Զգուշ` Ազրպէյճանական Քարոզչական Մեքենան Կը Գործէ

Այնճար Մուսալեռ, Հայկական Աւան Լիբանան - 1966-ի-Այնճարի-Յառաջ-վարժարանին-բակը

31 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ա. Ա.

Ազրպէյճանի պետական քաղաքական վարքագիծը, ուր հակահայ քարոզչութիւնը եւ հայատեացութեան տարբեր տեսակի դրսեւորումները տիրական են, նորութիւն մը չէ, եւ տարօրինակ պիտի ըլլար հակառակը ակնկալել: Պաքուի իշխանութիւնները օրն ի բուն ճշմարտութիւնները եւ իրականութիւնները խեղաթիւրելու, միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու եւ պատմական ու քաղաքական նենգափոխումներու միջոցով ապատեղեկատուութիւն տարածելու նպատակաուղղուած քաղաքականութիւն մը կը վարեն` թիրախ ունենալով Արցախի պետութիւնը: Նպատակը յստակ է: Արցախը վերադարձնել Ազրպէյճանի գերիշխանութեան:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցութիւններուն կապուած իւրաքանչիւր իրադարձութիւն եւ զարգացում իր ազդեցութիւնը ունի բանակցային հոլովոյթին վրայ, տագնապին առնչակից կողմերուն` Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի շահերուն եւ քաղաքական նպատակներուն իրագործման ճիգերուն վրայ եւս որոշ ազդեցութիւն ունենալով:

Այս ծիրին մէջ է, որ ազրպէյճանական քարոզչական մեքենան իր բոլոր հատուածներով եւ միջոցներով` լսատեսողական, բանաւոր եւ գրաւոր, այս օրերուն լծուած է տենդագին աշխատանքի, որպէսզի Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն կապուած իւրաքանչիւր դէպք եւ զարգացում ներկայացնէ իբրեւ շարժառիթ, որ Հայաստանի պետութիւնը կը գտնուի տագնապահար վիճակի մէջ` ներքին քաղաքական մրցակցութիւններու, տնտեսական ահաւոր տագնապի, աղքատութեան քառասուն առ հարիւրէ աւելի չափանիշի, ընկերատնտեսական բարդ խնդիրներու ընդհանուր համայնապատկերի մը վրայ, չափազանցուած լրատուութեան մը ճամբով հակահայ քարոզչութիւն կատարելով: Նուազագոյն առիթ կը շահագործուի, որպէսզի Հայաստանի պետութիւնը ներկայացուի իբրեւ չկայացած, տագնապահար եւ փլուզման եզրին գտնուող հանրապետութիւն մը:

Ազրպէյճանական այս քարոզչական քաղաքականութիւնը տակաւին հասկնալի է թերեւս: Անհասկնալին եւ անընդունելին ազրպէյճանական կողմին առիթներ շնորհելու անհեռատեսութիւնն է, որ նոյնքան վտանգաւոր է, որքան` ազրպէյճանական ճիգերը: Երբ, օրինակի համար, արցախեան տագնապին առնչութեամբ որոշ մթնոլորտ մը կը սկսի առաւել շեշտուիլ, ինչ կը վերաբերի հայաստանցի-արցախցի անհանդուրժողականութեան մը, որ բաւական մեղմ եզր մըն է` բաղդատած վերջերս շրջանառութեան դրուած «դաւադիր», «դաւաճան» կամ «ազգակործան նպատակներ հետապնդողներ» բնութագրումներուն հետ, իրավիճակը կը վերածուի սուր վարակումի մը նմանող հիւանդութեան մը, որ կարիքը ունի կտրուկ բուժման, որպէսզի չտարածուի եւ մահացու չդառնայ:

Հայաստանցի-ղարաբաղցի արհեստական բաժանումէն այս օրերուն ամէնէն աւելի օգուտ քաղողը Ազրպէյճանն է, եւ դժբախտաբար ասիկա լուրջ թեմայի վերածուած է ազրպէյճանական լրատու աղբիւրներուն համար, որոնք ասիկա կը շահարկեն Արցախի տագնապին առնչութեամբ միջազգային հանրային կարծիքը շեղելու եւ ազրպէյճանամէտ մթնոլորտ ստեղծելու համար: Ասիկա իսկապէս մտահոգիչ է, եւ առհասարակ Հայաստան-Արցախ այս բաժանումը, որ վերջերս աւելի սկսաւ խորանալ, պէտք է կանգ առնէ` անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ կը բխի, ո՛վ կը կանգնի անոր ետին: Այս իմաստով ալ իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնն է կանխել եւ կանխարգիլել չափազանց վտանգաւոր այս իրավիճակը: «Պետական դաւաճանութեան մասին հասարակութեան մէջ առկայ են դրդիչ ուժեր, որոնք կը փորձեն օգտագործել կացութիւնը` հայաստանցի-ղարաբաղցի դաւաճանական տարբերութիւնը ներդնելու համար», յայտարարեց գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեանը, որ նաեւ չափազանց մտահոգիչ գտաւ վերջին օրերուն կատարուած այն յայտարարութիւնները, որ Արցախի մէջ կան ուժեր, որոնք դաւադիր են, եւ որոնք իրենց դաւաճան եւ դաւադիր ազգակործան խնդիրները լուծելու համար պատրաստ են պատերազմ սադրել:

Արցախեան գոյամարտէն պատուով դուրս եկաւ հայութիւնը` հազարաւոր նահատակներու արեամբ ամրագրուած յաղթանակը ծառայեցնելով Արցախի պետութեան ապահովութեան երաշխաւորութեան: Ներկայիս, երբ Ազրպէյճան բնաւ չի ծածկեր պատերազմ մը շղթայազերծելու իր ախորժակները, Արցախի պետութեան սահմաններուն ապահովութեան, Արցախի անկախութեան պահպանման եւ արցախահայութեան ֆիզիքական ապահովութեան երաշխաւորման համար պատերազմի պատրաստ ըլլալու հանգամանքը, արցախեան տագնապին լուծման երաշխիք մը ըլլալէ աւելի, գոյութենական արդար պայքարի մը միջոց է: Խաղաղասէր արցախցին անշուշտ որ կը մերժէ պատերազմը, որ միայն մահ, աւեր եւ քանդում կը բերէ: Պատերազմը ի սկզբանէ մերժուած է արցախահայութեան կողմէ: Բայց երբ ազրպէյճանական վտանգը կը դառնայ անխուսափելի, ճակատումը նաեւ կը դառնայ անխուսափելի եւ Արցախը իր թիկունքին ունենալով Հայաստանն ու սփիւռքը` պատրաստ է իր հողերը, պատիւն ու ապահովութիւնը պաշտպանելու: Ասիկա պատերազմասիրութեան հետ կապ չունի, այլ պարտադրուած անարդարութեան մը դէմ դնելու արդար իրաւունք է:

Մինչ այդ կենսական պահանջ է խուսափիլ ամէն տեսակի քայլէ, խօսքէ, վերաբերումէ եւ մօտեցումէ, որոնք ազրպէյճանական քարոզչական ջաղացքին ջուր կը լեցնեն:

aztagdaily.com/archives/439684

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail