29 մայիս 2018-ի Դատական վճիռի ընդառաջ, եւ դատական աղերսարկուի քաղաքական մահը

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

29 մայիս 2018-ի Դատական վճիռի ընդառաջ, եւ դատական աղերսարկուի քաղաքական մահը

Պատգամաւոր Արմենակ Հարմանտայեանի ելոյթը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ ընտրութիւններու առաջին նստաշրջան

Յարգելի պատգամաւորներ, մանաւանդ երկրորդ ընտրութիւններէ ետք խորհրդարանին միացած նոր պատգամաւորներ:

Կը շնորհաւորեմ Ձեզ, հաւաքական մեր իրաւունքներուն պաշտպանութեան, նպատակներու իրականացման աշխատանքները միասնաբար տանելու ուղղութեան մէջ:

Ես՝ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական, համայնքային եւ հայրենասիրական միութիւններու մշտական յանձնաժողովներու նախագահ, կը հաստատեմ յանձնառութիւնս շարունակելու «Հայկական արմատներէն հեռացած հայերու ուսումնասիրութեան կենդրոնի» գործարկման ծրագիրը խիզախ եւ հաստատակամ:

Նոյնիսկ եթէ՝ ներքին եւ արտաքին ճնշումներու կ՛ենթարկուինք, այդ ամենը խոչընդոտներ չեն մեզի համար, մենք կը շարունակենք մեր ուղին հաստատակամ:

Յարգելի պատգամաւորներ,

Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ նոր պատգամաւորները տեղեկութիւն ունենան եւ Ձեր միջոցով հայրենակիցները տեղեկանան, օրէնքի սահմաններու մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կողմէ պաշտօնազրկուած նախկին գործընկերներու աշխատանքին, ոճին եւ ունակութեան:

Գալով պաշտօնազրկուած նախկին պաշտօնեաներուն, որոնցմէ մին ինքզինք կը ներկայացնէ որպես քառասուն տարիէ ի վեր Հայկական Հարցով զբաղուող մէկը, եւ որ 2018-ի Փետրուարին դատական հայց կը ներկայացնէ Գրեթէյի դատարանի քրէական 10-րդ ատեանին, Փարիզ, Ֆրանսա:

Նախկին պաշտօնեայ Արմենակ Աբրահամեանի դատարան ներկայացուցած մեղադրանքի վերնագիրն է՝ «Մահուան սպառնալիք», հիմնուած հետեւեալ երկու նախադասութիւններու վրայ՝

1. «Դուք առանց իրաւական փաստերու Հարմանտայեան Արմենակի դաւաճան որակելով՝ դուք ձեզ մահուան դատապարտեցիք»:

2. «Եթէ դուք չէք հասկնար աշխարհիկ գրութիւներէ, ապա խոկումի պահերու մէջ պետք է երթալ սորվիլ, հոն կը հասկնաս»:

Նախկին պաշտօնեայ Արմենակ Աբրահամեանի դատական հայցէն պահանջածները հետեւեալն են, «այսինչ» հանցանքի համար 2000 եւրօ, յաջորդ հանցանքի համար 3000 եւրօ, յաջորդ հանցանքի համար 6000 եւրօ եւ շարունակելի, եւ ամենակարեւորը 3 տարուայ բանտարկութիւն:

Հիմայ Ձեզ կը փոխանցեմ փաստագրական եղելութիւնը:

28 Օգոստոս 2017-ին նախկին պաշտօնեայ Արմենակ Աբրահամեան էլ-փոստի հասցէով ուղղուած նամակով, Հարմանտայեան Արմենակի որակեց «դաւաճան»:

26 Նոյեմբեր 2017-ին, Հարմանտայեան Արմենակը ինքզինք պաշտպանեց եւ հրապարակեց յօդուած մը հետեւեալ վերնագիրով. «Դուք առանց իրաւական փաստերու Հարմանտայեան Արմենակի դաւաճան որակելով դուք ձեզ մահուան դատապարտեցիք»:

Յունուար 2018-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կողմէ պաշտօնազրկուած նախկին պաշտօնեան Գառնիկ Սարգիսեան, «western armenia» TV-էն ելոյթ ունենալով, վերջնագիր ազդարագիր սպառնալիքով յայտարարեց, որ տարածաշրջանի տեղի իշխանութիւնները պիտի տան իրենց պատասխանը…»,

14 Յունուար 2018-ին՝ յօդուածով մը, Հարմանտայեան Արմենակը պատասխանեց այդ սուտ ու կեղծ պնդումներուն:

եւ յունուար 2018-ին, դատական հայցի թղթածրարը հասաւ Հարմանտայեանի հասցէին:

13 Փետրուար 2018-ին, դատավարութեան առաջին նիստը, բացակայութեամբ հայց ներկայացնողի:

10 ապրիլ 2018-ին, դատավարութեան երկրորդ նիստը, բացակայութեամբ հայց ներկայացնողի:

29 Մայիս 2018-ին, դատավարութեան երրորդ եւ վերջին նիստը, արդիւնքը դատաւորի կողմէ արտասանուած, «pas de suite», այսինքն՝ «շարունակելի չէ»: ne peut pas être suite. չի կարելի շարունակուել:

Դատավարութեան վերջին նիստէն վեց ամիս ետք պաշտօնական վճիռը կը ստանանք:

Դատավարութեան վերջին նիստէն հազիւ երկու ժամ անց հայցուորը յօդուած մը կը հրապարակէ:

Հարմանտայեան Արմենակ
27 Սեպտեմբեր 2018, Փարիզ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail