(Յեղափոխութեան մակարդները) Բռնեց՞ – Չեմ գիտեր կարծես թէ թթու է, բայց քիչ մըն ալ սպասենք․․․

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

(Յեղափոխութեան մակարդները) Բռնեց՞ – Չեմ գիտեր կարծես թէ թթու է, բայց քիչ մըն ալ սպասենք․․․

Բռնեց՞

Չեմ գիտեր կարծես թէ թթու է, բայց քիչ մըն ալ սպասենք․․․

(Յեղափոխութեան մակարդները)

Տիգրան մեծի օրերէն մնացած մակարդ կար եւ այդ մակարդով է որ 1918 Մայիսի 28 թուականի մակարդուած մածունը պիտի ստանար բացառիկ համ ու հոտ եթէ Տան անդամներէն ոմանք «հարամ» չընէին եւ տաքուկ կճուճը քամուն չտային․․․

Այդ թուականէն ետք բազմաթիւ անգամ մակարդեցին այսպէս կոչուած ժողովրդային մակարդներով սակայն արդիւնքը ակնյայտ է բոլորիս, մակարդեցին ռուսական մածունով եւ ստացան գարշահոտ նիւթ մը, մակարդեցին տարբեր տարբեր մածուններով, էլ հրէական էլ ամերիկեան բայց միեւնոյնն է թթու են բոլորը, իսկ վերջին մակարդումը կատարուած է զարգացած գիտական արհեստական թաւշեայ մակարդով որի քաղցրութիւն կամ թթուութիւնը դեռ եւս զգալի չէ, սպասենք կճուճը բացուի եւ համտեսենք չնայած կճուճէն այդքան ալ լաւ հոտ դուրս չի գար, եթէ այս անգամ ալ չբռնեց քաղցր մածուն պիտի անպայման հետաքննութիւն կատարուի ԱԱԾ, ԲԲԳ, ԴԴԶ եւ բոլորը բոլորը սկսին փնտռել Տիգրան մեծի օրերէն մնացած մակարդը սակայն զգոյշ նոյն «հարամող»էն․․․

Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութեան մէջ կը տիրէ ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ․

Մտածելու տեղ կուտայ, ոմանք կըսեն եթէ սիրոյ եւ համերաշխութեան արդիւնքով այսքան ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն պիտի տիրէ ապա աւելի նախընտրելի է յեղափոխութիւնը ըլլայ ատելութեամբ եւ չհանդուրժուող որպէսզի տիրէ սէրը եւ համերաշխութիւնը․․․

Յարգելի քաղաքական Ղեկավարներ, Զոյգ Կաթողիկոսներ, Կուսակցապետեր, Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունեցող Մտաւորականներ, ակադեմիկոսներ, բացակայ Գրողներ եւ իրենց միութիւնը ինչ՞ կսպասէք, կսպասէք որ Հայը Հայու հարուածէ, կսպասէք որ կարմիր գիծերը անցնին եւ յետոյ հանդարտութեան կոչեր ուղղէք, միթէ՞ չէք տեսներ որ ատելութեան սահմանը շատոնց անցած է բոլոր կարմիր գիծերը, ամէն մէկդ ձեր հարթակէն սթափութեան կոչեր ուղղէք Հայութեան Ի Հայաստան եւ Սփիւռք, դուք պարտաւոր էք այդ ընել, յետոյ ինչպէս Անառակ որդու վերադարձի երգը կըսէ ՈՒՇ Է, ՈՒՇ Է․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարէհ Եահնիեան
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail