Թէ՛ Եւրոպան, Թէ՛ Միացեալ Նահանգները Օրակարգի Վրայ Հայկական Բանաձեւ Կը Բերեն Թուրքիան Հարուածելու Համար. Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարար
30 ՄԱՅԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, Պոլսոյ մէջ սեւծովեան շրջանի կազմակերպութիւններու հաւաքի ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն` նշելով, որ 1990-ական թուականներէն մինչեւ 2000-ական թուականներ երկրին մէջ 12-15 հազար ահաբեկիչ ոչնչացուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը:
«Միջազգային ասպարէզի վրայ Թուրքիոյ հեղինակութիւնը աճած է: Այս ազգին հարուած հասցնելու համար, թէ՛ Եւրոպան, թէ՛ Միացեալ Նահանգները իրենց ուզած պահուն միշտ օրակարգ կը բերեն հայկական բանաձեւ: Մեզ իբրեւ կոտորող ազգ ներկայացնելու համար: Միջազգային ասպարէզի վրայ մեզ մեկուսացնելու համար: Թուրքիան սուրիական հարցին եւ սուրիացիները ընդունելու հարցին մէջ քաղաքականութիւն որդեգրած է: Այս պահուս աշխարհի որեւէ երկրի ներքին գործոց նախարար այստեղ կու գայ, կը զբօսնէ ճամբարներուն մէջ, անոնց կենսակերպին կը հետեւի: Երթալու ատեն ալ կ՛ըսեն` դուք մեծ ազգ էք: Իսկ ետքն ալ մեզ կը դատապարտեն հայկական բանաձեւով: Մեր առջեւ տասնեակ տարիներու ցուցափայտով մեզ դաստիարակել փորձող աշխարհ կայ», ըսած է Սոյլու:
yerakouyn.com/2019/05/30/թէ՛-եւրոպան-թէ՛-միացեալ-նահանգները-օր/