ՏԵՍԱԿԷՏ
ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ Է. ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ
Անհրաժեշտ է իրապաշտ ըլլալ երբ խնդիրը կը վերաբերի քրտական հարցին: Դիտեցէք այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քարտէսը եւ պիտի տեսնէք որ մեր հազարամեայ պապենական հողերուն վրայ (Արեւմտահայաստան) կ’ապրին աւելի քան 15 միլիոն քիւրտեր (եթէ ոչ աւելի), որոնց անբաժան մէկ մասնիկն են նաեւ՝ քրտացած մեր հայազգի եղբայրներն ու քոյրերը , որոնք կամայ-ակամայ ենթարկուած են իմացական-հոգեբանական եւ շատ յաճախ ֆիզիքական ցեղասպանութեան եւ հետեւաբար պարտադրուած` թաքուն ապրելու:
Մուսթաֆա Քեմալ-ի նորահաստատ հանրապետութիւնը քիւրտերուն կատարած «ազնիւ գործի մասնակցութեան,» այլ խօսքով՝ հայոց ցեղասպանութեան իրենց գործօն մասնակցութեան դերին համար՝ զիրենք վարձատրեց որդեգրելով քրտական անընդմէջ եւ շարունակական բնաջնջումի քաղաքականութիւնը:
Քիւրտերը որոնք կը կարծէին եւ կամ կ’երազէին տիրանալ որոշ ինքնավարման եւ անկախութեան, երբեք չէին ակնկալեր որ պիտի դառնային յաջորդ ցեղասպանութեան թիրախը:
Տէրսիմի Զազա-Ալեւիական ապստամբութիւններուն որպէս հետեւանք, Քեմալական կառավարութիւնը տասնեակ հազարաւոր քիւրտեր ջարդեց, որոնց մէջ կային նաեւ քրտացած թաքուն հայեր: Եւ տակաւին, աւելի ետք, Իսմէթ Ինէօնու-ի իշխանութեան օրով, ցեղային-կրօնական փոքրամասնութիւններու հանդէպ կիրարկուած պարտադիր հարկային օրէնքը (ունեւորութեան հարկ-Վարլըք Վէրկիսի), անգամ մը եւս եկաւ հարուածելու իսլամացած հայութեան բեկորները: Հարկային այս անհեթեթ օրէնքի դաժան գործադրութեամբ, բռնի կրօնափոխութեան նոր ալիք մը յառաջացաւ:
Յաջորդաբար՝ Ճելալ Պայար-ի նախագահութեան եւ Ատնան Մենտերէս-ի վարչապետութեան շրջանին, հակահայ եւ հակայոյն բռնարարքներուն զոհ դարձան նաեւ պատմական Արեւմտահայաստանի «թաքուն» հայերը: Միայն 1984 թուականէն սկսեալ Ապտիւլլա Օճալան-ի (Աբօ) ղեկավարութեամբ սկսած զինեալ պայքարը նոր երանգ տուաւ քրտական դատին, եւ սակայն պատճառ դարձաւ որ թուրք պետութիւնը երեք միլիոն քիւրտ բնակչութիւն տեղահան ընէ արեւելեան նահանգներէն: Թուրքական պաշտօնական արխիւներու համաձայն, 2400 գիւղ եւ 1500 գիւղակ ամբողջութեամբ պարպուեցան քրտաբնակ ժողովուրդէն:
Կասկածէ վեր է որ պատմական Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող քիւրտերուն այս զարթօնքը իր անդրադարձը պիտի ունենար նաեւ թաքուն հայերուն վրայ: Ահաւասիկ գլխաւոր պատճառներէն մէկը խեղաթիւրուած ճշմարտութեան, երբ կը կարդանք թուրքական մամուլին մէջ որ քրտական զինեալ պայքարի մարտիկներուն մեծամասնութիւնը ծպտեալ հայեր են: Թուրք պետութիւնը եկած է այս եզրակացութեան՝ քննելէ ետք կարգ մը զոհուած մարտիկներու դիակները, եւ այնտեղ նկատած է որ անոնցմէ շատեր չեն թլփատուած, եւ հետեւցնելով՝ յայտարարած է թէ անոնք ծպտեալ հայեր են, որոնք կ’ուզեն վերականգնել իրենց «երազային հայրենիքը»:
Այնքան յառաջ գացին թուրքական քաղաքականութեան պաշտօնական մեկնաբանութիւնները, որ նոյնիսկ «Մէյտան» թերթին մէջ կը կարդանք որ «քրտական հարց գոյութիւն չունի, այլ միայն կայ հայկական հարց»: Աւելի «շնորհալի», չըսելու համար ծիծաղելի, յայտարարութիւններ կատարեց նաեւ թուրք պատմաբան Հալաճօղլուն որ կը պնդէր թէ ՔԱԿ-ի ահաբեկչական խումբերու անդամները, բոլորն ալ հայկական ծագում ունին: Հալաճօղլու կը պնդէ թէ ո’չ միայն քրտական դատի գործիչներէն Սըրրը Սաքըք հայ է, այլեւ՝ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն 80 տոկոսը հայ է ու կ’եզրափակէ ըսելով. «Անոնք թուրքական անուններ եւ մասնաւորաբար թուրքական մականուններ առնելով, իրենք զիրենք թաքցուցած են»: Հեգնա՞նք….
Անհրաժեշտ չենք գտներ աւելի մանրամասնելու թուրք մամուլին մէջ լոյս տեսած ամբաստանութիւններու, կեղծ մեղադրանքներու եւ կեղծիքներու հսկայ թիւով յայտարարութիւնները, ուր մանրամասնօրէն եւ անուններով կը նշուին ՔԱԿ-ի գործօն ղեկավարներ որոնք հայկական ծագում ունին, նամանաւանդ Տիգրանակերտի շրջանէն – Կարպիս Ալթինօղլու, Ռազմիկ Յակոբեան, Սիմոն Կոստանեան, Արմենակ Պաքարճեան (ճանչցուած նաեւ որպէս Օրհան Պաքիր), Նուպար Եալիմ (սպաննուած Ամսդերտամի մէջ, թուրք գաղտնի սպասարկութեան կողմէ 1982-ին), Մանուէլ Տէմիր (զոհուած Պոլսոյ մէջ 1988-ին) եւ ուրիշներ: Ահաւասիկ այս անուններն են եւ անոնց մարտընկերները որոնք լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառեն թուրք կառավարութեան:
Այսօր թուրքական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ քրտական հարցին, եւ անպայման անոր զուգահեռ եւ անոր մէկ բաժինը կը նկատէ թաքուն հայերու վերաշխուժացումը որ, ըստ թուրքական պետական յայտարարութեանց, կրնայ վերածուիլ ազգային գիտակցութեան եւ վերազարթօնքի զօրաւոր շարժումի: Հանգուցեալ Հրադ Տինքի համաձայն, աւելի քան մէկ միլիոն թաքուն հայեր կ’ապրին այսօր Արեւմտահայաստանի տարածքին մէջ, չհաշուած Համշէնահայութեան եւ Պոնտահայութեան հարիւր հազարնոց տոհմական խումբերը, որոնք մեծ մասամբ տակաւին կ’ապրին իրենց պապենական հողերուն վրայ, թէեւ իսլամացած:
Ահաւասիկ այս անառարկելի ճշմարտութիւնն է որ կեդրոնական ուշադրութեան առարկան դարձած է թուրք պետութեան քաղաքականութեան: Շատ յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք զանազան ծայրայեղական թուրք կազմակերպութիւններու հայատեաց յայտարարութիւնները. հայերը կը կազմակերպուին, անհաւատները (հայերը) աշխատանք կը տանին իրենց եկեղեցիները վերաբանալու, հայերը պիտի վերադառնան եւ պահանջեն իրենց պապենական կալուածները: Ահաւասիկ նման յատարարութիւններու նպատակն է ստեղծել այնպիսի անհանդուրժողական մթնոլորտ Թուրքիոյ մէջ, որպէսզի համասփիւռ հայութիւնը նման երազներ չունենայ: Տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ մի քանի շաբաթներ առաջ՝ Կարսի ծայրայեղական խմբակի ներկայացուցիչ՝ Ատըկիւզէլ-ի յայտարարութիւնը, Տիգրան Համասեանի Անիի աւերակներու համերգին առիթով արտասանուած ատելավառ խօսքերը. «Մենք լաւ գիտենք թէ հայերը ինչ ընել կ’ուզեն այսպիսի ձեռնարկներով», եւ հետեւցնելով ըսած էր. «Մենք ալ Կարսի փողոցներուն մէջ հայ որսա՞նք»:
Նման հայատեաց զգացումներ դրսեւորուած էին նաեւ անցեալին, եւ մօտէն հետեւած էինք Թուրքիոյ 1980ական թուականներու զինուորական-քաղաքական նոր ախորժակներուն, որուն անգամ մը եւս զոհ դարձան հայեր՝ նամանաւանդ քրտացած հայեր Տիգրանակերտի նահանգին մէջ: Վստահաբար մեզմէ շատեր կը յիշեն երբ այս նոյն զինուորական վարչակարգը Պոլսոյ Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանը պատասխանատուութեան կանչեց բացայայտելու ա՛յն յերիւրեալ վարկածը, թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միաբան՝ Մանուէլ Վրդ. Երկաթեան, յատուկ առաքելութեամբ Տիգրանակերտէն քրտացած աշակերտներ կը հաւաքէր, տանելու Երուսաղէմ եւ այդտեղ պատրաստելու «յեղափոխականներ»: Այսպիսի կեղծ մեղադրանքներու զոհ գնաց Հայր Երկաթեան, որ երկա՜ր տաիներ հիւծեցաւ թուրքական բանտերուն մէջ եւ մենք ազգովին դժբախտաբար ոչինչ կրցանք ընել, փրկելու ազնիւ հոգեւորականը:
ՔԱԿ-ի զինեալ պայքարի դէպքերը պատճառ դարձան որ Թուրքական քաղաքական քարոզչամեքենան զանազան կերպերով, թէեւ անյաջող, բացայայտել փորձեց ՔԱԿ-ի ղեկավարութեան հայկական ծագումը: Նոյնիսկ Աբօ Օճալան-ի համար ըսուեցաւ որ քիւրտ չէ, այլ հայ է եւ իր իսկական անունն ալ Յակոբ Արթինեան է: Բացի Օճալան-էն, ծագումով հայ ըլլալու մեղադրանք կատարուած էր նաեւ ՔԱԿ-ի ա՛յլ պատասխանատուի մը՝ Պեհճեթ Ճանթուրք-ի հասցէին, ըսելով որ ան Տիգրանակերտցի է, թէեւ հայրը քիւրտ՝ բայց մայրը հայ:
Այնքա՛ն առասպելական պատմութիւններ կը կարդանք թուրքական մամուլին մէջ, որ թէեւ զարմանք կը պատճառէ բայց քիչ մըն ալ մտածել կու տայ ըսուածներուն մասին: Օրինակի համար, Թուրքական բանակի պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ կը կարդանք, որ «ՔԱԿ-ի ամէն եօթներորդ անդամը Հայ է»: Ահաւասիկ այսպիսի պետական եւ այլ լրատուութիւններ կը փաստեն որ թուրքական պետական մտածողութեան մէջ կան լուրջ մտահոգութիւններ հայկական հարցի նկատմամբ… գող, սիրտը դող:
Որքան ալ նոր զարթօնք մը կ’ապրին մեր թուրքացած եւ քրտացած եղբայրներն ու քոյրերը, եւ անոնց ձայնակցող մշակոյթի, արուեստի եւ քաղաքական գործիչներու ակնառու ներկայացուցիչները, այդ բոլորով հանդերձ կան նաեւ բազմաթիւ ա՛յլ երեւոյթներ եւ քաղաքական ազդակներ որոնք մեզի կը պարտադրեն լրջօրէն մօտենալու Քրտական հարցին, որուն միախառնուած եւ միաձուլուած է հայկական հողային պահանջատիրութեան հարցը:
Ակներեւ է որ Թուրքական պետութեան քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է պարտութեան մատնել քրտական ապստամբութիւնը. իրողութիւն մը որ մինչեւ այսօր չյաջողեցաւ: Ներկայիս՝ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան-ի կառավարութիւնը քրտական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր մարտավարութիւնը փոխեց յայտարարելով, որ «մենք պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ մինչեւ վերջ, բայց պիտի բանակցինք անոնց հետ, որոնք կը նախընտրեն քաղաքականութիւնը: Անոնք որոնք կը նախընտրեն քաղաքականութիւնը, կրնան մեզի հետ խօսիլ, միւսները՝ ո’չ»:
Ահաւասիկ այս կեղծ յայտարարութիւններու կողքին եկաւ աւելնալու Էրտողանի «սրտամորմոք» ներողամտութեան հայցը 1936-1939 թուականներուն տեղի ունեցած Տերսիմի ջարդերուն համար: Նոյն ատեն որոշ թոյլտուութիւններ շնորհեց քրտական փոքրամասնութեան մշակութային իրաւունքներու: Օրինակի համար, քրտերէն հաղորդումներ պետական պատկերասփիւռէն: Եւ սակայն՝ քիւրտերուն ուզածը ինքնավարութիւն է եւ քրտերէն լեզուի ուսուցուման իրաւունքը վարժարաններէ ներս:
Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են նոր ոյժեր՝ նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով: Անկասկած որ յառաջիկայ տարիներուն՝ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք Միջին Արեւելքի նոր քարտէսին հետ, որուն մէջ իր կարեւոր տեղը պիտի ունենայ նորաստեղծ Քիւրտիստանը որուն անբաժան մէկ բաժինը պիտի ըլլայ նաեւ, ուզենք թէ չուզենք, Արեւմտահայաստանի պատմական հողերուն մէկ մասը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր մարտավարութիւնը եւ ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի տանինք այժմէն մեր կապերը սերտացնելու քիւրտ ղեկավարութեան հետ եւ ի՞նչպիսի ակնկալիքներ կրնանք ունենալ մեր հայրենի պետութենէն իբրեւ մեր հողային պահանջատիրութեան ռահվիրան:
Արեւմտահայաստանի հայկական գիտակցութեան հասունացումով, կարելի պիտի ըլլայ անոնց վերահայացումը եւ հետեւաբար՝ անոնց ճակատագրի հարցը հրամայական առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ մեզի համար: Այդ հսկայական ներուժը որ իր զարթօնքը կ’ապրի այսօր, եթէ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան մատնուի մեր կողմէ, կրնայ շահարկուիլ կամ օգտագործուիլ մեր թշնամիններուն կողմէ ի հեճուկս մեր արդար դատին, իսկ եթէ գիտակցութիւնն ու արթնամտութիւնը ունենանք այդ ներուժը գործածելու, այդ պարագային ան կրնայ վերածուիլ պատկանելիութեան գիտակցութեան եւ վերազարթօնքի անխորտակելի ազգային շարժումի որ ժամանակի ընթացքին պիտի կարենայ յաղթահարել իրեն առջեւ ցցուած բոլոր խոչընդոտները:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
24 Օգոստոս 2015
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (51) Հոկտեմբեր 2015