«Այսօր Պարտաւոր Ենք Միասնաբար` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի Եռապատիկ Ուժն ու Հնարաւորութիւնները Ծառայեցնելու Հայաստանին», Սարդարապատի Մէջ Ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան
28 ՄԱՅԻՍ 2019 –
Մայիս 28-ի առաւօտեան Սադարապատի յուշահամալիրի մօտ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն մասնակցեցան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան անդամներ։ Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին Սարդարապատի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգեցին անոնց յիշատակը։
Այնուհետեւ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական քաղաքական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին: Վեց մեթր բարձրութեամբ կարմիր տուֆէ կերտուած յուշակոթողը հեղինակած են ճարտարապետ Հայկ Ասատրեանը եւ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանը:
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պետական այրերու գործը կենդանի է, անոնց երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսներու արիւնը ի զուր չէ հեղուած, Սարդարապատի մէջ՝ իր ելոյթի ժամանակ ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
«Այսօր կը տօնենք մեր հազարամեայ պատմութեան ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը` Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրը: 1918-ի Մայիս 28-ին Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի հերոսամարտերէն ետք հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ առաջին Հանրապետութիւնը, ատիկա տեղի ունեցաւ ժամանակաշրջանի մը, երբ կը թուէր, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հասած է իր աւարտական փուլը: Բայց տեղի ունեցաւ հակառակը, անսպասելին, եւ հայ ժողովուրդը ձեռք բերաւ այն, ինչ կը թուէր, որ կորսնցուցած է անդառնալիօրէն, ձեռք բերաւ պետականութիւն: Այստեղ հեղուած սուրբ արեան վրայ կառուցուած է մեր պատմութեան առաջին Հանրապետութիւնը: Ահա սա է ամենակարեւոր պատճառը, որ ամէն տարի Մայիս 28-ին մենք կը հաւաքուինք այստեղ, մենք կու գանք ըսելու, որ կը գիտակցինք մեր պատմական պատասխանատուութիւնը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսներուն առաջ, մենք կու գանք բարձրաձայնելու երեք ճակատամարտի հերոսներուն, որ անոնց արիւնը ի զուր չէ հեղուած, որ անոնց սերունդները այսօր հպարտ կը քալեն այն նոյն հողին վրայ, ուր կը հանգչին իրենք, որուն նոր իմաստ ու բովանդակութիւն հաղորդած են իրենք իրենց անասելի զոհողութիւններով ու սխրանքներով», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց` Սարդարապատի յուշահամալիր կ՛երթանք Առաջին Հանրապետութեան պետական այրերուն ըսելու, որ անոնց բարձրացուցած դրօշը երբեք թանգարանային նմոյշ չէ, այլ կը ծածանի որպէս Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան թիւ մէկ խորհրդանիշ: Վարչապետը շեշտեց` անոնց գործը կենդանի է, անոնց երազանքը կ՛ապրի եւ պիտի իրագործուի:
Վարչապետը յիշեց Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը կերտած նահատակները, առաջին Հանրապետութիւնը կերտած պետական այրերը, կառավարութեան անդամները` գլխաւորութեամբ առաջին Հանրապետութեան չորս վարչապետներուն` Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ալեքսանդր Խատիսեանի, Համօ Օհանջանեանի, Սիմոն Վրացեանի: «Ձեր սխրանքներով ոգեշնչուած են Արցախեան ազատամարտի հերոսները` Վազգէն Սարգսեանէն մինչեւ Մոնթէ Մելքոնեան, Քրիստափոր Իւանեանէն մինչեւ Լէոնիդ Ազգալդեան, ձեր սխրանքներով ոգեշնչուած են Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսները` Ռոպերթ Ապաճեանէն մինչեւ Քեարամ Սլոյեան, Արմենակ Ուրֆանեանէն մինչ Ադամ Սահակեան: Ձեր սխրանքներով ոգեշնչուած են հայոց բանակի շարքայիններն ու սպաները, աւագ սպաներն ու գնդապետները, որոնք ամէն օր անխոնջ կը կրեն հայրենիքի անվտանգութեան ծանր, բայց հպարտանալու պատասխանատւութիւնը… Ձեր սխրանքներով ոգեշնչուած է ՀՀ ազատ եւ հպարտ քաղաքացին, որ իր սեփական իշխանութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ, որ տէր դարձած է ձեր հիմնած, ձեր ստեղծած հայրենիքին մէջ»,- եզրափակեց վարչապետը:
Այնուհետեւ պետական այրերը ու տօնակատարութեան մասնակիցները Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ դիտեցին «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ մայիսեան հերոսամարտերու պատմութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը:
torontohye.ca/այսօր-պարտաւոր-ենք-միասնաբար-հայաստ/?