Խմբագրական. Մեծ Նպատակի Կենսագործման Ուղիները

28 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:

(Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստանի
Յայտարարութեան 100-ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 101-ամեակի խուրհուրդը այս տարի կը կեդրոնանայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ազգային-քաղաքական առաջադրանքի բանաձեւման վրայ: Հարիւր տարի առաջ, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր համազգային նպատակը` համահայկական գաղափարախօսական առանցքի ճշդումով:

Ամբողջական հայրենիքի կերտման այս առաջադրանքին նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ կիրարկուեցաւ խիստ քաղաքականացուած մօտեցում: Հայրենիքի խորհրդայնացումը հարուածեց նպատակի համահայկականացման հոլովոյթը: Ազգային տրամաբանութեամբ դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել նման առաջադրանքի մերժումն ու անոր նկատմամբ ընդդիմախօսութիւն ծաւալելը: Ազատութիւնը սակայն պիտի ընկալուէր իբրեւ համայնավարական միակուսակցականութեան կամ միակարծութեան դէմ շարժում, անկախութիւնը` Խորհրդային Միութենէն անջատուելու տրամադրութիւն, իսկ միացեալը` Խորհրդային Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու շրջանցումով, թշնամական տրամադրութիւններու ալիքաւորման փորձեր:

Արդարութեան հաշուոյն պէտք է արձանագրել նաեւ, որ նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, խորհրդահայ վարիչներ եւ որոշակի մտաւորականութիւն հիմնովին սատարեցին Ցեղասպանութեան հիմնահարցի բարձրացման եւ անկէ անդին` Թուրքիոյ հետ տարածքային խնդիրներու պետական փաստաթուղթերու ամրագրման դժուար աշխատանքին:

Կը թուէր, որ վերանկախացումէն ետք ազատութեան եւ հայրենիքի վերամիաւորման առաջադրանքներով արագ անցում պիտի կատարուէր դէպի նպատակի համահայկականացում: Համահայկական առաջադրանքի ռահվիրայ ուժը շատ արագ պիտի ենթարկուէր բռնութեան. քաղաքացիական ազատութեան արժէքները խիստ հարցական պիտի դառնային անկախ Հայաստանի առաջին վարչակարգի օրերուն: Ստուերոտ հատուածի մէջ կը մնար նաեւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը, ո՛չ միայն Թուրքիայէն տարածքային խնդիրներ չարծարծելու ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ, այլեւ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջադրանքին մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղումով: Այստեղ ալ պէտք է նկատել, որ Արցախի վերակցման պահանջներու առաջին շրջանը էապէս կը տեղաւորուի միացեալ Հայաստանի գաղափարին մէջ` իբրեւ հայրենիքի տեսլականի առաջին փուլ:

Հետագային, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ վերադարձով նպատակի վերաամրագրման հիմերը տեսանելի կը դառնային: Պարզ էր, որ Թուրքիոյ հետ տարածքային խնդիրներ ուղղակի արծարծելը ակնկալելի պիտի չըլլար պետական մտածողութեամբ: Անհրաժեշտ էր սակայն այդ տեսլականի իրաւական արգելակումին առաջնորդող ճամբաներուն չներքաշուիլը: Այլ խօսքով` Երեւան-Անգարա արձանագրութիւնները մերժելը կամ անոնց չեղեալ յայտարարման համար պայքարիլը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը այժմէական նշանակութիւն ունեցող շեշտերով յղում կ՛ընէր Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին: Պետական ատեաններէ տարբեր առիթներու բարձրաձայնումներ կը կատարուէին հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան: Տակաւի՛ն. բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կ՛ընդգծէին Հայաստանի Հանրապետութեան կորսնցուցած տարածքներու վերատիրացման աշխատանքին ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Սահմանադրական դատարանի նախագահին գլխաւորութեամբ յանձնարարական կը կատարուէր հատուցման ամբողջական իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան:

Նպատակի վերապետականացման ուղղութեամբ առնուած կարեւորագոյն քայլեր էին նշուածները: Այդ երթի ճամբաներու հարթման համար եւ մանաւանդ իբրեւ իրաւաժառանգորդ Հայաստանի Հանրապետութեան յայտարարած համազգային տեսլականին ընդառաջ աշխատելու` միացեալի չափ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անշուշտ առաջին երկու նպատակակէտները:

Այս պատճառներով ալ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը աշխարհաքաղաքական բարդ, յարափոփոխ պայմաններու մէջ պիտի շարունակէ հաւասարակշիռ, փոխլրացուցիչ վարքագիծը` առաւելագոյն անվտանգութիւնը ապահովելու համար անկախութեան:

Իրաւական պետութիւն ստեղծելու յայտարարուած առաջադրանքի կենսագործման համար լիակատար յարգէ մարդու, քաղաքացիի բոլոր իրաւունքները:

Եւ իբրեւ առաջին հանգրուանի առաջին փուլ` համախմբէ համահայկական ներուժը` նպատակաուղղուած աշխատանք իրականացնելու համար Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ:

aztagdaily.com/archives/439450

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail