Յարգելի Ազգային Ժողովի որոշ պատգամաւորներ, յարգելի չկայացած որոշ կուսակցութիւններ եւ խմբակցութիւններ, յարգելի նիւթականի եւ (rating)ի համար ստրկացած որոշ լրագրողներ;
Խնդրանք Մայիսի 28-ի ընդառաջ․
Պարտադիր՞ էր որ ձեր կարդացած բազում գիրքերու, բազում օրինակներու եւ բազում դաստիարակչական երեւոյթներէն ընտրել ամենէ վատը եւ ձեզ համար վերածել Վերնագիր․․․
Բոլորս ալ կարդացած ենք միջազգային Պատմութիւն, բոլորս ալ գիտենք թէ Ներոն կայսրը ինչ ըրաւ որպէսզի անունը յիշատակուի պատմութեան մէջ, «Եթէ չես կրնար լաւութիւն ընել, բարիք ընել եւ անպայման կուզես անունդ մնայ ապա ուրեմն պիտի վատ գործ մը ընես որպէսզի քեզ յիշեն նուազագոյնը թէկուզ որպէս վատ մարդ բայց յիշեն»
Այդ՞ է ձեր նպատակը, այսօր կուշտ փորով մտնել անկողին իսկ պատմութեան մէջ ունենալ անուն․․․
Մայիս 28-ի առաւօտը մօտ է, Հայաստանի հանրապետութեան շարք մը վայրեր հասնելու համար կան Մարմարեայ, Կրանիտեայ մաքուր սահուն ճամբաներ, այդ ճամբաները կը տանեն դէպի Սարդարապատ, «Ղարաքիլիսա» եւ Բաշ Ապարան, խնդրանքս այն է որ եթէ կարողութիւն եւ վեհանձնութիւն չունիք այդ ճամբաներով անցնելու նուազագոյնը ձեր կոյուղու խողովակներու դիրքը փոխէք, Սրբապղծութիւն է երբ այդ ճամբու վրայ հոսի ձեր կոյուղին, փոխէք դիրքը եւ ուղղէք դէպի համապատասխան թիրախի այլապէս Սարդարապատի ոգիով սնուած նախկին թէ ներկայ այս աշխարհէն թէ անդիէն եկած մարտիկները կը փակէն այդ խողովակը կեղտը ձեր իսկ տան մէջ հորդեցնելով․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ