Թուրքիոյ Դատախազութիւնը Հետաքննութեան Սկսած է Ցեղասպանութեան Անդրադարձած Գրող Էլիֆ ՇաֆաքիԴէմ

03 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – Թուրքիոյ դատախազութիւնը:

Թուրքիոյ դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած է շարք մը գրողներու, որոնց մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային անդրադարձած «Ստամպուլի ընկեցիկը» գիրքի հեղինակ Էլիֆ Շաֆաքի նկատմամբ, կը յայտնէ The Guardian–ը:

Ըստ աքթիւիսթներու` սա իշխանութիւններու կողմէ ազատ խօսքի իրաւունքի խոչընդոտման փորձ է:

Իշխանութիւնները հետաքննութեան սկսած են այն գրողներու նկատմամբ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՛անդրադառնան վիճայարոյց թեմաներու մասին, օրինակ՝ երեխաներու նկատմամբ սեռական բռնութեան, մանկապղծութեան: Անոնք կը մեղադրուին այդ երեւոյթները խրախուսելու մէջ:

Մասնաւորապէս Էլիֆ Շաֆաք նշած է, որ վերջին երկու օրուան մէջ սպառնալիքներով հազարաւոր հաղորդագրութիւններ ստացած է: Հեղինակը զարմացած է, որ երեխաներու նկատմամբ սեռական բռնութեան բարձր մակարդակ ունեցող երկրի իշխանութիւնները այդ խնդրի լուծման ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու փոխարէն, կը հետապնդեն խնդրի մասին բարձրաձայնող գրողները:

«Սա մեծագոյն ողբերգութիւնն է: Այս ամէնը վերածուած է վհուկներու որսի»,-նշած է ան:

The Guardian-ը կը յիշեցնէ, որ 2006-ին Շաֆաք դատարանի առջեւ կանգնած էր «թրքականութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանքով: Այն ժամանակ դատարանը զայն կը մեղադրէր «Ստամպուլի ընկերցիկը» վէպին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելուն համար:

yerakouyn.com/2019/06/03/թուրքիոյ-դատախազութիւնը-հետաքննութե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail