Ինչպէ՞ս Եւ Ո՞ւր Հայկական Հարցը Լուծման Պիտի Յանգի

Այնճար Մուսալեռ Հայկական Միակ Աւանը Լիբանանի Մէջ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Գործել առանց սկզբունքի` կը նմանի
ժամացոյցին նայիլ անոր սլաքներու տեղը
ճշդելով պատահականօրէն:ՏԻԿԻՆ ՄԱՆՈՆ ՌՈԼԱՆ*

Հայկական հարց: Եւ անկէ անդին:

Ի՞նչ է այդ հարցի էականութիւնը, երէկուան, այսօրուան եւ վաղուան նշանակութիւնը` ազգի լինելութեան տեսանկիւնէ:

Ի հարկէ ազգի վերաբերող բոլոր խնդիրները իրենց կարեւորութիւնը ունին, բայց անհրաժեշտ է առաջնահերթութիւններ ճշդել, ոչ թէ միայն ներկային համար, այլ մանաւանդ` գալիքի նախատեսութիւններով:

Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դեռ բաց վէրք է, որուն պէտք չէ մօտենալ միայն բարեսիրական, յիշողութեան եւ մարդկայնական տեսանկիւններէ, որոնք կը դրսեւորուին ճանաչումներով: Ես համոզուած եմ, որ հակառակ ներկայի ուրացումներուն եւ ժխտումներուն, թուրք ժողովուրդը, հետեւելով իր լուսամիտ մտաւորականութեան, քաղաքական եւ մարդկային պարտք պիտի համարէ իր պատմութեան հետ հաշտուիլ, պիտի ընդունի կատարել իր բարոյական պարտականութիւնը: Թուրք ժողովուրդը, վաղ թէ ուշ, անբնական պիտի գտնէ իր մտաւորականներու բանտարկութիւնը, անոնց կամաւոր կամ պարտադիր աքսորը, որուն պատճառով կը տուժէ իր մարդկային եւ քաղաքացիական որակը:

Մոլեռանդութեան դէմ պիտի ցցուին գիտութիւնը եւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը: Փակուած թերթերը եւ հեռատեսիլի կայանները, բանտարկուած եւ դատարան տարուած մտաւորականները այդ գիտութեան եւ աճող գիտակցութեան փաստերն են: Թուրքիան փակուղիէն դուրս պիտի գայ, երբ հասուննայ այն միտքը, որ իր աշխարհագրական տարածքը սոսկ թրքական չէ, երբ ընդունի, որ երկիրը բազմամշակութային եւ բազմազգ տարածք է: Այսօրուան կարծրացումները այս հիմնական ըմբռնումին մասին կը վկայեն, զայն արգելակելու կը միտին:

Հայկական հարցը պիտի լուծուի Թուրքիայով: Այս լուծման ճանապարհին թուրք կառավարութեան դէմ կանգնող են ոչ միայն հայկական քարոզչութիւնը կամ այն երկիրները, որոնք Ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան, այլ Թուրքիոյ ուսումնական դասը` սկսելով համալսարանականներէն, որոնք կ՛ուսումնասիրեն անցեալը, կ՛ուզեն գիտնալ: Ըսի` թուրք կառավարութեան դէմ կանգնող, քանի որ ան, ուսումնասիրութեան արդիւնքով, ճշմարտութեան եւ իրաւունքի յայտնաբերումը կը համարէ վտանգ Թուրքիոյ ամբողջականութեան պահպանման: Թուրք կառավարութիւնը լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ որ այսօր կը պահուի զինու զօրութեամբ, խճանկար է (mosaïque):

Թուրքիան չէ կանգնած միայն Հայկական հարցին դիմաց: Հարցերը բազմաթիւ են, քանի որ թուրք պետութիւնը հիմնուած է բազմաթիւ ժողովուրդներու հայրենիքներու գրաւման վրայ: Իսկ այդ ժողովուրդները, թրքացուած ըլլան թէ ոչ, հոն են, իրենց հողին վրայ, անոնք ըլլան հայ, քիւրտ, ասորի, յոյն, արաբ, լազ, եզիտի, ալեւի թէ այլ: Եթէ հարիւր տարի վերջ անոնք դեռ կը յիշեն, ինչ ալ ըլլան պետական ուրացումները, ժխտումները, անգիտացումները, ճնշումները եւ հալածանքները, կը նշանակէ, որ խճանկարը կը մնայ այդպէս, քարտէսի միութիւնը երկրի միութիւն չէ դարձած:

Փաստօրէն, թուրք պետութիւնը այս կացութենէն դուրս գալու համար պարտաւոր է պայքարիլ երկու ճակատի վրայ. առաջինը` ներքին, քրտական ճակատն է, քաղաքական եւ յեղափոխական յաջողութիւններով եւ նահանջներով, երկրորդը հայկական արտաքին ճակատն է, առաւելաբար` արեւմտեան, որ կը խոչընդոտէ, օրինակ, Թուրքիոյ երազած Եւրոմիութիւն մուտքը, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման կարգախօսներով: Առաջին ճակատին վրայ յաղթանակ չի կրնար տանիլ, քանի 2019-ը 1915 չէ, չի կրնար մութի մէջ ցեղասպանութիւն գործել` քանի մը տասնեակ միլիոն քիւրտերը ոչնչացնելով, իսկ երկրէն դուրս չի կրնար լռութեան դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող երկիրները:

Հետեւաբար, կա՛մ կը հաստատէ մոլեռանդներու վրայ կռթնած զինուորական դրութիւն, կ՛ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` որպէս այդպիսին, կը շարունակէ զինուորական կրունկներու տակ ճզմել քիւրտերը եւ ինքզինք կը մեկուսացնէ քաղաքակիրթ աշխարհէն, կա՛մ կը հետեւի իր լուսամիտ մտաւորականութեան անցեալը ճանչնալու, գնահատելու եւ ըստ այնմ գործելու ընթացքին` փնտռելով նոր ուղիներ համերաշխութեան, արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգնումի:

«Չափաւոր իսլամականութիւն» խաղալու ճապկումներու հնարները սպառած են` Հրանդ Տինքի սպանութեամբ:

Թուրք մտաւորականութիւնը, նաեւ` հայ, կոչուած են կարեւոր դերակատարութեան: Պէտք է կարենան Թուրքիոյ իշխանաւորներէն առնել զանգուածին հետ խօսելու մենաշնորհը` զայն լուսաբանելով: «ԱԿՕՍ»-ի դերը կարեւոր է այդ ուղղութեամբ, բայց` անբաւարար: Ինչպէ՞ս հասնիլ այդ զանգուածին, իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, կոչ ընելով անոր ողջմտութեան: Ինչո՞ւ ձեւով մը չթելադրել եւրոպական երկիրներուն` կատարել թրքերէնով պարկեշտ հաղորդումներ, որոնք լսուին Թուրքիոյ մէջ: Հայաստան կրնա՞յ, միջոցները ունի՞ այդ ընելու` ոչ քարոզչական եւ ոչ կողմնապաշտական եղանակով:

Մուսթաֆա Քեմալի քարոզած աշխարհիկ-լայիք կարգերու վերադարձը պէտք է ջատագովել` անոնց տալով ամբողջական իմաստ:

Այդ աշխարհիկի եւ ժողովրդավարութեան ճամբով Թուրքիան կրնայ գտնել արդարութեան եւ ճշմարտութեան ուղին, հաշտուիլ իր խիղճին եւ անցեալին հետ:

Այս ուղիին յառաջապահը թուրք մտաւորականութիւնն է, ան, որ մնացած է երկրին մէջ, ան, որ ինքզինք աքսորած է: Երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն այդ մտաւորականութեան հետ պէտք է նային ոչ միայն անցեալին, այլ նաեւ` ապագային, որպէսզի իրականանայ միասին ապրելու հնարը, որ խաղաղութեան եւ զարգացման ուղին է:

Պէտք է մտածել իրենց իմաստութեան գինը իրենց կեանքով վճարածներու օրինակով: Պայծառ դէմքով Madame Roland-ի խօսքով եթէ գիտնային առաջնորդուիլ ազգերու եւ երկիրներու առաջնորդները, այլ ձեւի մոլորակի մը վրայ կ՛ապրէինք: Ան ըսած է. «Գործել առանց սկզբունքի` կը նմանի ժամացոյցին նայիլ անոր սլաքներու տեղը ճշդելով պատահականօրէն»:

Ինչպէ՞ս կը լարեն եւ կը լարենք սլաքները:

Վաղուան իմաստութիւնը պիտի ըլլայ` ճանչնալ եւ ընդունիլ անցեալը, սրբագրել սխալները, վերջ տալ պատմական ճշմարտութեան ուրացման, որ անհասկացողութիւն եւ կիրք կը հրահրէ, վերացնել չարիքի արմատները եւ մուտք գործել իրաւունքի եւ արդարութեան սպասուած շրջանակին մէջ:

Թուրքիան նոր ժամանակները մուտք պիտի գործէ, երբ համալսարաններուն մէջ ուսուցուի պատմական ճշմարտութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը դառնայ բնական կանոն:

Եւրոպան եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքը, նաեւ` մեծ պետութիւնները, մոռնալով իրենց տնտեսական շահերը եւ թնդանօթի առեւտուրը, պէտք է օգնեն, որպէսզի Թուրքիայով յատկանշուող աշխարհի բազմազգ այդ շրջանին մէջ իրաւունքը վերահաստատուի եւ երաշխաւորուի:

Պէտք է օգնել, որ Թուրքիան կարենայ յաղթանակ տանիլ ինք իրեն դէմ:

Մեծերը պէտք է ուզեն այդ ընել, այդ կրնան ընել: Փոքրերը զինաթափ պէտք չէ ըլլան, այդ յիշեցնեն եւ պահանջեն:

Հիմա հեռու եւ մօտ չկայ լսելու եւ լսուելու համար: Անհրաժեշտ են` ճիշդ կողմնորոշում, յանձնառութիւն, յարատեւութիւն եւ քաջութիւն:

12 մայիս 2019, Երեւան

* Կուսակցապետ կին, հռչակաւոր Madame Roland անունով, գլխատուած` կիյոթինով, ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան օրերուն:

aztagdaily.com/archives/440161

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail