06 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայկական արտադրութեան «Ադամեան» հեռատեսիլները արդէն վաճառքի հանուած են։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան Facebook-եան պաշտօնական էջը:
Գործարանի 14 աշխատակիցները օրական կը հաւաքեն մինչեւ 300 հեռատեսիլ: Առայժմ հեռատեսիլները smart չեն, սակայն այսուհետեւ պիտի արտադրուին նաեւ smart տարբերակով:
Նշենք, որ նախապէս ՀՀ կեառավարութիւնը ընկերութեան տրամադրած էր մաքսային արտօնութիւն։ Դեկտեմբերին բացուած գործարանը առաջին արտադրանքը պատրաստած է Մայիսին: Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն գործարարները $4.5 միլիոնի ներդրում ըրած են: Կը նախատեսուի եւս $10 միլիոնի ներդրում:
yerakouyn.com/2019/06/06/հայկական-ադամեան-հեռատեսիլները-ար/