Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ

07 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, 6 Յունիսի երեկոյեան, Ս. Փեթերզպուրկի «Կոնստանտինեան» պալատին մէջ, հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

«Շատ ուրախ եմ ողջունել ձեզ եւս մէկ անգամ, այս անգամ՝ Փեթերզպուրկի մէջ»,- դիմելով Փաշինեանին՝ ըսաւ Փութին, դարձեալ ընդգծելով, որ Հայաստան Ռուսիոյ առաջատար գործընկերն է:

«Կասկած չունիմ, որ ձեզի համար հետաքրքրական եւ օգտակար պիտի ըլլայ մասնակցիլ Փեթերզպուրկեան միջազգային տնտեսական համաժողովի քննարկումներուն. ասիկա լաւ հարթակ է գործընկերներու հետ հանդիպելու, տնտեսական օրակարգի հարցեր քննարկելու եւ քաղաքական բնոյթի որոշ հարցերու շուրջ խօսելու համար»,- աւելցուց Ռուսիոյ նախագահը:

Ողջունելով Փաշինեանը՝ Փութին պնդեց, որ երկկողմ յարաբերութիւնները բնութագրելու կարիք չկայ. անոնք առանձնայատուկ ու ռազմավարական բնոյթ ունին:

«Մենք ատիկա պարբերաբար կ՝ընենք, բոլորովին վերջերս հանդիպած ենք ձեր հետ ու շատ հարցեր քննարկած: Ուղղակի յիշեցնեմ, որ Ռուսիան Հայաստանի առաջատար առեւտրատնտեսական գործընկերն է, որուն բաժին կը հասնի Հայաստանի արտաքին առեւտուրի 26 տոկոսը, ռուսական ուղղակի ներդրումները Հայաստանի մէջ կը կազմեն մօտ 2 միլիառ տոլար: Ատիկա եւ այլ հարցեր կը վկայեն մեր յարաբերութիւններու առանձնայատուկ, ռազմավարական բնոյթի մասին»,- ըսաւ նախագահ Փութին:

Հայաստանի վարչապետը, իր հերթին, ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Ռուսիա ռազմավարական դաշնակիցներ են, եւ երկկողմ յարաբերութիւնները կը զարգանան կայուն եւ համաչափ կերպով:

«Առաջին անգամ հանդիպած ենք մէկ տարի առաջ, եւ այս ընթացքին՝ պարբերական շփումներով, փաստացի խօսած ենք մեր ընդհանուր օրակարգի բոլոր հնարաւոր հարցերուն շուրջ: Մեր յարաբերութիւնները ռազմավարական են, դաշնակցային, ինչպէս դուք ըսիք, եւ ատիկա կը վերաբերի ոչ միայն երկկողմ կապերուն: Մենք նաեւ աշխոյժ կերպով կը համագործակցինք ԵԱՏՄ-ի, ԱՊՀ-ի ու ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս: Եւ ես կը կարծեմ, որ բոլոր այս ուղղութիւնները մեր երկիրներուն համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին»,- ըսաւ Փաշինեան:

Խօսելով համագործակցութեան մասին, Փաշինեան նաեւ վկայաբերեց անոր շօշափելի արդիւնքները:

«Մենք այս տարի բաւական լաւ տնտեսական ցուցանիշներ ունինք, առաջին եռամսեակին տուեալներով տնտեսութեան աճը կազմած է 7.1 տոկոս, Ապրիլին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը հասած է 9.2 տոկոսի: Ես այս մասին կ՝ըսեմ, քանի որ այս ցուցանիշները դրական նշանակութիւն ունին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան համար, քանի որ մեր տնտեսական ցուցանիշները մեծ մասամբ կապուած են ԵԱՏՄ-ի մէջ մեր համագործակցութեան ու ռուսական շուկաներ մտնելու՝ հայ գործարարներու հնարաւորութեան հետ: Ասիկա շատ կարեւոր է, եւ ես յոյս ունիմ, որ մենք պիտի յաջողինք որոշ հարցերու մէջ կայացնելու այնպիսի որոշումներ, որոնք չեն կոտրեր այս աճին թափը»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը Փաշինեան չմանրամասնեց, սակայն, իր խօսքին վերջաւորութեան անդրադարձաւ Հայաստան այցելող ռուս զբօսաշրջիկներուն՝ պնդելով, որ «այսպիսի շփումները կարող են նպաստել մեր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնների զարգացմանը»:

Լրագրողներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, երկու ղեկավարները հանդիպումը շարունակեցին փակ դռներու ետին:

Հանդիպման նախաշեմին, Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով նշած էր, որ կողմերը պիտի քննարկեն հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր:

Հանդիպումի աւարտին, վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Կարապետեան լրագրողներու յայտնեց. «Այսօր վարչապետը հանդիպեց ՌԴ նախագահ Վլադիմիր Պուտինի հետ: Սա կանոնաւոր հանդիպումների շարքում է: Վերջերս նոյնպէս Նուր Սուլթանում տեղի ունեցաւ երկկողմ աշխատանքային հանդիպում Պուտինի հետ, եւ այսօր արդէն՝ պաշտօնական հանդիպում: Անդրադարձան երկկողմ օրակարգի բոլոր հարցերին, մասնաւորապէս՝ տնտեսական համագործակցութեանը: Խօսք եղաւ նաեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ծրագրերի վերաբերեալ, եւ կողմերն ընդգծեցին նախ դրա արդիւնաւէտ շարունակութիւնը, նաեւ ամփոփեցին այն ձեռքբերումները, արդիւնքները, որ վերջին հանդիպումների ժամանակ պայմանաւորուածութիւնների արդիւնքում իրականացուեցին»:

Վարչապետի մամլոյ խօսնակը նշեց, որ կողմերը անդրադարձան Արցախի հակամարտութեան հարցին, սակայն հարցերը գլխաւորաբար կը վերաբերէին տնտեսական օրակարգին:

«ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին վերաբերեալ մանրամասն քննարկում չէ եղած, պարզապէս նշուած է, որ կայ ընդհանուր ըմբռնում այս խնդիրին վերաբերեալ»,- նշեց մամլոյ խօսնակը:

Ըստ Կարապետեանի՝ հանդիպումը անցաւ շատ բարեկամական մթնոլորտի մէջ:

«Մթնոլորտը շատ բարեկամական էր, կողմերը տրամադրուած էին լուծումներ տալու բոլոր այն հարցերուն, ուր կայ հետաքրքրութիւն: Եւ յանձնարարականներ տրուեցան նաեւ թէ՛ միջկառավարական յանձնաժողովին՝ շարունակելու աշխատանքները, թէ՛ յատուկ խումբեր ձեւաւորելու՝ նաեւ այլ հարցերու շուրջ, ուր կայ յստակ արդիւնքներ ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւն»,- ըսաւ Կարապետեան:

yerakouyn.com/2019/06/07/16788/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail