28 ՄԱՅԻՍ 2019 –
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԱՆԱԼ ԱՐԱՄԻ ՈՒՂԻՈՎ
Արամ Մանուկեանը Դաշնակցականի տիպարի կենդանի օրինակներէն մէկն է, որ կարողացաւ ամբողջ հաւաքականութիւն մը զարթօնքի մղել, իր ազատագրական վեհ գաղափարներով:
Դաշնակցական մը, որ հայրենի հողին հանդէպ ունէր սէր մը, դրոշմուած էր հայապահպանման մտածումներով:
Շատ հազուադէպ կը պատահի տիքտատորական վարչակարգի մը մէջ, ուր ղեկավար մը կարճ ժամանակ ետք հրաժարի իր պաշտօնէն, առանց յեղաշրջումի:
«Տիքտատոր», Արամը ա՛յն քիչերէն էր, որովհետեւ »ես»-ի գոյութիւնը իր անհատականութեան մէջ աւելի նուազ տեղ կը գրաւէր հաւաքական ես-ի հրամայականէն, որովհետեւ իրեն համար պաշտօնները արժէք չունէին, այլեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումներն էին, որուն կ՚ենթարկուէր վեհ գիտակցութեամբ:
Արի, ընկերասէր ու խիզախ Արամ Մանուկեանը, իր իսկ օրինակով ճրագ մը հանդիսացաւ, որուն բոցերու նշոյլներէն կազմուեցան իրերայաջորդ սերունդները:
ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
Ես այն սենեակն եմ, ուր քանի մը ամիս առաջ հաւաքուած էինք եւ ծրագիրներ կը մշակէինք Երկիր գնալու համար, ուր ամէն տեսակ կատակներ կ’ընէինք՝ նոյնիսկ մահուան մասին: Այժմ իմ այդ բոլոր ընկերները, որոնք մահն անգամ կատակի կու տային, զոհ են գացեր իրենց գաղափարներուն: Սպաննուած էին թէ Մշեցի Կայծակ Վաղարշակը, թէ Ալեքսանդրապոլցի Պատուալի Վաղոն, թէ ասլանակերպ Ռուս էորգը եւ թէ Թումանը՝ մեր բոլորի հոգիին ձգողական կեդրոնը, եւ ուրիշ շատերը մեր այն ընկերներէն, ինչպէս Երկաթն ու Յովհաննէսը (Մակարեան), որոնց հետ գեղեցիկ երազներ կը հիւսէինք, երազներ, որոնք այժմ ցնդած էին իմ մէջ: Եւ այն աստիճան հիասթափուած էի, որ այլեւս անմիտ կը համարէի նոյն ճանապարհով գնալը եւ գործելը:
Մինչ սուտ քուն եղած, վերմակը գլուխս քաշած կ’ուզեմ ծածուկ լաց լինել եւ քիչ մը հանգստանալ, յանկարծ ներս կը մտնէ Սերգէյը, վերջին մնացորդը իմ ընկերներէս: Ան լուռ կը նայէ ինծի, կարծես թէ նա կը զգայ տառապանքը, կը թափանցէ իմ հոգիի ներսը, կը հասկնայ զիս: Արդեօ՞ք այն պատճառով, որ ինքն ալ նոյն ցաւը կը զգայ, ինքն եւս կը տանջուի տեսնելով զիս, որ մեր խմբակի վերջին մնացորդն էի:
– Ինչպէ՞ս վերջացաւ, ինչպէ՞ս դու ողջ մնացիր, երեւի դուն ալ ինծի նման սեւ բու լինելու բախտն ունես:
Եւ խեղճ Սերգէյը սկսաւ լալ: Նա իրաւունք ունէր լալու, քանի որ մէկը միւսի ետեւէն կորսնցուցած էինք մի ոգով եւ մի գաղափարով տոգորուած, մի ուղղութեամբ աշխատող երիտասարդ եւ գաղափարական մեր ընկերները: Այս մի տարուան մէջ մեր դպրոցական կամ յեղափոխական տղաներէն, որոնց հետ ուխտած էինք միասին գործել, միասին մեռնել, գրեթէ բոլորը մեռած էին. չկային Եգորը, Իսաջանը, Խաչիկը, Թումանը, Վաղոն, Վաղարշակը, Երկաթը, Յովհաննէսը, Ռուս էորգը: Միւսները ձերբակալուած կամ փախած էին: Մնացեր էինք թոյլերը. լաւերը բոլորը կորսուած էին: Սերգէյը մանրամասն պատմեց Կարսի անցուդարձը, անձնական եւ կուսակցական հարիւրաւոր ընկերներու կորուստը, մեր խումբերու նահատակութիւնը: Ցնցող էին անոր պատմածները:
Ահա այդ խումբը իր ամբողջ կազմով կ’ոչնչանայ, իր հետ տանելով թանկագին ուժեր, եւ այդ բոլորը Սերգէյի աչքին առջեւ: Մերոնք թշնամիէն իրենց թիւէն աւելի սպաննած էին՝ զօրքեր ու քրտեր, բայց ի՞նչ օգուտ, քանի որ մեր կորուստը աւելի զգալի էր, քանի որ խումբը չէր հասած իր խոստացող մի քանի կարեւոր ընկերներ:
Յետոյ կ’երթայ Թումանը:
Սերգէյ յուսալքուած կը պատմէր մանրամասնութիւնները մահուան այն ընկերներուն, զորս գուրգուրանքով ճամբած էր Երկիր եւ որոնք բոլորը սպանուած էին, եւ ինքը միայն դժբախտութիւնն ունէր ապրելու անոնցմէ յետոյ:
– Անոնց մահը ինծի հանգիստ չի տար, կ’ըսէր ան, եւ ես կ’ուզեմ երթալ Երկիր ու իմ դիակս աւելացնել անոնց դիակներու վրայ: Այդքան զոհերէն յետոյ, ապրելը ամօթ է մեզի համար:
Եւ երբ յայտնեցի անոր իմ յուսալքումը, որ հակառակ եզրակացութեան բերած էր զիս, ան չառարկեց եւ չըսաւ, որ ես սխալ եմ:
– Ըրէ՛ այնպէս, ինչպէս կը դատես, իսկ ես վճռած եմ, ինչ գնով ալ լինի, գնալ Իշխանի ճամբով Վասպուրական եւ այն ճանապարհը, որմէ դու ետ ես դարձեր, ես պիտի շարունակեմ: Դու արդէն մկրտուեցար կռուի մէջ, ես ալ նոյնը պիտի փորձեմ Երկրի մէջ:
Մենք նոյն վիշտն ունէինք, բայց այդ վիշտը բաժանած էր մեզ եւ մեր ճանապարհները: Զիս դէպի յուսալքում տարած էր, իսկ Սերգէյին մղած էր ծայր աստիճան յամառութեան: Ես տուի Սերգէյին մանրամասնութիւնները ճանապարհներու մասին եւ ըսի որ ամենայամարն է եւ ամենադիւրինը Երկիր անցնիլ Թադէոս Առաքեալով, ուրտեղէն ես կարող էի անցնիլ, եթէ ցանկանայի:
«Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները,
Ռուբէն, Ա. հատոր
«Սէրգէյի (Արամ) հասկացողութեամբ մեր հայրենիքը նման է ընկոյզի մը, որ կը բաղկանայ միջուկէ մը, կեղեւէ մը եւ կեղեւի պաշտպան կանաչ կաշիէ մը: Միջուկը կ՚ընկնի Արաքս, Կուր, Եփրատ եւ Արածանի գետերու վերին ակունքներուն վրայ, այսինքն Շիրակը, Կարսը, Բարձր Հայքը, Տարօնը: Կեղեւը կÿընկնի նոյն գետերու միջին հոսանքներու վրայ, աւելացրած Ճորոխի հոսանքը: Կաշին կ՚ընկնի նոյն գետերու ստորին հոսանքներու վրայ, աւելացրած Վանայ Ծովի հովիտը եւ Տիգրիսի հովիտներուն աղբիւրները: Կորիզը որ լինի, ան կը ստեղծէ կեղեւը: Կեղեւը, որ ստեղծուեցաւ, ան իր կաշին կը ստեղծէ եթէ կեղեւ ու կաշի ունենաս, բայց կորիզը չունենաս, ընկոյզը փուճ է: Ուրեմն, մեր առաջին նպատակը պէտք է լինի Հայաստանի կորիզը ազատագրելը»:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները՝
Ռուբէն Տէր Մինասեան
Երեւանի «Յատուկ Կոմիտէ»ի զինուորական վարիչի իր պաշտօնը հեղինակաւոր զինուորականի մը վստահելու առաջարկ կը ներկայացնէ Արամը 1918-ի գարնան: Պաշտօնը երբ կÿառաջարկուի զօր. Մովսէս Սիլիկեանին (Արարատեան դաշտի հայ բանակի հրամանատար), ան կը մերժէ, ըսելով՝ «Ես կը հրաժարուիմ, որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու… Ոչ մի զինուորական վերարկու ոչ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ Արամը ունի: Նրանից յարմար վարիչ մեզ համար չէք գտնի: Ես ինքս անձամբ կը խնդրեմ, որ նա չթողնի այդ պաշտօնը»: Եւ Արամը կը մնայ զինուորական վարիչի պաշտօնին վրայ… պաշտօն մը, որ ան կը վարէ իմաստութեամբ մինչեւ Սարդարապատի յաղթանակը եւ Հայաստանի անկախացումը:
Քաղուածք «Արամը» հատորէն
«Մեր կուսակցութեան մէջ ո՛չ ոք Արամի աստղը չունի: Եւ ինչպէս հոյակապ փայլում է այդ աստղը: Արամն է, որ լուսաւորում է բոլորիս ճամբան: Այժմ, մեր այս ծանր, անհնարին պայմաններում նա այլեւս մարդ չէ, հրա՜շք է: Մեծ մարդկանց յատուկ քայլերով, թռիչքներով է առաջանում: Արամը միայն մեր՝ Դաշնակցութեանը չէ. նա այլեւս բոլորինն է»:
Սարգիս Օհանջանեան (Ֆարհատ)
Դաշնակցութեան առաջին սերունդի գործիչ
«Զարմանալի էր Արամը այդ օրերին (1918 Մայիսին): Համատարած յուսալքումի այդ շրջանում նա մնաց միշտ յուսադրող, ոգեւորող՝ հաւատ ու եռանդ ներշնչող… թէեւ ռազմաճակատի եւ թիկունքի միջեւ առանձին տարբերութիւն չկար, բայց Արամի միտքը կլանուած էր առաջին գիծը ամուր եւ անսասան պահելու հոգսով: Արամը իր շնչով վարակում էր ամէնքին»:
Արշալոյս Աստուածատրեան
Արամի գլխաւոր գործակիցներէն
«Արամը Դաշնակցութեան զաւակն էր, միաժամանակ անոր ոգին: Ան նաե՛ւ սեփականութիւնն էր հայ դարաւոր ժողովուրդին, ճիշտ այնպէս, ինչպէս Դաշնակցութիւնը, իբրեւ բարոյական հսկայ ոյժ մը, ամենէն առաջ հայութեան զաւակն է ու անոր սեփականութիւնը…
«Անսահմանօրէն անկեղծ էր Արամը դէպի բարեկամն ու թշնամին: Անկեղծութիւնը անոր յաջողութեանց ու պարտութեանց պատճառն ու հետեւանքն էր միաժամանակ…
«Արամը ունէր կազմակերպչական ինքնատիպ տաղանդ, որուն շնորհիւ ան գիտէր ստեղծել սերունդներ, գիտէր մարդկանց հրամայել որպէսզի երթան մեռնին, գիտէր մարդկանց խնդրել, որպէսզի այլեւս չսպանեն…
«Արամի մահուան թափօրը կանգ առաւ երկու նուիրական հիմնարկութիւններու՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի խորհրդարանի շէնքերուն առջեւ, որովհետեւ ան Դաշնակցութեան ոգին էր եւ Անկախ Հայաստանի հիմնադիրը…
«Այսօր կրօնական երկիւղածութեամբ մը կարտասանուի իր անունը, վասնզի անիկա մեր օրերու Մովսէսը եղաւ, որ առաջնորդեց մեզ բոլորս Կարմիր Ծովերէն եւ Երեւանի Ազգային Խորհրդարանի վրայ կախեց մեր ցեղի Անկախութեան եւ Ազատութեան նուիրական նշանատախտակը»:
Օննիկ Մխիթարեան
yerkir.am/news/view/175421.html?