Նամակ երկրէն – Մտորումներ՝ Ռուսներու եւ Քաղաքական Միտքի Սնանկութեան Մասին

06 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ– ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Նամակ երկրէն / ՆԱԽՈՐԴԸ /

Մէկը չկայ ըսող, ես պիտի ըսեմ։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն առաջին եւ ամենաշատ դժգոհ երկիրը՝ Ռուսաստանն է։ Ժողովրդային շարժում, յեղափոխութիւն, ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, ազատութիւններ, արդարադատութիւն ու չգիտեմ ինչ՝ մէկ ղրուշի արժեք չունին Ռուսաստանի փտած ու կայսերականութեան նոստալգիայով ապրող քաղաքական վերնախաւին համար։

Նոյնիսկ իր սեփական քաղաքացիին բարօրութիւնը առաջնահերթութիւն չհամարած Ռուսաստանի համար՝ հայ մարդը ոչ մէկ արժեք ունի։ Հայը ընդունելի է այնքան ժամանակ, որքան որ ան կը ծառայէ իր կայսերական շահերուն՝ ճակտի քրտինքն ու արիւնը ի սպաս դնելով Քրեմլինի տնտեսական ու ռազմաքաղաքական ախորժակներուն։ Հայաստանն ալ ընդդամէնը տարածք է, կարեւոր տարածք, Ռուսաստանի շրջանային եւ միջազգային ռազմավարական առաջադրանքներու իրականացման ճամբուն վրայ։ Ռուսին համար, Հայաստանը հայու անփոխարինելի հայրենիքի իմաստ եւ արժեք չի կրնար ունենալ, չէ ունեցած եւ չունի։

Ռուսատանն էր, որ Օսմանեան կայսրութեան դէմ երեք անգամ պատերազմացաւ, երեք անգամ հայերը քաշեց տարաւ պատերազմի դաշտ, ու երեք անգամ ալ հայերուն ԱՌԱՆՁԻՆ լքեց օսմանցիներուն դէմ՝ ռազմաճակատէն հեռանալէն յետոյ, հայկական արիւնն ու քրտինքը լաւագոյնս չարաշահելէ ետք։

Ռուսաստանն էր, որ 1900-ականներու սկիզբը փակեց հայկական դպրոցները կայսրութեան ամբողջ տարածքին եւ բռնագրաւեց Հայ Եկեղեցւոյ կալուածները։
Ռուսաստանն էր, որ 1905-ին հրահրեց հայ-թաթարական բախումները եւ արտօնեց, որ թուրք-թաթար խուժանը փոկրոմներ ու ջարդեր կազմակերպէ։ Ու շարժեցաւ միայն այն ատեն, երբ օրուան յեղափոխական ուժերը, Նիկոլ Դումանի նման դաշնակցական փորձառու ֆետայիներու առաջնորդութեամբ, արժանի հակահարուած հասցուցին թուրք խուժանին։

Ռուսաստանն էր, որ հալածանք սկսած էր գաղտնաբար թրքահայաստան զէնք տանող հայ յեղափոխականներուն դէմ եւ շարունակեց հալածանքը անդադար՝ հազարաւոր հայ յեղափոխականներ, ներառեալ՝ ապագայ Անկախ Հայաստանի դաշնակցական եւ այլ առաջնորդները, ձերբակալելով եւ աքսորելով Սիբիր եւ այլուր…

Ռուսաստանն էր, որ Համաշխարհային առաջին պատերազմին, Արեւմտահայաստանը գրաւելէ ետք, հայ բնակչութիւնը բազմաթիւ անգամներ առանձին թողեց օսմանեան բանակին առջեւ, ազատագրած տարածքներէն շարունակաբար նահանջելով ու վերադիրքաւորելով, տեղատւութեան եւ մակընթացութեան խաղեր խաղալով։

Ռուսաստանն էր, որ Կարսը, Նավիջեւանը, Արցախը եւ այլ տարածքներ յանձնեց թուրքերուն։

Այսօր, Ադրբեջանի զէնքի գլխաւոր մատակարարը՝ Ռուսաստանն է։ Ռուսաստանն էր, որ 90-ականներու սկիզբը, արգիլեց հայկական զօրքերու յառաջխաղացքը եւ այդպէսով՝ փրկեց Ադրբեջանը ամբողջական փլուզումէ։

Ռուսաստանն է նաեւ ռուսահայ օլիգարխիայի տէրն ու տիրականը եւ այդ ճամբով՝ ի գին հայրենիքի հայաթափման նոր գաղութարարութեան օրակարգը առաջ տանողը։

Ռուսաստանն է գազբրոմով եւ ելեկտրացանցերով եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այլ ենթակառոյցներու ու ծառայութիւններու վրայ ամբողջական հակակշիռով՝ Հայաստանը պատանդի կարգավիճակի մէջ պահողը։
Հայաստան՝ առանց հայու տերմինը կը պատկանի Ռուսաստանին։

Այսօր՝ Ռուսաստանն է հովանաւորը բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն խանգարել Հայաստանի եւ Արցախի միասնականութիւնը, կը փորձեն քաոս ստեղծել մեր հայրենիքին մէջ եւ հրահրել հակապետական, բոլշեւիզմ յիշեցնող գործունէութիւն։
Ռուսաստանն է, որ ոտնակոխ կ՚ընէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը՝ Հայաստանէն փախած եւ օրէնքով պահանջուած գողերուն եւ ոճրագործներուն պատսպարան դառնալով։

Ռուսաստանը այսօր Հայաստանի ներքին եւ արտաքին բարդ խնդիրներու գլխաւոր ճարտարապետն է եւ մենեջըրը։ Իսկ մենք եւ մեր երեխաները խաղալիք՝ Մոսկուայի կայսերական քաղաքական մրցակցութիւններու դաշտին վրայ։
Այդպէս էր անցեալին, այդպէս է այսօր։

Բայց այսօր, ինչպէս եւ անցեալին, ճակատագրի դառն հեգնանքով, Ռուսաստանը էր եւ է մեր ռազմավարական դաշնակիցը։

Իսկ մենք մեր ճակատագիրը կամա-ակամա կապած ենք պետութեան մը, որուն հետ դաշնակցած երկիրները՝ քազախ ու թուրքմէն, տաճիկ ու խըրխըզ, բռնապետական են, միապետութիւններ են, ազատ ու արդար չեն։ Ասոնցմէ ո՞ր մէկը կ՚ընդունի մեր յայտարարած նոր արժեքները՝ ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն, ազատ եւ իրաւունքի տէր քաղաքացի…

Ռուսաստանի ղեկավարած այս ակումբին մէջ լաւագոյն պարագային մենք աչքի փուշ կրնանք ըլլալ։

Ռուսաստանը Հայաստանի մէջ կ՚ուզէ տեսնել իր իմիջով, իր պատկերով ստեղծուած կառավարելի եւ խամաճիկ իշխանութիւն։

Ցաւալին այն է, որ ոչ եւրոպացին, ոչ ամերիկացին, ոչ ալ հեռաւոր ճափոնցին ռուսէն աւելի լաւ են։ Բոլորը, ի վերջոյ, թքած ունին մեր ճակատագրին վրայ։ Մեր հարեւաններէն պարսիկը ինքը օգնութեան կարիք ունի, իսկ թուրքաշխարհի մէջ թրքական ֆաշիզմը նոր զարթօնք կ՚ապրի…

Բարդ է մեր վիճակը։ Ու հիմա ես երբ կը նայիմ մեր հասարակութեան, որոնք այս կամ այն չափով կ՚առաջնորդուին ապդակ քաշող, սեւ-ճերմակի բաժնող, «ես ծեծեցի»ով հպարտացող եւ այսօրինակ այլանդակութիւններով ներկայացող ղեկավարութեամբ՝ արդեն վիճակը աւելի քան ողբերգական կը համարեմ։
Ուրեմն, դեռ մենք երկար ժամանակ քաղաքական ուղեղի deficit-ով պիտի տառապինք… Ու պիտի մերժենք ժողովրդային շարժումներէ ետք մեր առջեւ բացուող այլընտրանքները։

Ուրեմն, այդպէս ալ թող մնանք, այլընտրանքներէ զրկուած, այլընտրանքային մտածողութիւնը մերժող, մենք մեր ճակատագրին հետ անհաշտ, բայց մենք մեզ մեր ճակատագրին պատանդ պահող, մեր ճակատագիրը անիծող, մեր սեւ ճակատագրէն պոկուիլ մերժող ու սեփական տեսակին ապդակով, ծեծող եւ ասֆալթին փռելով հպարտացող ժողովուրդ, մինչեւ… նոր յեղափոխութիւն ու դարձ ի շրջանս իւր…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail