Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»-ը Այսօր Մահամերձ Է Մարդու Իրաւունքներու Խնդրով

04 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ա. Ա.

Եւրոպական Միութեան դռները թակող Անգարայի իշխանութիւնները նոր յուսախաբութիւն եւ զայրոյթ ապրեցան, երբ միութեան ընդարձակման քաղաքականութեան մասին Եւրոպական յանձնաժողովի ընթացիկ տարուան զեկոյցին մէջ յստակօրէն նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները փակուղի մտած են, որովհետեւ Անգարայի իշխանութիւնները ոչ մէկ պարագայի կը յարգեն մարդու իրաւունքները եւ կ՛երաշխաւորեն խօսքի ազատութիւնները Թուրքիոյ մէջ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումներ ունի:

2005-ին Պրիւքսէլի մէջ ընթացք տրուած անդամակցութեան բանակցութիւններէն ի վեր ամէնէն խիստ ոճը եւ լեզուն գործածելով` Եւրոպական յանձնաժողովը բուռն քննադատութիւններու տարափ մը տեղացուց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հասցէին` շեշտելով, որ երկրին տարածքին օրէնքն ու մարդու տարրական իրաւունքները բրտօրէն ոտնակոխուած են, եւ ոչ մէկ ցուցանիշ գոյութիւն ունի, որ Անգարա իր այս բռնատիրական բնոյթի քաղաքականութենէն ետդարձ պիտի կատարէ:

Եւրոպական յանձնաժողովը իր քննադատութիւնները կառուցած է յստակ տուեալներու վրայ: Դեկտեմբեր 2018-ի տուեալներով, առանց դատավարութեան թրքական բանտերուն մէջ գտնուող ընդդիմադիրներուն թիւը աւելի քան 57 հազար է, ինչ որ Թուրքիոյ բանտային բնակչութեան ընդհանուր թիւին շուրջ քսան առ հարիւրը կը կազմէ: Դատավարութեան սպասող բանտարկուած այս թուրքերուն եւ քիւրտերուն վիճակը իսկապէս ողբերգական նկարագրելով` Եւրոպական յանձնաժողովը նկատել կու տայ, որ ոչ մէկ պարագայի արտօնելի եւ ընդունելի է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու յաւակնութիւն ունեցող երկրի մը մէջ նման կացութեան մը:

Եւրոպական Միութեան ընդարձակման ընթացիկ տարուան զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ հասցէագրուած խիստ քննադատութիւններուն առարկայական դրդապատճառներէն մին է նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի Իրաւաբաններու ընկերակցութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրը, ուր հրապարակուած են ցնցիչ տեղեկութիւններ` նախկին դիւանագէտներու բանտային տանջանքներու մասին, պարզապէս այն չհաստատուած կասկածներով, որ անոնք կապեր ունին նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի երբեմնի զօրակից, բայց այժմ թունդ հակառակորդ Ֆեթհուլա Կիւլենի հետ:

Բնականաբար, ինչպէս` ամէն խնդրի եւ հարցի պարագային, այս անգամ ալ Թուրքիոյ պետութեան ներկայացուցիչները մերժեցին Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղած քննադատութիւնները եւ գործի լծեցին արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆարուք Քայմաքճին, որ անօրէն եւ անհամաչափ քննադատութիւններ անուանեց Եւրոպական յանձնաժողովին մատնանշումները: «Թուրքիա առողջ դիրքերու վրայ կը գտնուի: Թուրքիան Եւրոպա է», յոխորտաց ան: Մինչդեռ եւրոպական ոչ մէկ երկրի մէջ, օրինակի համար, բանտերը կը գտնուին յիսուն հազարէ աւելի ընդդիմադիրներ, որոնց դատավարութեան նիստերուն մասին ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ կրնան սկսիլ:

Յամենայն դէպս, երբ հարցը կը վերաբերի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա բնաւ լաւ դիրքերու վրայ չի գտնուիր եւրոպական աւանդական կուսակցութիւններու արձանագրած ոչ քաջալերական արդիւնքներուն պատճառով, որովհետեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ աւանդապահ եւ պահպանողական կուսակցութիւններուն մենաշնորհը համարուած քուէներու մեծամասնութեան պատկերը այլեւս այդպիսին չէ, եւ որեւէ քուէարկութիւն ու յատկապէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի առնչուած քուէարկութիւններ կրնան անակնկալներ արձանագրել: Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, օրինակի համար, հարցախոյզերու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ազգայնական ուժերը առաջատար դիրքերու վրայ կը գտնուին: Մարի Լը Փեն եւ Մաթէօ Սալվինի Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ բուռն պայքար կը մղեն` արմատապէս մերժելով Թուրքիան սեպել Եւրոպական ցամաքամասին անդամ ըլլալու թեկնածու մը եւ բացայայտօրէն կ՛ընդդիմանան Թուրքիոյ վարած «եւրոպական» քաղաքականութեան:

Այս իրողութիւնն է, որ վստահաբար աւելի զայրացուցած է Թուրքիոյ վարիչները, որոնք մերթ ընդ մերթ նաեւ կը դիմեն շանթաժի, որ պիտի կասեցնեն անդամակցութեան բանակցութիւնները:

Եւրոպա չի կրնար ձեռնածալ մնալ ու պարզ դիտողի դերին մէջ գտնուիլ, երբ հարցը կը վերաբերի մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութիւններու: Եւ երբ խնդրոյ առարկան Եւրոպայի երբեմնի Հիւանդ Մարդն է, կը նշանակէ, որ հարցերը առաւել բարդ կը թուին: Եւ հոս է, որ հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ: Թուրքիա անցեալին Եւրոպայի Հիւանդ Մարդն էր: Իսկ հիմա՞:

aztagdaily.com/archives/440149

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail