Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս Ամիսը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մայիս ամիս: Բառերը վառ գոյն կ՛առնեն սրտիս մէջ, երբ կ՛ուզեմ խօսիլ մայիս ամսուան մասին, որովհետեւ մայիսը մեզի համար յաղթականներու ամիս է:

Տխրասարսուռ եւ մահագոյն մեր պատմութիւնը մայիս ամսուն էր, որ իր ընթացքը փոխեց: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ այլ ճակատներու յաղթանակը առաջնորդեց մեր հայրենիքի անկախացման, նաեւ մայիս ամսուն էր, որ Շուշիի ազատագրումը առաջնորդեց Արցախի ազատագրման:

Յարգա՛նք եւ հազա՛ր փառաբանանք` այն հերոսներու յիշատակին, որոնք «խիզախ կեանքով մահը հեգնեցին եւ հպարտ մահով մեր սեւ կեանքին փայլ տուին»:

1918 մայիս 28-ի անկախութեամբ ոգելցուած հայու սրտին մէջ յանկարծ յոյսի նշոյլ մը պսպղաց: Մօտ 600 տարի թուրքի կեղեքումի տակ կքած հայուն շնչելը դարձած էր տաժանք, հետեւաբար անկախացած հայրենիքի եւ իր հողին անքակտելի կապը բարացուցական երեւոյթ մըն էր:

Մայիս 28-ի անկախութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ միասնական խիզախ հայ ազգի զաւակներուն աննկուն կամքի ուժին առջեւ անկարելին իսկ կարելի է: Արդեօք մայիս 28-ի յիշատակը չէ՞ր, որ տարիներ շարունակ ասպանդական հայ որբի գոյատեւման միակ հոգեկան աղբիւրն էր:

Անգամ մը եւս զգացական ոլորտներուն մէջ սուզուած` յիշատակներ վերստին կը յառնեն մտքիս մէջ, եւ կը յիշեմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վտանգաւոր օրերը, երբ մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը ինքնին յաղթանակի, յաւերժական պայքարի, հայրենասիրութեան եւ հայապահպանումի դարբնոց մըն էր: Անոր յաղթանակի ուրուականը տարիներ շարունակ մեր սրտերուն մէջ ծլարձակուեցաւ, փթթեցաւ, ծաղկեցաւ ու հասակ առնելով` խանդավառ հայրենասէր, անվեհեր հերոսներ պատրաստեց, պատրաստ` նոյնիսկ գերագոյն զոհաբերման:

Մայիս ամսուն էր, որ Շուշին ազատագրուեցաւ` անգամ մը եւս հաստատելով, որ մեր կայմը տակաւին կանգուն է, մինչեւ այն ատեն որ մենք ունինք ազգային գիտակցութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած սերունդներ ամբողջ: Մեր ազատամարտիկներուն շիրիմները վկայ` մենք պատրաստ ենք նաեւ ազատագրելու Վանն ու Մուշը, Կարինը, Բաղէշը, Խարբերդն ու Նախիջեւանը եւ իրականացնել մեր գերագոյն երազը, որն է` ստեղծումը միացեալ, ազատ, անկախ հայրենիքի:

Այս տողերս կ՛աւարտեմ ազգային, գեղեցիկ, իմաստալից երգով մը, որ կ՛արտացոլացնէ հայրենասէր երիտասարդներու հոգեվիճակը.

Նպատակիս հասնիմ միայն,
Թող զիս հանեն կախաղան,
Կախաղանէն խեղդուկ ձայնով
Պիտի գոչեմ, ա՜խ Հայաստան:

Ա՜խ Հայաստան, սիրտս ու հոգիս,
Քեզ նուիրեմ ընդունէ,
Թէ կարելի, թող ես մեռնիմ
Հայրենի՛քս, դուն ապրէ:

www.aztagdaily.com/archives/439432

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail