ՏԱՀԵՇ Թուրքիան ներառած է իր ապագայ յարձակումներու ցուցակին վրայ

23 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը յայտարարած է ապագայ 36 անձնասպանական գործողութիւններու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի կայքը:

Կազմակերպութեան, այսպէս կոչուած, արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ապու Համզայի կողմէ յանձնարարական ուղարկուած է անձնասպանական գործողութիւններ կատարող ահաբեկիչներու կրթութեան պատասխանատու Ապու Մալիքին: Ըստ փաստաթուղթին, Ապու Մալիքին տրուած է հրաման` «ամէնէն կարճ ժամկէտին մէջ 36 անձնասպանական գործողութեան համար ահաբեկիչ պատրաստելու»:

Այդ ահաբեկիչները պիտի ուղարկուին 14 տարբեր երկիրներ: Կը նշուի, որ այդ երկիրներու շարքին են Լիպիայէն, Ալճերիայէն եւ ասիական շարք մը երկիրներէն բացի նաեւ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութեան պետութիւնները:

akunq.net/am/?p=66438

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail