11 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:
Յունիս 16-ին տեղի պիտի ունենայ Տիարբեքիրի Էղիլ շրջանի իսլամացուած հայերու մասին պատմող «Թաքնուած խաչ» վաւերագրական ֆիլմին շնորհանդէսը: Լրագրող Ալթան Սանջարի բեմադրութեամբ նկարահանուած ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի մշակոյթի ու համաժողովներու կեդրոնին մէջ, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը:
Ֆիլմին նկարագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «էղիլը մինչեւ 1915 թուականը հայերով բնակուած եւ հայկական մեծամասնութեամբ շրջաններէն մէկն էր Տիարպեքիրի մէջ: 1915-ին եւ ատկէ ետք տեղի ունեցած կոտորածներէն ու բռնագաղթէն ետք հայկական մշակոյթը ամբողջութեամբ ջնջուած է այնտեղէն, ողջ մնացած հայ երեխաներն ու մնացած հայ բնակչութիւնը իսլամացուած է:
Հասարակութեան կողմէ «իսլամաուած հայեր» կոչուող բնակչութեան 1-ին եւ 2-րդ սերունդները կը շարունակեն ապրիլ իրենց ինքնութենէն հեռացած: Էղիլի մէջ, ուր վերջին տարիներուն իրականացուող ուսումնասիրութիւններու, հաղորդումներու ու ժողովներու արդիւնքով շատցած են ինքնութեան փնտռտուքները, սկսած է ի յայտ գալու «հայկականութեան հանգամանքը»:
Երկու մասէ բաղկացած ֆիլմի առաջին մասը աւելի շատ կեդրոնացած է 1915 թուականին այստեղ տեղի ունեցած կոտորածներու վրայ, իսկ 2-րդ մասը կը պատմէ ինքնութեան ճգնաժամի, վերքերու ու փնտռտուքներու մասին:
Լրագրողներ Ալթան Սանջարն ու Սերհաթ Թեմելի 1 տարուան աշխատանքներու հիման վրայ նկարահանած ֆիլմը նպատակ ունի, Թուրքիոյի ժողովրդավարացման մէջ մեծ կարեւորութիւն ունեցող 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրակարգ բերելով, կազմակերպել անոր առերեսումը, որ կանգնած է Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ:
Yerakouyn.com/2019/06/10/իսլամացուած-հայերու-մասին-ֆիլիմին-շն/