31 ՄԱՅԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի յայտարարեց, թէ «եգիպտական իշխանութիւններուն յանձնեցինք ահաբեկիչներ, որոնց շարքին է Հիշամ Աշմաուին»` նշելով, որ վերջինս ահաբեկչական խմբաւորումներու մարզումի պատասխանատուն է:
«Օտար կողմեր Լիպիոյ մէջ ահաբեկիչներուն եւ շրջանին մէջ անոնց տեղափոխութեան կ՛աջակցին», ըսաւ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած բանակին բանբերը` նշելով. «Լիպիական բանակը կը կռուի յանուն խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան»:
«2018-ին Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ փնտռուած ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչը ձերբակալեցինք», ըսաւ Միսմարի:
Լիպիական ազգային բանակին բանբերը նաեւ նշեց. «Հարիւրաւոր ահաբեկիչներ կը գտնուին Թրիփոլիի կամ Թուրքիոյ մէջ»:
aztagdaily.com/archives/439756