Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի Մշտական Յանձնախումբի ՀԱՒԱՏԻ խօսքը, երկրորդ նստաշրջան, ԵՐԵՒԱՆ 19-10-2014

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)

Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի Մշտական Յանձնախումբի ՀԱՒԱՏԻ խօսքը, երկրորդ նստաշրջան, ԵՐԵՒԱՆ 19-10-2014

ՀԱՒԱՏԻ ԵՒ ԲԱԺՆԷ ՈՐ ՏԻՐԵՍԻ ՄԱՍԻՆ

Վերջ ի վերջոյ հաւաքական ուժը աւելի զօրեղ է , քան անհատականը:

Պատմութիւնը վկայ է «Վերջին երկու հազար տարին» Հայոց Տրդատ Թագաւորը, Գրիգոր Լուսաւորիչի թելադրութեամբ, պարտադրեց քրիստոնէութիւնը: Վստահ ամբողջ Հայ ժողովուրդը չընթունեց պարտադրուած նոր կրօնը, փաստ, որ, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ունինք որոշ մարդոց կողմէ անուանուած հեթանոսները եւ քրիստոնէութիւնը չընթունած արորդիները,

պատմութիւնը վկայ է…

ՀՐՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ, ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽԱԼԻՖԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ, յետոյ կարգը կու գայ սելճուքներուն:

Նախ գրաւեցին մեր ինչքերը, մեզ օգտագործեցին իրենց նպատակներուն յաջողութեան համար, ամէն ինչ պարտադրեցին, նոյնիսկ հայերէն չէիր կրնար խօսիլ, /ՎԿԱՅ ԻՄ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԷՍ 3-5- ԵՒ 7 ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՀԱՍԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՐԵՔՆ ԱԼ ՀԱՅԵՐԷՆ ՉԷԻՆ ԽՕՍԵՐ/ յետոյ կարգը եկաւ օսմանցիներուն, նոյն բեմադրութիւնը՝ ինչքերը գրաւել, տուրք պարտադրել վաստակածէդ աւելի, պատերազմի ժամանակ զինուոր հաւաքել իր քաղաքական շահերը ապահովելու համար, մահմետականութիւն պարտադրել, թէ չէ կեավուր ես պէտք է մեռնիս:

Սիրելի ներկաներ պատմութիւնը վկայ է նաեւ, ՆԱԽԱՊԷՍ ԱԼ ՋԱՐԴԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԷԻՆ, վերջապէս հասաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, առիթը օգտագործելով, ջարդ, /իրենց ըսածը, տեղահանութիւն/, հողի գրաւում, պանքերու մէջ հայերու ունեցուածքով, իր պարտութեան պարտքերը փակել, ահաւասիկ ասիկա բաժնէ որ տիրես է, մեր կողմէ եւ մեր քով հիւրեր եկածներու եւ մեր երկիրը գրաւածներու կողմէ:

Սիրելի ներկաներ պատմութիւնը վկայ է

Սելճուքներու արշաւանքը, օսմանցիներու արշաւանքներու արդիւնքը, հողի, ինչքի, հարստութեան, կորուստ, ֆիզիքական կորուստ եւ պապենական հողերու կորուստ, եւ վերջապէս միջազգային համայնքին անտարբեր եւ անպարկեշտ կեցուածքը մինչեւ այսօրուան թուականը, ահաւասիկ ասիկա բաժնէ որ տիրես է , մեր կողմէ եւ մեր քով հիւրեր եկածներու եւ մեր երկիրը գրաւածներու կողմէ:

Կարգը եկաւ մեզ——

Կուսակցութիւնները, եկեղեցիները, կազմակերպութիւնները, եւ այլք, լաւ գործ տարին պահպանեցին մեզ ձուլումէ, մինչեւ հոս կը խոնարհիմ այն եկեղեցականներուն, այն կուսակցական ընկերներուն, այն կազմակերպութիւններուն եւ այն անձնաւորութիւներուն առջեւ, որ հայապահպանման գործը տարին:

Մինչեւ հոս շատ լաւ, ասկէ ետք եկեղեցականները, բոլոր կուսակցութիւններու մէջ պաշտօն ունեցողներէ ոմանք, ամեն այլանդակութիւն ըրին իրենց դիրքիրը պահելու համար, ԱԶԳԱՅԻՆ գործ տանելու պիտակին տակ, ամէն ինչ ըրին իրենց անձնական կիրքիրը եւ շահերը պահելու համար, վկայ 1958-ի հարցերը եւ կազմակերպութիւններու միջեւ հաշիւ մաքրելը, ՎԿԱՅ 1975-ԵՆ ԵՏՔ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ԵՒ ԻՐԱՐ ՄԻՋԵՒ ՀԱՇԻՒ ՄԱՔՐԵԼԸ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ Հասարակութեան մէջ կը լսէինք —

Եթէ այս կուսակցութեան կամ այս դաւանանքին չես պատկանիր, ուրեմն ՀԱՅ չես:

Ձեզի յիշեցնեմ, ո՛չ եկեղեցականը, ո՛չ կուսակցութիւնները, եւ ոչ ալկազմակերպութիւնները կրնան որոշել ՀԱՅԸ ՀԱՅ է, թէ ոչ:

ՈՒՐԵՄՆ

ՀԱՅԸ ՀԱՅ է միայն արիւնով, ըլլայ անկրօն, ըլլայ քրիստոնեայ, ըլլայ մահմետական, պուտիստ եւ զանազան այլ կրօններու մէջ, միակ որոշելու ձեւը արիւնն է:

Սիրելի ներկաներ,

Անձնական, ընտանեկան, կուսակցական, ազգային եւ պետական շահերը երբեք իրար հաւասար չեն եւ չեն կրնար ըլլալ, աշխարհը մինչեւ այսօր բաժնէ որ տիրես կը խաղայ, իր շահերը պաշտպանելու համար, իսկ մենք տգէտներս բաժնէ որ տիրես կը խաղանք մեր մէջ, ոչ թէ մեր շահերը պաշտպանելու, այլ աշխարհին շահերը, նոյնը կը կատարուի այսօր ԱՄԵՆ ՏԵՂ, ՍՓԻՒՌՔ, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ,
ՍՓԻՒՌՔ Կ՛ԸՍԵՆՔ ՈՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԱՍԻՆ Է ԽՕՍՔԸ, ԱՆԻԻ ԿԱՐԾԱՆՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՑՐՈՒԱԾՆԵՐԸ, ԹԷ 1880-ԵՏՔ ՑՐՈՒԱԾՆԵՐԸ, ԹԷ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄէՆ, ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ Է, ԹԷ ԱՅՍՕՐՈՒԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԶԱՆԱԶԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ
ԼՔՈՂՆԵՐԸ, ՆՈՅՆՊԷՍ ՈՐՆ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆԸ, ՍԻՐԵԼԻ ՆԵՐԿԱՆԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐ, ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՉԳԻՏՆԱՆՔ ԱՅՍ ՎԵՐԻ ՏՈՂԵՐՈՒ, ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԸ, ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԼՈՂԱՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՈՂՄԷ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԼՈՂԱՒԱԶԱՆԻՆ ՄԷՋ:

ՍԻՐԵԼԻ ՆԵՐԿԱՆԵՐ, ՍԻՐԵԼԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐ ՄԻԱԿ ԵԼՔԸ ԲԱԺՆԷ ՈՐ ՏԻՐԵՍ ԼՈՂԱՒԱԶԱՆԷՆ, ՀԱՒԱՔԵԼ ԵՒ ՏԻՐԵԼՆ Է:

Այս ամԷնը գիտնալով հանդերձ պիտի չյուսահատինք, այլ պիտի աշխատինք ամէն ցրուած ոււժերը հաւաքել եւ ամբարել, Պետական Ազգային Գաղափարախօսութեան մէջ:

Մենք Հայերս, հեթանոսները, քրիստոնեաները, իսլամացածները եւ մնացած կրօններու հետեւորդները, եթէ ամուր հիմքերու վրայ չդնենք մեր պատրաստած օրենքները , օրինագիծները , նայելով եւ սերտելով գոնէ տասը հազար տարուայ մեր նախնիներու պատմութիունը եւ չի հաւասարակշռենք մեր անցեալը , ներկան եւ գալիք ապագան, մեր գործերով, մեր ծարայութեամբ ապա անյապաղ
պէտք է նոր վարդապետութիւն մը, նոր օրինագիծ մը ստեղծել, մեր պատմութեան եւ մեր բոլորիս վայել, Հայ Արիները, Հայ աստուածները, մեր նախնիները, մեր նահատակները այս են պահանչած մեզմէ եւ գալիք սերունդներէՆ:

ՍԻՐԵԼԻ ԱՐԻՒՆԱԿԻՑՆԵՐ, ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅ ԱՐԻՆԵՐ

Նկատի ունենալով վէրջին տասը հազար տարուան մեր նախնիներուն ՀԱՒԱՏԸ, այդ օրերու ԱՆԱՀԻՏ Աստուած, ՎԱՀԱՔՆ Աստուած եւ այլն, մեր օրերու Հեթանոս մնացած, Քրիստոնեութիունը ընդունած «Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետերանական, Մահմետականութիւն զանազան ձեւերով ընդունած, Պուտիստ եւ զանազան ուրիշ անուն կրօններու եւ վերջապէս գալիք երկու հազար տարուան ՄԱՐԴՈՒ կողմէ նոր ստեղծուելիք կրօններու շարունակութեան մէջ առթուն, եւ առողջ միտք մնալուհամար:

Վերջին երկու հազար տարուան մէջ , մեր գլխուն խաղցուած, բաժնէ որ տիրեսը, կրօնապէս եւ քաղաքանապէս, ուշացած, բայց այսօրուայ դրութեամբ ժամանակն է հաւաքուինք մեր արիւնակիցները անխտիր բոլորը եւ տիրենք մեր նախնիներու հողերուն:

ՍԻՐԵԼԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐ

ՎԷՐՋԻՆ ԱՅՍ ՕՐՈՒԱՆ ԽՕՍՔՍ, ԱՆՅԱՊԱՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ ԵՒ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴՆԵԼ ԱՅՍ ՕՐԻՆԱԳԻԾ ՕՐԷՆՔԸ, ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՔՍՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՏԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿՈՂՄԷ, ԴՈՒՔ ԹԷ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵՔ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ԱՆՑՆԻ ԱՅՍ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ, ԵԹԷ?

ԱՅՍՊԻՍՈՎ , ՊԵՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԻ, ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ ԱՌԱԾ Կ՛ԸԼԼԱՆՔ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հիմայ Որոշ մարդիկ պիտի ըսեն, որն է Արեւմտեան Հայաստանը, որն է Արեւմտեան Հայաստանի Աքսորական Խորհրդարան եւ այլն, եւ այլն, ձեզ կ՛ըսեմ, մեզ համար կայ մէկ Հայաստան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՎ, ԱՅՍ Է ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի Մշտական ՀԱՒԱՏԻ Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմենակ Հարմանտայեան 19/10/2014 ԵՐԵՒԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail