06 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ:
Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին` զօրավար Միշէլ Աունի դուստրը Միրէյ Աուն, ընկերակցութեամբ նախագահին բարձրաստիճան խորհրդականներէն մէկուն: Հանդիպման նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի բարերարներէն Սուրէն Վարդանեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան եւ անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց երկար տարիներէ ի վեր Փարիզ հաստատուած սրտաբան ու գրագէտ Տոքթ. Նապիլ Նաամա: Ան, վերջերս հրատարակած է ֆրանսերէն լեզուով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրք մը, որ բաւական արձագանգ գտած է ֆրանսախօս շրջանակներէն ներս:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կատարուող աշխատանքներուն:
hayernaysor.am/cl/archives/313740