Փաշինեանի Պատասխանը` Ազրպէյճանցի Լրագրողին. «Ինչպէ՞ս Կրնան Մարդիկ Գրաւել Այն Տարածքը, Ուր Իրենք Դարերով Ապրած Են»

08 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց ազրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումներուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վարչապետին ուղղուած հարցումներէն մէկուն մէջ, որ կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ազրպէյճանցի լրագրողը օգտագործեց ազրպէյճանական քարոզչութեան համար արդէն սովորական` «գրաւուած տարածքներ» արտայայտութիւնը: Ի պատասխան` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ.

«Ինչպէ՞ս կարելի է գրաւել տարածք մը այն մարդոց կողմէ, որոնք այնտեղ ծնած են, որոնց պապերն ու պապերուն պապերը այդտեղ ծնած են ու ապրած: Ինչպէ՞ս կարելի է այդ տարածքը գրաւել: Տարածք, ուր այս մարդիկը սերունդէ սերունդ, դարերով ապրած են. ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա ընդհանրապէս պատկերացնել»:

aztagdaily.com/archives/440518

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail