Լարուած Կացութիւն Թրիփոլիի Մէջ. Բանակային Մը Նահատակուեցաւ

Այնճար Մուսալեռ Հայկական Միակ Աւանը Լիբանանի Մէջ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ 3 յունիսին` մօտաւորապէս ժամը 23:00-ին, Ապտել Ռահման Մապսութ անունով անձ մը կրակ բացած էր Կեդրոնական դրամատան Թրիփոլիի մասնաճիւղին, Ներքին ապահովութեան ուժերու Թրիփոլիի կեդրոնատեղիին եւ լիբանանեան բանակին պատկանող հրասայլի մը ուղղութեամբ: Իբրեւ հետեւանք` լիբանանեան բանակէն զինուորական մը նահատակուած է, իսկ երկու ուրիշներ` վիրաւորուած:

Իսկոյն ապահովական արտակարգ վիճակ տիրեց Թրիփոլիի մէջ, ապահովական ուժերն ու բանակը տարածուեցան ամէնուրեք:

Ոչ պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՏԱՀԵՇ-ը, իսկ Ապտել Ռահման Մապսութ 2014-ին Թրիփոլիի մէջ բանակին դէմ եղած բախումներուն եւ գործողութիւններուն մասնակցած է: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Մապսութ անձնասպան եղած է, այդպիսով ալ վերջ գտան զինեալ բախումները:

aztagdaily.com/archives/440194

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail