Թայֆուրի Օդակայանին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Այնճար Մուսալեռ Հայկական Միակ Աւանը Լիբանանի Մէջ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտարարեց, թէ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են իսրայէլեան նոր յարձակումի մը, որուն թիրախը Հոմսի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուրի օդակայանն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Զինուորական աղբիւրը նշեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են օդակայանին դէմ արձակուած հրթիռներէն երկուքը:

Յարձակումին պատճառով սուրիացի զինուոր մը զոհուած է եւ 2 ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ հարուած ստացած է զինապահեստանոց մը, եւ կարգ մը շէնքեր ու զինուորական մեքենաներ վնասուած են:

Կիրակի օր Իսրայէլ Քնէյթրայի արեւելեան գիւղական շրջանը հրթիռակոծած էր, այդ պատճառով ալ սուրիացի 3 զինուորներ զոհուած էին եւ 7 ուրիշներ վիրաւորուած: Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած ու վնասազերծած էին հրթիռներ, որոնց թիրախը սուրիական բանակի Դամասկոսի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող դիրքերն էին:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնած էր, որ թիրախներու շարքին էին երկու հրետանիներ եւ Կոլանի շրջանին մէջ հսկողութեան ու տեղեկահաւաքի շարք մը դիրքեր, ինչպէս նաեւ օդային պաշտպանութեան «ՍԱ-2» համակարգ մը: Ըստ անոր, իսրայէլեան բանակը հակադարձած է Սուրիայէն բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ Ժապալ Շէյխի ուղղութեամբ հրթիռներու արձակման:

aztagdaily.com/archives/440229

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail