր, հետևելու ենք նրանց՝ վստահ լինելով որ ՆԱի նմանների քայլերն են, որ մեզ պիտի առաջնորդեն դեպի ազգի ապագան պայծառացնող հաղթանակներ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail