04 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՄՐՈՑ:
Անգարայի պատմական ամրոցի տարածքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւն մը վաճառքի հանուած է:
Ըստ «Նիուզ»-ի՝ թրքական Hurriyet-ը կը փոխանցէ, որ Անգարայի ամրոցին մէջ գտնուող շինութիւնը վաճառքի հանուած է 12 միլիոն լիրայով (2միլիոն տոլար):
Կը նշուի, որ յիշեալ շինութիւնը դեռ 1555-էն կը յիշատակուի որպէս հայկական եկեղեցի։ Շէնքը գրանցուած է որպէս եկեղեցի եւ գնորդը պէտք է միայն զբօսաշրջութեան համար օգտագործէ զայն:
yerakouyn.com/2019/06/04/թուրքիոյ-մայրաքաղաքին-մէջ-հայկական-ե/